Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Ռիատի Պէյրութ Յաղթեց Մութթահետի` Թրիփոլիի Մէջ
Երէկ` ուրբաթ, 14 դեկտեմբերին, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Ա. դասակարգի ախոյեանութեան երթի 7-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, Սաֆատի համալիրին մէջ (Թրիփոլի) տեղի ունեցաւ Մութթահետ – Ռիատի Պէյրութ մրցումը:
Անիկա աւարտեցաւ Ռիատիի յաղթանակով, որ Պէյրութ վերադարձաւ 109-72 արդիւնքով պարտութեան մատնելով դաշտին տէրը:
Նշենք, որ նախանցեալ օր, 7-րդ հանգրուանի բացման մրցումին, Ամշիթ 88-57 արդիւնքով յաղթեց Պըժժէի:
Շաբաթավերջին կը շարունակուին 7-րդ հանգրուանի մնացեալ երեք մրցումները` հետեւեալ յայտագիրին հիմամբ.
ԱՅՍՕՐ ԺԱՄ ԴԱՇՏ
Անիպալ Զահլէ – Պիպլոս 16:00 Զահլէ
Անդրանիկ Պէյրութ – Հուփս 16:00 Տեմիրճեան
ՎԱՂԸ
Սաժես – Շանվիլ 17:00 Ղազիր
CATEGORIES Մարզական