Դաշնակցութեան Նոր Տունը

Վ. ԱՒԱԳԵԱՆ

Պարզ իմաստով, ո՞վ չի գիտեր տան մը իմաստը, նշանակութիւնը:

Անասունները բնազդով կը շինեն իրենց տունը` մինչդեռ մարդիկ գիտակցաբար կը ստեղծեն իրենց տունը` ազատ, հանգիստ ու երջանիկ ապրելու համար:

Լայն իմաստով, սակայն, տունը միայն ընտանիք եւ ընտանեկան յարկ չէ, ուր մարդ ազատութիւն, հարազատութիւն եւ ջերմութիւն կը գտնէ: Տուն մը կ’իմաստաւորուի սեփականութեան իրաւունքով, ազատ ու անկաշկանդ ապրելու կամքով, ինքնուրոյն ապրելակերպով եւ մթնոլորտով:

Մարդիկ, նոյն նպատակին շուրջ բոլորուած հաւաքականութիւններ, միշտ կը ձգտին ունենալ իրենց տունը, ուր ճշդուած սահմաններու մէջ անոնք կը ղեկավարուին իրենք իրենցմով, սեփական օրէնքներով, հաւաքականութեան աւանդութիւններով եւ արժէքներով:

ՀՅ Դաշնակցութեան Լիբանանի ընտանիքը այսօր նման տունով մը կ’օժտուի, «Աբրահամ Աշճեան երիտասարդական-ուսանողական կեդրոն»-ին բացումով: Կուսակցութիւնը երիտասարդական-ուսանողական իր միաւորներուն համար կը հիմնէ ժամանակի պահանջներուն հետ քայլ պահող իր նոր տունը` Պուրճ Համուտի սրտին մէջ:

Անշուշտ, կոչումի մը ծառայող քարակերտ կառոյցները ինքնանպատակ չեն: Անոնք միջոցներ են` ծառայելու այն նպատակին, որուն համար ստեղծուած են: Բայց լաւ աշխատանքի համար անհրաժեշտ են լաւ պայմաններ, որոնք այս պարագային ապահովուած են երախտաշատ բարերարուհիի մը իշխանական նուիրատուութեամբ:

«Աբրահամ Աշճեան երիտասարդական-ուսանողական կեդրոն»-ը երեք յարկանի իր յարմարաւէտ կառոյցով վիճակուած է սոսկական տուն մը, քարակերտ կառոյց մը չըլլալու, այլ` դառնալու գաղափարական ապրումի եւ կուսակցական կազմաւորումի առողջ միջավայր մը, որ պատուար պիտի հանդիսանայ երիտասարդութեան եւ գաղութին սպառնացող վտանգներուն, որովհետեւ նիւթեղէն իր կառոյցէն աւելի, ան պիտի ըլլայ ոգի ու ներշնչարան` ներկայ եւ գալիք սերունդներուն:

Պատահականութեան ծնունդ չէ կեդրոնին տրուած Աբրահամ Աշճեան անունը: 30 տարի առաջ, դեկտեմբերի չարաշուք օր մը, թրքական գաղտնի սպասարկութիւններուն կողմէ առեւանգուած եւ անծանօթ պայմաններու մէջ վատօրէն սպաննուած Աբրահամ Աշճեանը` ընկեր Աբոն, կը պատկանէր ՀՅ Դաշնակցութեան սփիւռքեան այն հաւատաւոր սերունդին, որ մեծ ներդրում ունեցաւ կուսակցութեան յեղափոխական աւանդները երիտասարդութեան մտքին ու հոգիին մէջ վերանորոգելու իմաստով: Իր բովանդակ կեանքին ընթացքին ընկեր Աբօ տիրական ազդեցութեամբ կլանեց Դաշնակցութեան եկող եւ Հայ դատին համար պայքարի դաշտ նետուելու պատրաստ երիտասարդները:

Հետեւաբար, Աբրահամ Աշճեանի անունը կրող երիտասարդական այս կեդրոնը կոչուած է ըլլալու ազգային-պահանջատիրական մթնոլորտ ձեւաւորող եւ դաշնակցական յարատեւ գործի ըմբռնումը նուիրագործող կեդրոն մը, ուր հասակ նետողները պիտի սնուցանեն հաւատքի եւ նուիրումի գերագոյն արժէքները: Կեդրոնը միայն գաղափարական մարդոց ժողովատեղի պիտի չըլլայ, ոչ ալ` կուսակցական երիտասարդներու հանդիպման սովորական տեղ մը, այլ` տեսլականի եւ նպատակամղուած աշխատանքի միջավայր մը:

«Աբրահամ Աշճեան երիտասարդական-ուսանողական կեդրոն»-ը տարիներու երազ մըն էր, որ իրականութիւն կը դառնայ պատուաբեր յաջողութեամբ: Այսօր, կեդրոնին բացման հանդիսութեան, ժողովրդային հոծ ներկայութեամբ, պիտի դրուի հաւաքական ստորագրութիւն մը, պիտի տրուի հաւաքական երաշխիք մը, որ` Դաշնակցութիւնը իր նոր տան մէջ դաշնակցականօրէն ապրելու իմաստը եւ գաղափարականօրէն ծառայելու արժէքը պիտի փոխանցէ նորահաս սերունդներուն:

Կ’արժէ առաւելագո՛յնս օգտուիլ այդ արժէքէն:

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )