Խմբագրական. 122 Տարի Առաջ Սկսած Գործը

ՀՅԴ Լիբանանի կազմակերպութիւնը, ուղեկից միութիւններով եւ համակիր զանգուածով այսօր կը տօնակատարէ Դաշնակցութեան օրը: Հայաստանի Հանրապետութեան վերանկախացումէն ետք օրինաչափ երեւոյթ դարձած է այն, որ Հայաստանեան մեր կառոյցը ուղղակի իր ներկայացուցիչով կամ Դաշնակցութեան Բիւրոյի ճամբով ներկայ ըլլայ Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութեան եւ խօսք փոխանցէ լիբանանահայութեան:

Այս մէկը անշուշտ անհրաժեշտութիւն է` նկատի ունենալով մեր կուսակցութեան գործունէութեան հայրենացման իրականութիւնը, անոր ունեցած ներդրումը Հայաստանի Հանրապետութեան պետականաշինարարութեան թէ քաղաքացիական հասարակարգի ձեւաւորման ընդհանուր աշխատանքներուն մէջ:

Հայաստանի Հանրապետութիւնը ընդհանրապէս մնայունօրէն ներկայ է մեր գաղութի կեանքին մէջ` քաղաքական, մշակութային, հոգեւոր, տեղեկատուական բնագաւառներով իբրեւ առանցք համահայկականութեան` արցախեան հակամարտութեան բանակցութիւններուն, ջաւախահայութեան իրաւունքներուն թէ առհասարակ դասական-նոր սփիւռքներու իրադրութիւններուն հետեւելու, տեղեկանալու, բայց նաեւ գործունէութիւն ծաւալելու առումներով:

Հայաստանեան խնդիրներուն մասին տեղեկացուածութիւնը նախ եւ առաջ անհրաժեշտ հրամայական է այսօր հայկական աշխարհի որեւէ անկիւն ապրող հայ մարդուն համար: Հայրենիքի զարկերակին կշռոյթներուն համընթաց շարժելու անյետաձգելի անհրաժեշտութեան առջեւ է համայն հայ հասարակութիւնը այսօր: Առանց այս առանցքային մտածողութեան, որեւէ մարզի մէջ արձանագրուած որեւէ իրագործում, նուաճում, յաջողութիւն կը մնայ դատապարտուած պարագայականութեան, գուցէ նաեւ անհետեւանքայնութեան սահմաններուն մէջ մնալու:

Դաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնը առիթ է նաեւ ազգային առումով համընդհանուր հնչեղութիւն ունեցող հայաստանեան խնդիրներուն մասին իրազեկուելու: Իմանալու, թէ ի՛նչ համապատկեր կը պարզուի այսօր մեր հայրենիքի քաղաքական դաշտին մէջ կարեւոր շրջադարձ համարուելու կոչուած նախագահական ընտրութիւններու նախօրեակին: Պատճառահետեւանքային ի՛նչ տեսակի հանգամանքներու արդիւնք են քաղաքական դաշտի ամայացման այսօրուան վտանգը, ընտրութիւններու կանխորոշուած ըլլալու համոզումին հող շահիլը, թափ ստացող արտագաղթի դէմ պայքարի միջոցներու առհասարակ բացակայութիւնը, ընկերային-տնտեսական իրավիճակի անմխիթար կացութիւնը եւ ընկերային խաւերու բեւեռացուած ուղղութիւնները: Ասոնք կարեւորագոյն խնդիրներու օրինակներ են, որոնք կապ ունին ազգի զարգացման ու հայրենիքի հզօրացման հետ:

Ու բնական է, որ ձեռնարկի մը սահմանած ժամանակի նեղ սահմաններուն մէջ այս բոլորի սպառիչ բացատրողականը չէ որ պիտի ակնկալէ Դաշնակցութեան օրուան բանախօսութիւններուն հետեւողը: Այնտեղ կը ներկայացուին ընդհանուր նախանիշերը` ինչպէս ներքին, այնպէս նաեւ արտաքին քաղաքականութիւններուն. երկրորդի պարագային նաեւ շրջափակուած մեր երկրի դիմագրաւած անմիջական ու հեռահար խնդիրները` արցախեան բանակցութիւններու այս հանգրուանի փակուղային վիճակը, հայ-թուրք յարաբերութիւններուն մէջ յամեցող նախապայմանականութիւնն ու անոր դիմաց տակաւին յետս չկոչուած արձանագրութիւններու վտանգաւորութիւնը:

Հայրենակեդրոն մտածողութեան նկատառումով Դաշնակցութեան օրուան ընթացքին կուսակցութեան Լիբանանի կազմակերպութիւնը կը ներկայացնէ իր անցած ուղիին արժեւորումը եւ յառաջիկային սպասուող իրադարձութիւններուն նախանիշերը: Լիբանանահայութեան պարզելու համար, թէ ի՛նչ միջոցառումներու կը դիմուի պահելու համար այս գաղութի կենսունակութիւնը, մարդուժի արտադրութեան համապատասխան պայմանները, քաղաքական վարքագիծի ինքնուրոյնութիւնը, համախումբ ու միասնական աշխատանք իրականացնելու մթնոլորտը, գործելու նոր եղանակներ որդեգրելու մեքենականութիւնը: Ու տակաւին արժեւորումը` սուրիահայութեան ներկայացուցած ռազմավարական նշանակութեան` թէ՛ հայրենամերձ աշխարհագրականութեամբ, թէ՛ հայատրոփութեամբ, թէ՛ աւանդական սփիւռքի կարեւորագոյն կռուաններէն հանդիսացած ըլլալու իր փաստով, եւ թէ՛ տակաւին հայկական աշխարհի ընդհանուր քարտէսին միջինարեւելեան համայնքներու մէջ իր ունեցած հսկայական աւանդով:

Այս բոլորը քաղաքական առաւել զգայնութիւն կը պահանջեն, երբ հարցերը կը դիտարկուին մեր գլխաւոր թշնամիի գերաշխուժ վիճակի, դրսեւորուած թիրախային աշխատանքներու եւ լայնածաւալ գործունէութեան լոյսին տակ:

Դաշնակցութեան օրը լուսարձակներ կը բանայ այս բոլոր հարցերուն վրայ: Բայց մանաւանդ կը գօտեպնդէ` նոր մարտահրաւէրներուն եւ նոր հրամայականներուն առջեւ վերանորոգ յանձնառութեամբ շարունակելու ԳՈՐԾԸ: 122 տարի առաջ սկսած Դաշնակցութեան ԳՈՐԾԸ:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )