Շաբաթ Օր Հանրապետական Կուսակցութիւնը Իր Որոշումը Պիտի Տայ Նախագահական Ընտրութեան Գծով
Հանրապետական կուսակցութեան շաբաթ օրը տեղի ունենալիք համագումարի օրակարգին վրայ ընդգրկուած է ընդամէնը մէկ հարց. յառաջիկայ նախագահական ընտրութիւններուն ընթացքին կուսակցութեան թեկնածուի առաջադրումը:
Համագումարը պէտք է որոշում տայ Հայաստանի Հանրապետութեան գործող նախագահ, Հանրապետական կուսակցութեան ղեկավար Սերժ Սարգսեանի թեկնածութիւնը առաջադրելու մասին:
Նախագահը պիտի ներկայացնէ իր ծրագիրը, որուն յաջորդող խօսքերէն ետք համագումարը պիտի տայ իր որոշումը: Հանրապետական կուսակցութեան կազմակերպչական յանձնախումբի նախագահ Ռուբէն Թադեւոսեան հաղորդեց, որ համագումարին հրաւիրուած են 60-էն աւելի կուսակցութիւններու եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներ: Խորհրդարանական ուժերէն այս պահուն հրաւիրուած են միայն համաձայնական կառավարութեան անդամ Օրինաց երկիր կուսակցութիւնը եւ ընդդիմադիր Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:
Հանրապետականի նախկին համաձայնական կառավարութեան գործընկեր, Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան առաջնորդ Գագիկ Ծառուկեան, որուն գլխաւորած ուժը նախանցեալ օր վերջնականապէս մերժեց յառաջիկայ ընտրութիւններուն մասնակցիլ, իշխող կուսակցութեան համագումարին մասնակցելու հրաւէր չստացաւ: Այս մասին տեղեկացուց Ծառուկեանի բանբեր Իվեթա Տոնոյեանը: Հանրապետական կուսակցութիւնն ալ հաստատեց, որ Բարգաւաճ Հայաստան կուսակցութեան հրաւէր չէ ուղարկուած, բայց իշխող կուսակցութիւնը առայժմ չի յստակացներ` Ծառուկեանը պիտի հրաւիրե՞ն, թէ՞ ոչ, եւ եթէ ոչ` ինչո՞ւ:

