Հայ Գիրքի Անդրանիկ Տպագրութեան Նուիրուած Ոգեւորիչ Հանդիսութիւն
Կազմակերպութեամբ Հայ կաթողիկէ Մեսրոպեան բարձրագոյն վարժարանի աշակերտական խորհուրդի տեղեկատուական խմբակին, ուրբաթ, 23 նոյեմբեր 2012-ին, կէսօրէ ետք ժամը 1:00-ին, «Ֆարաճեան» լսարանին մէջ տեղի ունեցաւ հայ գիրքի տպագրութեան 500-ամեակին նուիրուած հանդիսութիւն` մասնակցութեամբ երկրորդական դասարաններու աշակերտութեան:
Հանդիսութեան բացման խօսքը արտասանեց Սէրլի Պեսիլ, որ նշեց, թէ հայ տպագրութենէն 500 տարի ետք, հակառակ հաղորդակցութեան նոր միջոցներուն, համացանցին եւ այլ սարքերուն, գիրքերուն արժէքը կը մնայ անփոխարինելի: Պեսիլ ըսաւ, որ հայութիւնը եւ ի մասնաւորի հայ աշակերտութիւնը պէտք է շարունակէ մտահոգուիլ հայ գիրքով, որովհետեւ դաստիարակութեան, լեզուի զարգացման, նկարագրի կազմաւորումին եւ պատմութեան պահպանման լաւագոյն միջոցն է:
Տեղեկատուական խմբակին կողմէ պատրաստուած հայ տպագրութեան նուիրուած վաւերագրական տեսերիզի ցուցադրութենէն ետք Մարինէ Հալլաճեան ջութակով նուագեց «Կռունկ»-ը:
Օրուան պատգամախօսն էր Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան, որ ամփոփ կէտերու մէջ ներկայացուց հայ տպագրութեան պատմական արժէքն ու հայութեան համար կարեւորութիւնը: Հայր Թոփալեան ըսաւ, որ հայ գիրքը մարդու հոգին կը հարստացնէ եւ միտքը կը զարգացնէ: Իր խօսքի աւարտին Մեսրոպ վրդ. Թոփալեան ըսաւ, որ հայ աշակերտը հայ գիրքին հետ երբեք առանձին չէ, եւ յոյս յայտնեց, որ հայ աշակերտը ամբողջական կերպով կ՛արժեւորէ հայ գիրքը` զայն միշտ կարդալով եւ անոր մտերմանալով:
Գեղարուեստական յայտագիրի Բ. մասով Սթեֆանի Պալթայեան ասմունքեց Սիլվա Կապուտիկեանի «Խօսք իմ որդուն» բանաստեղծութիւնը: Հանդիսութեան աւարտին խօսք առաւ Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէն Կրեկուար Գալուստ, որ յայտնեց, թէ հայ աշակերտը իր պատմութեան հետ պէտք է ունենայ ամուր կապ, պէտք է հպարտ զգայ, որ ինք հայ է, եւ պէտք է գիտակցի, որ մեծ ժառանգութիւն ունի: Մեսրոպեան վարժարանի տնօրէնը նշեց, որ տեղեկատուական խմբակին կազմակերպած իւրայատուկ այս նախաձեռնութիւնը ոգեւորիչ էր ու գնահատելի:

