Նոր Տարուան Մաղթանքներ

Պատրաստեց՝ ՇՈՒՇԻԿ ՄԱՒԻՍԱԳԱԼԵԱՆ

Նոր տարուան առիթով մաղթանքներ կատարելը շատ հին սովորութիւն մըն է: Յստակ չէ, թէ ան ե՛րբ սկիզբ առած է, կամ ուրկէ՞ եկած է: Բայց մարդկութեան պատմութեան ընթացքին մենք կը հանդիպինք անոր` տարբեր դարերու եւ տարբեր շրջաններու մէջ:

Գտնուած են պապիրոսի վրայ գրուած մաղթանքներ` Եգիպտոսի փարաւոններու օրերէն: Չինաստանի մէջ երկար ժամանակ սովորութիւն էր բարձր դասակարգի ընտանիքներուն ղրկել բրինձի թուղթէ պատրաստուած այցելութեան քարտեր, որոնց վրայ գունաւոր մելաններով եւ գեղեցիկ ձեռագիրով գրուած էին ղրկող անձին անունը եւ պաշտօնը:

Որքան հասցէատէրը բարձր դասակարգի պատկանող անձ մը ըլլար, այնքան քարտը մեծ կ՛ըլլար: Եւրոպայի մէջ 15-րդ դարուն հարուստները նոյնիսկ իրենց քարտերը երբեմն գունազարդարել կու տային:

1843 թուականին Լոնտոնի մէջ սըր Հենրի Քոլը Ճոն Քալքոթ Հարսլի գծագրիչէն կը խնդրէ իրեն համար ստեղծել քարտ մը, որ կը ներկայացնէ Ս. Ծննդեան ճաշի սեղանին շուրջ հաւաքուած ընտանիք մը եւ կը բովանդակէ «Մերի Քրիսմըս էնտ հափփի նիւ եիր» մաղթանքը:

Այս գաղափարը շատ շուտ կը տարածուի, յատկապէս` տպագրական կարգ մը աժան միջոցներու շնորհիւ: Ապա, 1840-ին անգլիական դրոշմաթուղթին յայտնաբերումը անոր բաշխումը անոր մեծ յաջողութեամբ կը պսակէ:

1930-ական թուականներուն Միացեալ Նահանգներու մէջ կը հաստատուի «Սիզընզ կրիթինկզ»-ը (եղանակի մաղթանքներ), որուն նորոյթը կը տարածուի ամբողջ աշխարհին մէջ Բ. Համաշխարհային պատերազմէն ետք: Միակ պարտաւորութիւն` զայն գրել 1 դեկտեմբերին եւ 31 յունուարին միջեւ, պահարանին վրայի դրոշմաթուղթին վրայ կնքուած թուականը իբրեւ փաստ…

 

Ձեռային Աշխատանք

Մաղթանքներու Քարտ

Պատրա՞ստ էք Նոր տարուան ձեր մաղթանքները գրելու: Ձեզի կը պակսի միայն քարտը: Ահա օրինակ մը, որուն հիմամբ կարելի է պատրաստել ուրիշ տարբերակներ:

Պէտք ունիս

Բարակ խաւաքարտի, մկրատի, խէժի, մատիտի, ներկի, գծաքաշի:

Բացատրութիւն

1.- Բարակ խաւաքարտին վրայ գծէ եւ կտրէ 20×15 սմ երկու քառանկիւն: Զանոնք երկուքի ծալէ:

 

 

 

 

 

 

 

 

3.- Քարտը բաց, եւ այս ձեւով յառաջացած երիզները դէպի ներս հրէ եւ ծալէ ուղիղ անկիւն մը ստանալու համար:

.- Մէկ ծալուած խաւաքարտին ծալքին վրայ, իրարմէ հաւասար հեռաւորութեան վրայ 1 սմ լայնք ունեցող զոյգ ճեղքեր կտրէ, առաջինը` մինչեւ 2 սմ, երկրորդը` մինչեւ 3 սմ, իսկ երրորդը` մինչեւ 4 սմ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

