«Աբրահամ Աշճեան» Երիտասարդական-Ուսանողական Կեդրոնի Բացման Առիթով
Լիբանանի Դաշնակցութեան կառոյցին երիտասարդական-ուսանողական միաւորներուն համար 15 դեկտեմբերը յատկանշական թուական մը պիտի ըլլայ, որովհետեւ այսօր բացումը պիտի կատարուի բարերար Սեդա Դեղարարեանի նուիրատուութեամբ այսօրուան երիտասարդին անհրաժեշտ տուեալներով ու պայմաններով օժտուած «Աբրահամ Աշճեան» կեդրոնին:
Երիտասարդական կեդրոն մը ունենալու կարեւորութեան մասին յաճախ խօսուած է, երիտասարդներու միջեւ կայացած հանդիպումներուն ընթացքին երիտասարդական-դաշնակցական համախմբման վայրի մը անհրաժեշտութիւնը միշտ լուսարձակի տակ առնուած է, ժողովական կեանքին կողքին նաեւ երիտասարդութեան բոլոր թեւերով ընկերային պահեր ստեղծելու կարիքը զգացուած է տարբեր առիթներով:
Այսօր այդ բոլոր կարիքներուն գոհացում տուող կեդրոն մը կը բացուի եւ կը դրուի Դաշնակցութեան երիտասարդական-ուսանողական կառոյցներու տրամադրութեան տակ, որպէսզի անիկա օժտուի երիտասարդական շունչով, կորովով, եռանդով, հոնկէ ծնին նորանոր գաղափարներ, ծրագիրներ, այդ քարեղէն կառոյցը դաշնակցական երիտասարդութեան ճամբով դառնայ հոգեղէն:
Նման կեդրոնի մը բացման մասին իրենց մտածումները «Ազդակ»-ին փոխանցեցին կարգ մը երիտասարդներ, որոնց մտորումները կը հրատարակենք ստորեւ:
Հաւատք` Երիտասարդութեան
Նկատմամբ
Նուիրեալ երիտասարդութիւնը համախմբումն է այն ձեռքերուն, որոնցմով կը գործէ նոյնինքն հայ յեղափոխութեան ռահվիրան հանդիսացող Հայ յեղափոխական դաշնակցութիւնը:
Կուսակցութիւնը միշտ ալ հաւատացած է երիտասարդութեան կարեւորութեան ու դերին, հետեւաբար, առիթ տուած է անոր կազմակերպման ու կազմաւորման` իր հովանիին տակ: ՀՅԴ ԼԵՄ-ի, ԶՈՄ-ի եւ Պատանեկան Միութեան կառոյցները լաւագոյն վկաներն են այդ հաւատքին:
Այսօր, իր 122-րդ տարեդարձին սեմին, ՀՅԴ-ն անգամ մը եւս կու գայ իր վստահութիւնը վերահաստատելու երիտասարդութեան նկատմամբ, երբ Լիբանանի երիտասարդական թեւին կը տրամադրէ «Աբրահամ Աշճեան» երիտասարդական ուսանողական կեդրոնը, որ պիտի համախմբէ բոլորը մէկ կառոյցի մէջ` օժտուած նոր ու արդի սարքաւորումով:
Կեդրոնը առիթ պիտի տայ երիտասարդական տարբեր միութիւններուն աւելի սերտ գործակցութեան, աշխատանքի սահուն ընթացքին եւ մարդուժի բազմացման` միշտ ու միշտ հաւատարիմ մնալով ՀՅԴ-ի տեսլականին ու նպատակին:
ԼԵՄ-ի հեռատես արծիւի սլացումով, ԶՈՄ-ի բռունցքի վճռական հարուածով եւ պատանիներուն տեղեկութեան ծարաւով նոր կեդրոնը պիտի ըլլայ նաեւ կուսակցութեան հիմնադիր բջիջի` համակիր ժողովուրդի կեդրոնը, ուր միշտ պիտի գտնուին իտէալապաշտ պատանիներ, գաղափարապաշտ ուսանողներ ու ժողովրդապաշտ երիտասարդներ:
Անգամ մը եւս ՀՅԴ-ն եկաւ փաստելու, որ մեզ բոլորս միացնողը ինքն է` Դաշնակցութիւնը:
Բարի տարեդարձ հայ ազգի իսկական յեղափոխութեան,
Բարի տարեդարձ Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութեան:
ՀՐԱԿ ԱՒԵՏԱՆԵԱՆ
Հինին Եւ Նորոգուելուն Միջեւ
Բարակ Գիծ Մը
Պուրճ Համուտ անունը իր անզիջելի տեղը ունի հայապահպանման ճամբուն վրայ: Մտքիս մէջ Պուրճ Համուտին կապուած է ամէն բան, եւ իւրաքանչիւր քայլափոխս ծինային կապ մը ունի այս ապականած երկինքին տակ գտնուող մանրամասնութիւններուն: Իսկ վերջին տարիներուն ժամանակին հետ մեր պարտուած պայքարը մէջս ստեղծած է էութեանս ամէնէն սուր եռուզեռը, թէ ո՞վ պիտի յաղթէ այս նոր իրականութեան, ուր կը մաշի ամէն յիշատակ ու եթէ թուղթի տրուած չեն անոնք, «Նահր»ին աղբին հետ կը քարանան ու կը հաւասարին անցեալին, երբ անտեսանելին ու տեսանելին կը դառնան թափանցիկ մեր աչքերուն, քանի որ մենք մեր ուղեղները վարժեցուցած ենք անոնց, ուստի այլեւս չենք նկատեր անոնց գոյութիւնը մինչեւ որ նկատել չտան մեզի:
