Շարպել Ուաթքինզի Հետ Ստորագրեց Երեսփոխանական Ընտրութիւններուն Օժանդակութեան Համաձայնագիրը
Ներքին գործոց նախարար Մարուան Շարպել երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ ՄԱԿ-ի բարգաւաճման ծրագիրի մնայուն ներկայացուցիչ Ռոպըրթ Ուաթքինզը, որուն հետ ստորագրեց 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւններուն վերաբերող օժանդակութիւններու համաձայնագիրը, որ նախապէս վաւերացուած էր կառավարութեան կողմէ:
Ուաթքինզ յայտնեց, որ այս համաձայնագիրը Լիբանանին եւ ներքին գործոց նախարարութեան կը տրամադրէ թեքնիք օժանդակութիւններ, որպէսզի կարելի ըլլայ 2013-ի երեսփոխանական ընտրութիւնները լաւ ձեւով կազմակերպել:
CATEGORIES Լիբանանեան