4.- Խաւաքարտի մնացած կտորին վրայ գծէ, զարդարէ եւ ներկէ Կաղանդի երեք ծառ` մեծ, միջակ, պզտիկ: Ծառերը կտրէ:

5.- Ծառերը փակցուր դէպի դուրս ցցուած երիզներուն վրայ: Ձգէ, որ քարտը չորնայ, եւ ապա ծալէ զայն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

6.- Երբ քարտը ամբողջովին չորնայ, միւս ծալուած խաւաքարտի կտորը փակցուր առաջին քարտին ետեւը: Սակայն ուշադիր եղիր, որպէսզի երիզներու բաժինին վրայ խէժ չգայ:

7.- Երբ քարտդ չորնայ, զայն բաց, ծառերուն շուրջ զարդարէ եւ մաղթանքներդ գրէ:

 

Խոհագիր

Կաղանդի Պիսքուիներ`
Պաթըրպրետըլ

 

 

 

 

 

 

 

Պէտք ունիս (2 հոգիի համար)

250 կրամ ալիւրի, 125 կրամ շաքարի, 125 կրամ կարագի, 4 հաւկիթի դեղնուցի, նաեւ 1 կամ 2 հաւկիթ` վրան քսելու համար:

Պատրաստութիւն

2.- Ձգէ, որ խմորը նուազագոյնը մէկ ժամ հանգչի:

1.- Խորունկ ամանի մը մէջ խառնէ ալիւրը, շաքարը, հաւկիթի դեղնուցները եւ կակուղցուած կարագը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

4.- Կաղանդի վերաբերեալ կաղապարներով (ծառ, աստղ…) խմորին մէջ կտրէ տարբեր ձեւեր:

3.- Խոհանոցի տախտակէ գլանով մը խմորը բաց` մինչեւ 1/2 սմ հաստութիւն:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

6.- Պիսքուիները շարէ փուռի յատուկ ափսէի մը վրայ (որուն վրայ քիչ մը կարագ պէտք է քսած ըլլաս եւ` քիչ մը ալիւր սրսկած), եւ միջակ տաքութեամբ փուռին մէջ եփէ, մինչեւ որ անոնք կարմրին:

5.- Պիսքուիներուն վրայ քիչ մը հաւկիթի դեղնուց քսէ խոհանոցի վրձինով մը:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կաղանդի Զարդարանք

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Այս գեղեցիկ ձեռայինին համար պէտք չունիս սուղ նիւթերու, խաւաքարտէ պատատներու, կանաչ ներկի, կարմիր պզտիկ ուլունքներու կամ կոճակներու:

2.- Երբ չորնան պատատը ճզմէ երկու ծալքեր յառաջացնելու համար:

1.- Խաւաքարտէ պատատները (օրինակի համար` բաղնիքի թուղթէ թաշկինակներու պատատ մը) կանաչ գոյնով ներկէ:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

4.- Ստացուած ծաղիկները իրարու փակցուր` մեծ շրջանակ մը կազմելով: Կրնաս քանի մը ծաղիկ ալ փակցնել անոնց վրայ: Վերջապէս կարմիր ուլունքներ կամ կոճակներ փակցուր քանի մը ծաղիկի կեդրոնը:

3.- Նոյն լայնքով օղակներու բաժնէ պատատները: Իւրաքանչիւր 5 օղակ իրարու փակցուր, ինչպէս նշուած է նկարին մէջ:

 

 

 

Ժամանց

 

Կրնա՞ս գտնել երկու պատկերներուն միջեւ գոյութիւն ունեցող 8 տարբերութիւնները:

Կրնա՞ս գտնել ծառին գագաթը հասցնող ճամբան:

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

 

Կրնա՞ս գտնել զոյգ-զոյգ իրարու նմանող ծառերը:

Կրնա՞ս գտնել միւսներէն տարբեր թզուկը:

Share this Article
CATEGORIES