Լօխ-ի Ընկերային Յանձնախումբ. Այս Տարի Ամանորեան Հաւաքոյթին Ուրախութեան Մասնակից Դարձան Նաեւ Սուրիահայ Աշակերտները

Ամէն տարի ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբը Կաղանդը նախորդող շաբաթներուն ընթացքին Նոր տարուան աւանդութեան վերածուած հաւաքոյթ կը կազմակերպէ Կազդուրման կայանի փոքրիկներուն համար:

Այս տարի հաւաքոյթը իւրայատուկ կարեւորութեամբ շեշտուեցաւ, որովհետեւ Կազդուրման կայանի փոքրիկներէն բացի ԼՕԽ-ը նախաձեռնած էր հաւաքոյթին մասնակից դարձնել նաեւ լիբանանահայ վարժարաններու սուրիահայ աշակերտները` 6-11 տարեկան:

Արդարեւ, երէկ` ուրբաթ, 14 դեկտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 4:00-ին ԼՕԽ-ի «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցած Նոր տարուան հաւաքոյթին ներկայ գտնուեցան 76 սուրիահայ աշակերտներ եւ Կազդուրման կայանի 56 փոքրիկներ:

Նոր տարուան հաւաքոյթի ուրախալի մթնոլորտը ճոխացուց «Ուրախ տարեդարձ» խումբը` երգերով եւ պարերով: Կաղանդ պապայի սրահ մուտքը փոքրիկներուն խանդավառութիւնը իր գագաթնակէտին հասցուց: Ապա ԼՕԽ-ի Շրջանային վարչութեան ընկերային յանձնախումբի անդամները նուէրները բաժնեցին փոքրիկներուն: Կատարուեցաւ նաեւ հիւրասիրութիւն:

 

Share this Article
CATEGORIES