Պուայէ Կ՛ուզէ Ֆրանսայի Կողմէ Հայոց Ցեղասպանութեան Ճանաչման Մասին Օրէնքը Պաշտպանել
Ֆրանսացի երեսփոխան, Հայոց ցեղասպանութեան ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի հեղինակ Վալերի Պուայէ 2001-ի Ֆրանսայի կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրէնքը պաշտպանելու նպատակով Ֆրանսայի խորհրդարանին ներկայացուցած է երեք բնագիր:
13 դեկտեմբեր 2012-ին անոր հրապարակած յայտարարութեան մէջ, որ լոյս տեսած է «Նուվել տ՛Արմենի» ամսագիրի կայքէջին վրայ, Պուայէ մասնաւորաբար նշած է.
«Օրէնքով ճանչցուած ցեղասպանութիւններու ժխտումը քրէականացնող օրինագիծի որդեգրումէն եւ Սահմանադրական խորհուրդի գրաքննութենէն ետք ես չհրաժարեցայ պայքարէն:
«Այդ իսկ պատճառով խորհրդարանին ներկայացուցած եմ երեք բնագիր` 2001-ին Ֆրանսայի կողմէ 1915-ի Հայոց ցեղասպանութեան ճանաչման մասին օրէնքը պաշտպանելու նպատակով: Անոնք են`
«2011 հոկտեմբեր 18-ին ներկայացուած օրինագիծը իր նախնական տեսքով, որ 45 հազար եւրոյի տուգանք եւ 1 տարուան բանտարկութիւն, կամ այդ երկու պատիժներէն մէկը կը նախատեսէ բոլոր անոնց համար, որոնք հրապարակաւ կը խրախուսեն, կը վիճարկեն կամ կը փորձեն արդարացնել ցեղասպանութիւնները, մարդկութեան դէմ յանցագործութիւնները եւ զինուորական յանցագործութիւնները:
«Օրէնքով ճանչցուած ցեղասպանութիւններու հերքումը քրէականացնող օրինագիծը այն տեսքով, որ 2012-ի յունուար 23-ին որդեգրուած էր եւ 2012-ի փետրուար 28-ին ենթարկուած Սահմանադրական խորհուրդի գրաքննութեան:
«Եւ, վերջապէս, Մարսէյլ փաստաբաններու համախմբման անդամ Ֆիլիփ Գրիգորեանի օգնութեամբ, Սահմանադրական խորհուրդի վերոյիշեալ որոշման վրայ լոյս սփռելու նպատակով, Սահմանադրական խորհուրդի հրապարակային դիրքորոշման պատճառները հետաքննող ժամանակաւոր յանձնախումբ ստեղծելու բանաձեւ ներկայացուցած եմ:
«Այդ բոլոր երեք բնագիրները, ըստ իս, յոյս կը ներշնչեն յաջող ելքին այդ գործին, որուն նպատակը, ես կ՛ուզեմ անգամ մը եւս յիշեցնել, պէտք է արձագանգ գտնէ իւրաքանչիւր ֆրանսացիի սրտին մէջ, իբրեւ մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան կոչ: Այդ պատճառով ալ ես պաշտօնապէս խորհրդարանի նախագահ Քլոտ Պարթոլոնիէն կը խնդրեմ կարճ ժամկէտի մէջ խորհրդարանի օրակարգին վրայ ընդգրկել այդ երեք բնագիրները, որոնք որեւէ տեսակի քաղաքական տարակարծութիւններու, կուսակցական պատկանելիութեան եւ մեծամասնութեան կամ ընդդիմութեան որեւէ դիրքորոշման սահմաններէն դուրս են»:
Եզրափակելով, Վալերի Պուայէն նշած է, որ 2001-ի օրէնքը մարդու իրաւունքներու պաշտպանութեան ճամբուն վրայ վճռական դերակատարութիւն ունէր: «Այս օրինագիծերը ուղղուած են քրէական օրէնքներու եւ 2001-ի օրէնքի պաշտպանութեան համաձայնեցման: Ֆրանսան պէտք չէ կէս ճամբուն կանգ առնէ», ընդգծած է Պուայէ:


