Էն. Պի. Էյ. Ռեփթըրզ Կրեց Իր 6-րդ Յաջորդական Պարտութիւնը

Էն. Պի. Էյ.ի պասքեթպոլի ախոյեանութեան մրցումներուն ծիրին մէջ, երէկ տեղի ունեցած 13 ճակատումներուն ընթացքին, Պոսթըն Սելթիքս – Տալաս Մավըրիքս մրցումը միակն ըլլալով աւարտեցաւ երկարաձգումէն ետք` ի նպաստ Սելթիքսի, 117-115 արդիւնքով: Յաղթական կազմին մարզիկներէն Փոլ Փիրս նշանակեց 34 կէտ:

Թորոնթօ Ռեփթըրզ կրեց իր 6-րդ յաջորդական պարտութիւնը (12-րդը` վերջին 13 մրցումներուն) Պրուքլին Նեթցէն` 94-88 արդիւնքով:

Ստորեւ կու տանք երէկուան մրցումներուն արդիւնքները.

 

Պրուքլին Նեթց – Թորոնթօ Ռեփթըրզ 94-88
Աթլանթա Հոքս – Օրլանտօ Մեճիք 86-80
Քլիվլենտ Քաւալիրզ – Ինտիանա Փէյսըրզ 81-96
Շիքակօ Պուլզ – Ֆիլատելֆիա Սիքսըրզ 96-89
Լոս Անճելըս Քլիփըրզ – Շարլոթ Հոռնեթց 100-94
Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզ – Մայեմի Հիթ 97-95
Տալաս Մավըրիքս – Պոսթըն Սելթիքս 115-117
Սաքրամենթօ Քինկզ – Միլուոքի Պաքս 85-98
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Հիուսթըն Ռոքեթց 93-99
Նիւ Օրլինզ – Օքլահոմա Սիթի 88-92
Տենվըր Նակեթց – Մինեսոթա Վուլվզ 105-108
Մեմֆիս Կրիզլիզ – Ֆէոնիքս Սանզ 80-82
Սան Անթոնիօ Սփըրզ – Եութա Ճեզ 96-99

 

Ստորեւ կու տանք այսօր տեղի ունենալիք մրցումներուն յայտագիրը.

Աթլանթա Հոքս – Շարլոթ Հոռնեթց
Նիւ Եորք Նիքս – Լոս Անճելըս Լէյքըրզ
Փորթլենտ Թրէյլ Պլէյզըրզ – Սան Անթոնիօ Սփըրզ

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES