Լիբանանեան Կարճ Լուրեր
ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ մեկնեցաւ Ֆրանսա, ուր հանդիպումներ պիտի ունենայ նախագահ Ֆրանսուա Հոլլանտի եւ ֆրանսացի բարձրաստիճան պաշտօնատարներու հետ:
ՄԱՐՄՆԱԿՐԹՈՒԹԵԱՆ եւ երիտասարդութեան հարցերու նախարար Ֆայսալ Քարամէ մտահոգութիւն յայտնեց Թրիփոլիի կացութենէն` շեշտելով, որ Թրիփոլիի մէջ կացութիւնը որեւէ ատեն կրնայ պայթիլ, որովհետեւ լիբանանեան պետութեան քաղաքական որոշումը սովորական «փանատոլ»-ի մը ուժգնութիւնը ունի միայն: Ան հաստատեց, որ լիբանանեան տագնապը անկարելի է լուծել առանց լիբանանեան ազգային երկխօսութեան:
«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Փաղանգաւոր կուսակցութիւնը որոշած է վերջ տալ Մարտ 14-ի քաղաքական ուժերուն ընդհանուր քարտուղարութեան իր մասնակցութիւնը պոյքոթի ենթարկելու որոշումին:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, իմամ Մուսա Սատըրի առեւանգումի թղթածրարին առումով լուծում մը պիտի գտնուի:
ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլ յայտնեց, որ ելեկտրական հոսանք արտադրող թրքական նաւերէն առաջինը Լիբանան պիտի հասնի առաւելագոյնը չորս ամիսէն: Ան աւելցուց, որ մինչեւ յառաջիկայ 2015 Լիբանանի մէջ ելեկտրականութիւնը 24 ժամուան դրութեամբ կարելի պիտի ըլլայ ապահովել:
ՇԻԻՆԵՐՈՒ գերագոյն խորհուրդի փոխնախագահ շէյխ Ապտել Էմիր Քապալան յայտնեց, որ Սուրիոյ մէջ տեղի ունեցող արիւնահեղութիւնը շատ ցաւալի է` աւելցնելով, որ պէտք է անպայման կասեցնել այդ արիւնահեղութիւնը:
ԱԶԳԱՅԻՆ ազատականներու կուսակցութիւնը յայտնեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի եւ երեսփոխան Օքապ Սաքըրի դէմ արձակուած բերման գիրերը լիբանանեան գերիշխանութեան դէմ գործուած յարձակումներ են:
ՊԱԱՊՏԱՅԻ քրէական հարցերու դատարանը` նախագահութեամբ դատաւոր Ֆայսալ Հայտարի, մահապատիժի դատապարտեց Ֆաթհի Ժապըր Սալաթինին` Միրիամ Աշքար անունով լիբանանցի երիտասարդուհիի մը սպանութեան յանցանքին համար: Սալաթինի նաեւ 400 միլիոն լ. ոսկիի հատուցում պէտք է վճարէ սպանեալի ընտանիքին:

