Կրթական Նիւթեր. Միջազգային Մրցակցութիւն

Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ

Հարաւային Քորէայի մէջ ծնողներ այս ամսուան սկիզբը կ՛աղօթէին իրենց զաւակներուն քննութիւններուն յաջողութեան համար:

ԿՐԹԱԿԱՆ ՓԻՐՍԸՆ ՀԱՍՏԱՏՈՒԹԵԱՆ ԿՈՂՄԷ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՄԸ ՀԱՄԱՁԱՅՆ, ԲՐԻՏԱՆԻՈՅ ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԸ ԲԱՐԳԱՒԱՃ ԱՇԽԱՐՀԻ ԼԱՒԱԳՈՅՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԵՐԷՆ Է ԵՒ ԿԸ ԳՐԱՒԷ ՎԵՑԵՐՈՐԴ ԴԻՐՔ` ԱՇԽԱՐՀԻ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ: «ՊԻ. ՊԻ. ՍԻ.» ԿԸ ՆԵՐԿԱՅԱՑՆԷ ՈՒՍՈՒՄՆԱՍԻՐՈՒԹԵԱՆ ՏԵՂԵԿԱԳԻՐԻՆ ՄԷՋ ՆՇՈՒԱԾ ԲԱՂԴԱՏԱԿԱՆՆԵՐԸ ԵՒ ԿԸ ՊԵՂԷ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ԳԱՂՏՆԻՔՆԵՐԸ:

Միջազգային քննութիւններու արդիւնքներու, ինչպէս նաեւ 2006-2010-ի միջեւ դպրոցներէ շրջանաւարտներու համեմատութիւններու վրայ հիմնուած ուսումնասիրութիւններ ցոյց կու տան, թէ Ֆինլանտա եւ Հարաւային Քորէա կը գրաւեն առաջին եւ երկրորդ դիրքերը` աշխարհի կրթական դասաւորումներուն մէջ:

Փիրսընի կրթական գլխաւոր խորհրդատու Մայքըլ Պարպըր կ՛ըսէ, թէ կրթական յաջող արդիւնքներ արձանագրած երիրներ ուսուցիչներուն կը շնորհեն բարձր դիրք եւ զարգացուցած են կրթական «մշակոյթ» մը:

Կրթական մարզին մէջ կատարուած միջազգային բաղդատութիւններ հետզհետէ աւելի նշանակալից կարեւորութիւն կը ստանան: Իսկ այս նորագոյն դասաւորումները հիմնուած են համաշխարհային շարք մը քննութիւններու արդիւնքներուն վրայ, ինչպէս նաեւ` կրթական համակարգերու արժեւորումներու. օրինակ` քանի՛ աշակերտ դպրոցը աւարտելէ ետք համալսարան կը յաճախէ:

Այս համադրուած պատկերին մէջ Բրիտանիա շատ աւելի բարձր դիրք կը վայելէ, քան` Տնտեսական գործակցութեան եւ զարգացումի կազմակերպութեան («Օ. Ի. Սի. Տի.») համաշխարհային «Փիսա» ծրագիրին արդիւնքներուն մէջ. «Փիսա» միջազգային քննութիւններու արդիւնքներու հիմամբ կը չափէ տարբեր երկիրներու մէջ 15 տարեկան աշակերտներու կարողութիւններն ու գիտելիքները: Ի դէպ «Փիսա»-ի արդիւնքները եւս օգտագործուած են Փիրսընի ուսումնասիրութեան մէջ:

Փիրսըն իր ուսումնասիրութեան համար օգտագործած է «Էքոնոմիսթ Ինթելիճընս Եունիթ» ընկերակցութեան կողմէ տրամադրուած վիճակագրական տարբեր տուեալներ:

Կրթական մարզի երկու գերուժերուն կը յաջորդեն Հոնկ Քոնկի, Ճափոնի եւ Սինկափուրի ասիական կրթական գերազանց համակարգերը:

Բրիտանիոյ կրթական համակարգը, որ կը նկատուի առանձին համակարգ մը, կը գրաւէ լաւագոյն դիրք` միջին մակարդակ մը կազմող խումբի մը մէջ, որուն մաս կը կազմեն` Հոլանտա, Նոր Չելանտա, Քանատա եւ Իրլանտա:

