Լեհաստանի, Շուէտի Եւ Պուլկարիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարները` Հայաստանի Մէջ

Հայաստանի նախագահ Սերժ Սարգսեան երէկ ընդունեց Լեհաստանի, Շուէտի եւ Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարարներ Ռատոսլաւ Սիքորսքին, Քարլ Պիլտթը եւ Նիքոլայ Մլատենովը:

Նախագահը ողջունեց արտաքին գործոց նախարարներու այցելութիւնը Հայաստան: Սերժ Սարգսեան կարեւոր նկատեց Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան խորացման գործին մէջ Եւրոպական Միութեան շահագրգիռ անդամ երկիրներու ներգրաւուածութիւնը եւ աջակցութիւնը:

Հանդիպման ընթացքին զրուցակիցները քննարկեցին Եւրոպական Միութեան Արեւելեան գործընկերութեան ծիրին մէջ համագործակցութեան խորացման հեռանկարները: Ըստ կողմերուն, այդ յարաբերութիւնները կը զարգանան աշխուժօրէն եւ տեղափոխուած են որակապէս նոր բեմ: Նշուեցաւ, որ Հայաստան լաւ յառաջընթաց արձանագրած է Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Ընկերակցութեան համաձայնագիրին շուրջ բանակցութիւններուն մէջ, յաջողութեամբ կ՛ընթանան նաեւ Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի ստեղծման ուղղութեամբ բանակցութիւնները:

Զրուցակիցները անդրադարձան շրջանային խնդիրներուն եւ մարտահրաւէրներուն, ինչպէս նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի տագնապի լուծման հոլովոյթին:

Երէկ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան նոյնպէս ընդունեց եւրոպական երեք երկիրներու արտաքին գործոց նախարարները:

Ողջունելով հիւրերը` նախարար Նալբանդեան նշեց, որ Հայաստան Լեհաստանի, Շուէտի եւ Պուլկարիոյ հետ ունի աւանդական բազմադարեան բարեկամական յարաբերութիւններ, իսկ ներկայիս գոյութիւն ունի արդիւնաւէտ համագործակցութիւն թէ՛ երկկողմանի, թէ՛ բազմակողմանի ձեւաչափերուն մէջ: Նախարարը կարեւոր նկատեց փոխադարձ գործակցութիւնը Արեւելեան գործընկերութեան նախաձեռնութեան շրջագիծին մէջ:

Հանդիպման ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն համագործակցութեան ծաւալուն օրակարգին եւ արձանագրուեցաւ, որ շարք մը ուղղութիւններով կայ բաւական լաւ յառաջընթաց եւ վերահաստատուեցաւ նպատակադրուածութիւնը Արեւելեան գործընկերութեան շրջագիծին մէջ խորացնելու եւ զարգացնելու փոխադարձ գործակցութիւնը:

Երկու կողմերը կարեւոր նկատեցին միացեալ ջանքերու գործադրումը մինչեւ նոյեմբեր 2013 Վիլնիուսի մէջ տեղի ունենալիք Արեւելեան գործընկերութեան վեհաժողովը Հայաստան-Եւրոպական Միութիւն Ընկերակցութեան համաձայնագիրի` ներառեալ Խոր եւ համապարփակ ազատ առեւտուրի գօտիի վերաբերեալ բանակցութիւնները աւարտին հասցնելու ուղղութեամբ:

Զրուցակիցները գոհունակութիւն յայտնեցին, որ Եւրոպական Միութեան հետ յաջողութեամբ աւարտեցան մուտքի այցեգիրներու դիւրացման շուրջ համաձայնագիրի բանակցութիւնները եւ մօտակայ օրերուն կը նախատեսուի ատիկա ստորագրել:

Նախարար Նալբանդեան ընդգծեց, որ Հայաստան հաստատակամ է շարունակել եւրոպական չափանիշերուն համապատասխան լայնածաւալ բարեփոխումներու իրականացումը:

Բանակցութիւններու օրակարգին վրայ կը գտնուէին շարք մը միջազգային եւ շրջանային խնդիրներ: Մասնաւորաբար միտքեր փոխանակուեցան Սուրիոյ մէջ ներկայ իրավիճակին եւ սուրիահայութեան խնդիրներուն շուրջ:

Նախարար Նալբանդեան գործընկերներուն ներկայացուց ղարաբաղեան հիմնախնդիրի լուծման հոլովոյթին վերջին զարգացումները եւ այդ ուղղութեամբ Հայաստանի եւ միջազգային հանրութեան ջանքերը:

Նախարար Նալբանդեան Լեհաստանի, Շուէտի եւ Պուլկարիոյ արտաքին գործոց նախարարներուն հետ հանդիպման ընթացքին` պատասխանելով news.am գործակալութեան այն հարցումին, թէ ինչպէ՞ս կը մեկնաբանէ այն, որ Տապլինի մէջ հանդիպումէն ետք ազրպէյճանական կողմը կատարած է յայտարարութիւն մը` մեղադրելով Հայաստանը, որ հնգակողմանի յայտարարութիւնը չընդունուեցաւ հայկական կողմին պատճառով, յայտնեց, որ ինք կ՛առաջարկէր համեմատել Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարներուն խօսքերը Տապլինի մէջ եւ տեսնել, որ Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը համահունչ է եռանախագահող երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներու յայտարարութեան:

«Իսկ ի՞նչ է Ազրպէյճանի նախարարի կատարածը: Իրենք կ՛ըսեն, իրենք` կը լսեն: Ես նշեմ, որ ատիկա առաջին անգամը չէ, որ հնգակողմանի յայտարարութիւնը չյաջողեցաւ: Օրինակներէն մէկը` Ալմաթայի մէջ յուլիս 2010-ին հնգակողմանի յայտարարութիւն կը պատրաստուէր, բայց Ազրպէյճան կը պնդէր տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքի կարեւորութեան գերակայութեան վրայ` այլ սկզբունքներուն հետ համեմատած: Հարցը աւարտեցաւ անով, որ չեղաւ հնգակողմանի յայտարարութիւն, բայց եղաւ եռակողմանի յայտարարութիւն, ուր եռանախագահները նշեցին, որ բոլոր սկզբունքները եւ կէտերը, որոնք առաջարկուած էին եռանախագահներուն կողմէ, մէկ ամբողջութիւն են, եւ կարելի չէ բաժնել մէկը միւսէն եւ որեւէ սկզբունք, որեւէ կէտ չի կրնար գերակայութիւն ունենալ միւսներուն նկատմամբ:

«Այս անգամ ազրպէյճանցիները չես գիտեր ինչու, չուզեցին, որ երեք յայտնի սկզբունքները` ուժ եւ ուժի սպառնալիք չկիրարկել, ինքնորոշում եւ տարածքային ամբողջականութիւն, նոյնիսկ յիշատակուին: Ինչի՞ հասան: Հնգակողմանի յայտարարութիւն չկատարուեցաւ, բայց եղաւ եռակողմանի յայտարարութիւն, ուր եռանախագահները ընդգծեցին այս երեք սկզբունքները: Աւելին ըսեմ, Տապլինի մէջ եռանախագահներուն կողմէ կատարուած յայտարարութիւնը ողջունելի է Հայաստանի կողմէ եւ մենք կրնանք նոյն յայտարարութիւնը ընել»:

Share this Article
CATEGORIES