«Հայաստան» Համահայկական Հիմնադրամի Լիբանանի Գործադիր Մարմինը 100.000 Ամերիկեան Տոլար Կը Յատկացնէ Սուրիահայութեան
Հաղորդագրութիւն
«Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը կը յայտնէ, որ ուրբաթ, 7 դեկտեմբեր 2012-ին իր կազմակերպած դրամահաւաք ռատիոթոնին ստացաւ 108.000 ամերիկեան տոլարի նուիրատուութիւններ եւ նուիրատուութիւններու խոստումներ, որոնք պիտի յատկացուին նախապէս ճշդուած երեք նպատակներու` սուրիահայութեան, լիբանանահայ կրթական հաստատութիւններու եւ Արցախի սահմանամերձ գիւղերուն մէջ համայնքային կեդրոններու կառուցման ծրագիրին:
Մարմինը նաեւ տեղեկացուցած էր, որ այս գումարին պիտի աւելցնէ նախորդ տարիներու դրամահաւաքներէ իր մօտ ունեցած պահեստի` խնայողական դրամահաշիւէն գումար մը, որպէսզի կարելի ըլլայ կատարել իր որոշած բոլոր յատկացումները:
Առ այդ, «Հայաստան» համահայկական հիմնադրամի Լիբանանի գործադիր մարմինը իր վերջին նիստին որոշեց լիբանանահայութեան կողմէ 100.000 ամերիկեան տոլար յատկացնել սուրիահայութեան, 50.000 ամերիկեան տոլար` Արցախի սահմանամերձ գիւղերու համայնքային կեդրոններու կառուցման ծրագիրին, իսկ 28.000 ամերիկեան տոլար` լիբանանահայ կրթական հաստատութիւններուն:
Մարմինը անգամ մը եւս շնորհակալութիւն կը յայտնէ լիբանանահայութեան` իր վստահութեան համար, եւ կ՛ապաւինի բոլոր նուիրատուներու գիտակցութեան` իրենց խոստումները ամէնէն կարճ ժամանակամիջոցին յարգելով կատարելու վճարումները, որպէսզի նուիրատուութիւնները ճիշդ ժամանակին ծառայեն իրենց վսեմ նպատակին:
«ՀԱՅԱՍՏԱՆ» ՀԱՄԱՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՄՆԱԴՐԱՄԻ
ԼԻԲԱՆԱՆԻ ԳՈՐԾԱԴԻՐ ՄԱՐՄԻՆ
Պէյրութ, 14 դեկտեմբեր 2012

