50 Տարի Առաջ (17 Դեկտեմբեր 1962)

Լ. Շանթի Եւ Ն. Աղբալեանի
Յուշարձաններուն Բացման Արժանավայել
Շքեղ Հանդէսը

Երէկ` կիրակի, 16 դեկտեմբեր 1962, կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, Ն. Փալանճեան ճեմարանի «Վասպուրական» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Լեւոն Շանթի եւ Նիկոլ Աղբալեանի յուշարձաններու բացման շքեղ հանդէսը, արժանավայել կերպով, նախագահութեամբ Կարօ Սասունիի:

Հանդէսը կազմակերպուած էր Համազգայինի մշակութային ընկերակցութեան Կեդր. վարչութեան եւ Համազգայինի Ն. Փալանճեան ճեմարանի Շրջանային միութեան կողմէ:

Ճեմարանականներ, Համազգայինի անդամներ եւ մեծանուն ընկերներու յիշատակը յարգողներ լեցուցած էին սրահը:

Կազմակերպիչ մարմիններուն կողմէ հանդէսին բացումը կատարեց Եղիկ Գոնեալեան:

«Լեւոն Շանթ եւ Նիկոլ Աղբալեան եղան անզուգական ներշնչման աղբիւր, մեր իտէալներու բիւրեղացած ներշնչողը: Ուղի մը գծեցին, իտէալ մը բնորոշեցին, որ մերն է, հայ ժողովուրդի գոյատեւման եւ իտէալներուն հասնելու ուղին է: Անոնք մեզ հետ կ՛ապրին եւ միշտ կ՛ոգեկոչեն մեզ»:

Ապա բեմ հրաւիրեց օրուան նախագահ Կարօ Սասունին, որ խօսք առնելով` ըսաւ.

«Յարգելի՛ բարեկամներ, սիրելի՛ ճեմարանականներ, այսօր, այս փոքրիկ հանդիսութիւնը կը կատարուի սիրելի այս երկու անուններու յիշատակին: Այս երկու դրօշակիրներու անունները անմահ կը նկատուին:

Համազգային մշակ. ընկերակցութեան հիմնարկութիւնը եւ ճեմարան մը հիմնելու դրօշակիր հանդիսանալը մեզ կը տանի 30-35 տարիներ առաջ: Մենք վկաներն ենք այդ գործին: Երկու ջահակիրները այսօր չկան, շատ մօտ ենք իրենց եւ մեր մէջ կը զգանք: Անոնք կոթողներ պիտի ըլլան` Րաֆֆիի, Աբովեանի նման, երբ անցնի կէս դար:

Պէյրութահայութիւնը ասկէ տարիներ առաջ մէկ հատ ճեմարան ունէր: Այսօր շատ են քոլեճներն ու ճեմարանները: Բայց ճեմարանը մնաց ոգիի դրօշակիրը ու կը շարունակէ աւելի մեծ թափով եւ կորովով:

Լ. Շանթ եւ Ն. Աղբալեան հարազատ ծնունդը եղան հայ հողին եւ ջուրին, դրօշակիր զաւակը` հայոց հայրենիքին, մտածողութեան, գրականութեան ամբողջ միջավայր մը: Կարող գրագէտներ, գաղափարական նուիրեալներ:

Լ. Շանթ եղաւ աներեր կամքը, նաւուն կայմը, ղեկը կը բռնէր` զայն նաւահանգիստ  առաջնորդելու:

Ն. Աղբալեանի խորասոյզ միտքը մարգարիտներ գտնելու աշխատանքը կը տանէր:

Զիրար կը լրացնէին եւ կը դառնային ամբողջութիւն:

Անոնք անբաժան էին հայրենիքի մէջ, անբաժան մնացին արտասահմանի մէջ:

Կամաւոր կերպով իրենք զիրենք դրին որպէս դրամագլուխ այս հաստատութեան: Այսօր արդէն փառաւոր կայծ մըն է ոչ միայն նիւթական, այլեւ բարոյական: Տասնամեակներ յետոյ, աւելի մեծ փայլ պիտի ստանայ, աւելի պիտի գնահատուի եւ պիտի մնայ այն մեծ գործը, այն ծաւալուն գործը, որ մեր մէջ կը կատարուի:

Այսօր Լ. Շանթ եւ Ն. Աղբալեան ոչ միայն քարէ արձաններ ունին, այլեւ հոգիի արձաններ: Հայրենիքի մէջ անոնց փառքի արձանները պիտի կանգնեցուին` ի փառս հայ ժողովուրդին»:

Բեմ հրաւիրեց Գառնիկ Բանեանը` ոգեկոչելու Նիկոլ Աղբալեանի յիշատակը: Գ. Բանեան շատ խնամուած եւ ճշգրիտ բնորոշումով ոգեկոչեց Նիկոլ Աղբալեանի անձն ու գործը:

