Ֆութսալ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Այսօր Կը Սկսին Դարձի Մրցումները

Լիբանանի ֆութսալի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան դարձի մրցումները կը սկսին այսօր, երբ տեղի կ՛ունենայ 12-րդ հանգրուանի բացման մրցումը` երեկոյեան ժամը 19:00-ին:

Դարձի մրցումներուն սկսումով պայքարը պիտի ըլլայ բաւական սուր` առաջնակարգ դիրքեր գրաւելու համար` նկատի ունենալով, որ անոնց աւարտէն ետք պիտի յստականան ֆայնըլ-ֆորի մրցումներուն իրենց տոմսերը ապահովող չորս խումբերուն անունները:

Թուաբանական հաշիւներով, եթէ պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Սատաքա ապահոված է ֆայնըլ-ֆորի իր տոմսը, անդին կը մնան մնացեալ երեքը:

Ստորեւ` 12-րդ հանգրուանի մրցումներուն յայտագիրը.

 

ՈՒՐԲԱԹ, 14 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Հալուսիէ – Պրուս Քաֆէ 19:00 Նեպիհ Պըրրի համալիր
Թրիփոլի Ֆիհաա – Ներքին ապահովութեան ուժեր 20:30 Էմիլ Լահուտ
ՇԱԲԱԹ, 15 ԴԵԿՏԵՄԲԵՐ
Սեն Ժոզեֆ – Էյ. Եու. Էս. Թի. 19:00 Սեն Ժոզեֆ
Օլ Սփորթց – Սատաքա 19:00 Էմիլ Լահուտ
Հատաֆ – Ժամհուր 21:00 Էմիլ Լահուտ

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES