Ճատրակ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Ֆայսալ Խէյրալլա Առանձնացաւ Պարագլուխի Դիրքին Վրայ
Երէկ` ուրբաթ, 14 դեկտեմբերին, «Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկին մէջ (Ժինահ) շարունակուեցան Լիբանանի ճատրակի 38-րդ ախոյեանութեան մրցումները, երբ տեղի ունեցան 7-րդ հանգրուանի մրցումները:
Այս հանգրուանին գագաթի մրցումը իրարու դէմ հանեց Ֆայսալ Խէյրալլան եւ Անթուան Քասսիսը: Նախքան այս հանգրուանը, անոնք երկուքը ունէին 5-ական կէտ` նկատի ունենալով, որ 6-րդ հանգրուանին անոնք կրած էին մրցաշարքի իրենց առաջին պարտութիւնը:
Երէկուան մրցումին, Խէյրալլա յաղթելէ ետք Քասսիսի, առանձնացաւ պարագլուխի դիրքին վրայ` ունենալով 6 կէտ: Քասսիս ունի 5 կէտ, մինչ 4,5-ական կէտ ունին Ամրօ Ժաուիշ, Իպրահիմ Շահրուր եւ Մահմուտ Մաասարանի:
8-րդ հանգրուանին, որ տեղի պիտի ունենայ այսօր, Խէյրալլա իր դէմ պիտի ունենայ Ժաուիշը, իսկ Քասսիս` Մոհամետ Միքաթին (առանց կէտի):
CATEGORIES Մարզական