Պուրճ Համուտն ալ ունի իր բազկերակը, մէկը` Սիս, միւսը` Արաքս, շրջապատուած քաղաքին աշխուժ միտքերով, որոնց հոգիներուն ալեկոծումը կու գայ զարնուելու ցամաքին, եւ իւրաքանչիւր ալիքին հետ կը ծնին ու կը մարին յոյսեր, որպէսզի դարձեալ ծնին, թերեւս տարբեր ծինային համակառքով, բայց միշտ պահելով իրենց նախամայրը:
Այսօր` Սիսն ու Արաքսը կը միացնեն իրենց ուժերը Ամանոսի մէջ գտնուող նախկին Կիլիկեան վարժարանին շէնքին մէջ, ուր իմ նախակրթարանի օրերուս տարին անգամ մը կ՛այցելէինք փորձելու համար մեր կորսուած հողամասին անունը կրող վարժարանին կեանքը գոնէ քանի մը տարիով երկարաձգել: Կիլիկեան վարժարանը այսօր կը կրէ Աբօ Աշճեան անունը` այն հերոսին, որուն նկարը Սարդարապատ ակումբին մուտքին դրուած օրերուն շատ տպաւորած էր զիս, մանաւանդ այն տարիներուն, երբ Սարդարապատ ակումբին սրահը բերնէ բերան կը լեցուէր դաշնակցական կամ դաշնակցական ըլլալ փափաքող պատանիներու ներկայութեամբ:
Օրիորդ Դեղարարեանի նուիրատուութեամբ, Աբօ Աշճեան մեզի կ՛այցելէ շէնքի կերպարանքով` իր մէջ հաւաքելու համար լիբանանահայ երիտասարդութեան ուժերը: Նոր ծինային համակարգով ծնած կ՛ըսեմ, որ երիտասարդութեան ուժերը մէկտեղելու ջանքը ամէնէն կարեւոր մարտահրաւէրներէն մէկն է, ըլլայ այդ շօշափելի տեղ` կեդրոն, թէ վերացական տեղ` ծրագիր: Յոյս ունիմ ընկեր Աբոյին անուան կեդրոնը իր այս նախաձեռնութեամբ պիտի յաջողի Լիբանանահայութիւնը քիչ մը հեռու պահել ձուլումէն ու օտարացումէն. այդ ալ մենք կ՛որոշենք` Աբօ Աշճեանի հովանիին տակ հաւաքուողներս` Ամանոսի Կիլիկեան դպրոցին շէնքին մէջ, իսկ հայապահպանման խնդիրը կը սկսի ստանալ նոր բնոյթ` առեւանգեալ ընկեր Աբօ Աշճեանին յիշատակով պարուրուած ծրագիրներու նոր հորիզոններու շուրջ:
ԳՈՃԱՅԵԱՆ ԱՐԱԶ
Ապագայի Լուսաւոր
Տեսլականով
Ընկեր Աբրահամ Աշճեանի անուամբ նորակառոյց կեդրոնը առաջին հերթին կը միտի համախմբել Դաշնակցութեան Լիբանանի մարմինի երիտասարդական եւ ուսանողական միաւորները մէկ կառոյցի մը մէջ, ուր ամէնօրեայ դրութեամբ, եւ իրենց աշխատանքին բերումով, աւելի յաճախ իրարու պիտի հանդիպին դաշնակցական երիտասարդներ` մէկ յարկի տակ, իրարու աւելի մօտ ըլլալով եւ իրարու հետ գործակցելով:
Սակայն աւելի կարեւոր մատնանշում մը եւս. այս նոր կեդրոնը կրնայ խթան հանդիսանալ դաշնակցական հնոցի առաւել զարգացման, որովհետեւ տարբեր մտածողութեանց տէր անհատներ պիտի կարենան աւելի արագ, աւելի առողջ եւ ազդեցիկ կերպով փոխանակել իրենց յոյզերը, գաղափարները, համոզումները եւ տեսակէտները: Եւ այսպէս, ստեղծել այն մթնոլորտը, որ կը տիրէր Կարսի մէջ, Կարսի Հնոցին մէջ:
Միւս կողմէ, կարելի է նաեւ ըսել, որ այս կեդրոնը կրնայ հանդիսանալ երիտասարդականի եւ ուսանողականի գործունէութեանց առաւե՛լ ներդաշնակման եւ հզօրացման ազդակը, գործունէութիւնը առաւել արագացնող եւ կազմակերպող մղիչ ուժը:
Վերջապէս, յոյսով ենք, որ այս նորակառոյց կեդրոնը` իր նոր ու արդիական կառուցուածքով, հայ երիտասարդին համար ըլլայ առաւել հաճելի ու մնայուն ներկայութեան վայր մը` իր տարած ազգային գործով ու նուիրումով:
Ք. Օ.