Խաչիկ Արարատեան խոր ապրումով եւ մեղմանուշ քնարականութեամբ արտասանեց Սայաթ Նովայի ստեղծագործութիւններէն` իբրեւ յարգանք Ն. Աղբալեանի:

Բեմ հրաւիրուեցաւ տոքթ. Բաբգէն Փափազեան, ճեմարանաւարտ, ոգեկոչելու համար Լեւոն Շանթի յիշատակը: Բ. Փափազեան հոյակապ վերլուծումով եւ ճառախօսելու պերճախօս շնորհով յաջողեցաւ յստակ կերպով ներկայացնել Լեւոն Շանթը:

Խաչիկ Արարատեան յստակ առոգանութեամբ եւ տպաւորիչ ապրումով արտասանեց Լեւոն Շանթի «Շղթայուածը»-էն Նաղաշի ճառը:

Նախագահ Կ. Սասունի հանդէսը փակուած յայտարարեց եւ հրաւիրեց ներկաները բակ, ճեմարանի թիւ 1 շէնքի դիմաց, Լ. Շանթի եւ Ն. Աղբալեանի յուշարձաններուն պաշտօնական բացման ներկայ գտնուելու:

Տպաւորիչ էր պահը, երբ Կ. Սասունիի Համազգայինի Կեդր. վարչութեան ատենապետ Վահէ Սէթեանին առաջարկեց բանալ քողը Լ. Շանթի յուշարձանին: Ն. Աղբալեանի յուշարձանին քողը բացաւ ճեմարանի փոխ տնօրէններէն, ճեմարանաւարտ բանաստեղծ Մ. Իշխան:

Ներկաները գոհ տրամադրութեամբ մեկնեցան` անգամ մը եւս յայտնած ըլլալով իրենց յարգանքը հանդէպ մեծանուն Լ. Շանթի եւ Ն. Աղբալեանի:

 

ՀՅԴ Օրուան Փառահեղ Տօնակատարութիւն
Տիթրոյթի
Մէջ

Տիթրոյթէն (Ամերիկա) 10 դեկտեմբերին կը հեռաձայնեն «Հայրենիք»-ի.-

ՀՅԴաշնակցութեան օրուան տօնակատարութիւնը տեղի ունեցաւ կիրակի, 9 դեկտեմբերի 1962, կ. ե. ժամը 3:00- 6:30, հայ կեդրոնի ընդարձակ սրահին մէջ, որ կը յորդէր ներկաներու բազմութեամբ: Երէց թէ երիտասարդ, երկսեռ հոծ թիւ մը հանդիսականներու, կանուխէն լեցուցած էր սրահը, ուր տեղի ունեցաւ նախ ճաշկերոյթը, ապա տօնակատարութիւնը` բացառիկ շուքով եւ ընդհանուր խանդավառութեան մէջ:

Մօտ 500 հոգի մասնակցեցաւ ճաշկերոյթին, ապա սրահը բերնէ բերան լեցնող հաւատաւոր ընկերներու, համակիրներու եւ բարեկամներու ներկայութեան գործադրուեցաւ պատշաճ յայտագիր մը:

Կը նախագահէր Գրիգոր Ալաճաճեան, որուն կողքին տեղ գրաւած էին ՀՅԴ Տիթրոյթի միջկոմիտէականի ատենապետ Տաճատ Կոտոշեան, Կոպեռնիկ Թանտրճեան եւ Սուրէն Բաբախեան:

Բացման գեղեցիկ ուղերձով մը Ալաճաճեան  պարզեց նպատակը «Դաշնակցութեան օր»-ուան: Ապա տեղի ունեցաւ յարգանքի արտայայտութիւն մը` հանդէպ յիսունէ աւելի ընկերներու, որոնք 40 տարի ու աւելի ծառայած են ՀՅԴաշնակցութեան ու ներկայիս մաս կը կազմեն Տիթրոյթի շրջանի կոմիտէներուն եւ կամ մահացած են եւ անդարձ բաժնուած: Տիթրոյթի միջկոմիտէականին կողմէ ՀՅԴաշնակցութեան ոսկեայ զինանշաններ տրուեցան վաստակաւոր այս ընկերներուն, ինչպէս նաեւ մահացած ընկերներու այրիներուն` իբրեւ լամբակի զարդասեղ:

Գործադրուեցաւ տպաւորիչ յայտագիր մը` գեղարուեստական բաժինով (երգ, արտասանութիւն, դաշնակ): Դաշնակցութեան առաքելութեան, այժմու եւ ապագայի հիմնական ձգտումներու մասին խանդավառ բանախօսութիւն մը ըրաւ Մինաս Թէօլէօլեան: Ներկաներուն ոգեւորութիւնը առիթ տուաւ սրտաբուխ արտայայտութիւններու` Դաշնակցութեան գործին հանդէպ:

Մոմավառութենէ գոյացաւ 1050 տոլար:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )