Ռայի Պատրիարքը Ընդունեց Երեսփոխան Հարպը
Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց երեսփոխան Պութրոս Հարպը, որուն հետ քննարկեց ընտրական օրէնքի փոփոխութեան եւ ընտրական արդի օրէնքի մշակման յատուկ երեսփոխանական սեղմ յանձնախումբին նիստերուն վերաբերող հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Ռայի պատրիարքը յայտնեց, որ 1960-ի ընտրական օրէնքը արդար օրէնք մը չէ, որուն կարելի է ապաւինիլ` ճշգրիտ ներկայացուցչութիւն ապահովելու իմաստով:
Ան աւելցուց, որ իրենք առաջարկած են ընտրական այնպիսի օրինագիծեր, որոնք արդար ներկայացուցչութիւն կ՛ապահովեն:
CATEGORIES Լիբանանեան