Իսկ այս խումբին կը յաջորդէ աւելի ցած մակարդակով այլ խումբ մը, որուն մաս կը կազմեն` Միացեալ Նահանգներ, Գերմանիա եւ Ֆրանսա:

Դասաւորումներու ցուցակին մէջ վերջին դիրքերը կը գրաւեն` Մեքսիքա, Պրազիլ եւ Ինտոնեզիա:

Բաղդատութիւնները հիմնուած են ուսողութեան, գիտութեան եւ գրաճանաչութեան մարզերուն մէջ երեք կամ չորս տարին անգամ մը կատարուած քննութիւններու վրայ, հետեւաբար կը պարզեն պատկեր մը, որ արդէն ժամանակավրէպ է քանի մը տարիով:

Սակայն ուսումնասիրութեան նպատակն է ապահովել աւելի բազմանկիւն հայեցակէտ մը` կրթական նուաճումներու նկատմամբ, ինչպէս նաեւ` ստեղծել տեղեկութիւններու շտեմարան մը, զոր կարելի է տեւաբար այժմէականացնել:

Կրթական յաջող համակարգերը ուսումնասիրելով` Փիրսըն կ՛եզրակացնէ, որ թէեւ կրթական մարզին մէջ դրամ ծախսելը յատկանշական դերակատարութիւն ունի, սակայն անիկա նոյնքան ազդու չէ, որքան` գոյութիւնը մշակոյթի մը, որ թիկունք կը կանգնի կրթութեան:

Փիրսըն կը նշէ, թէ դիւրին է չափել կրթական մարզին մէջ կատարուած նիւթական յատկացումները, սակայն շատ աւելի բարդ է կրթութեան նկատմամբ հաւաքականութեան մը մօտեցումը չափելը, ինչ որ գլխաւոր դերակատար է ուսման մարզին մէջ:

Այս դասաւորումներուն մէջ ասիական երկիրներուն յաջողութիւնը հայելին է տուեալ ժողովուրդներուն կողմէ կրթութեան տրուած բարձր արժէքին, ինչպէս նաեւ` ծնողներու ակնկալութիւններուն: Այս մօտեցումը յատկանշական գործօն մըն է, նոյնիսկ երբ ընտանիքներ կը գաղթեն այս երկիրներէն եւ կայք կը հաստատեն այլ երկիրներու մէջ, ինչպէս կը հաստատէ տեղեկագիրը:

Նկատի ունենալով առաջնակարգ երկու երկիրները` տեղեկագիրը կը նշէ, թէ երկուքին միջեւ գոյութիւն ունին մեծ տարբերութիւններ, սակայն անոնց հասարակաց եզրը ընկերային համոզումն է` կրթութեան կարեւորութեան եւ «անոր բարոյական նպատակին»:

Ուսուցիչներու Որակ

Փիրսընի տեղեկագիրը նաեւ կը շեշտէ բարձր մակարդակով ուսուցիչներ ունենալու, ինչպէս նաեւ լաւագոյն ուսուցչական կազմը պատրաստելու միջոցներ փնտռելու կարեւորութիւնը: Ասիկա կ՛ենթադրէ յարգանք ցուցաբերել արհեստավարժ մակարդակով ուսուցիչներու նկատմամբ, ինպէս նաեւ` լաւ վարձատրել զանոնք:

Այսուհանդերձ, Փիրսընի դասաւորումները ցոյց կու տան, թէ յստակ կապ մը գոյութիւն չունի համեմատաբար բարձր աշխատավարձի եւ աշակերտներու լաւ արդիւնքներուն միջեւ:

Ուսումնասիրութեան համաձայն, կրթական բարձր եւ ցած մակարդակներու ուղղակի անդրադարձները զգալի են տնտեսական մարզին մէջ, մասնաւորաբար` համաշխարհայնացած եւ կարողութիւններու վրայ հիմնուած տնտեսութիւններու մէջ:

Սակայն երեւոյթները աւելի հակասական են, երբ հարցը կը վերաբերի դպրոցներու կազմակերպական աշխատելաձեւին:

Դպրոցներու ընտրութեան դասաւորումները ցոյց կու տան, թէ Ֆինլանտայի եւ Հարաւային Քորէայի մէջ ընտրութեան կարելիութիւնները նուազագոյն են: Սակայն կրթական համաշխարհային դասաւորումներու մէջ բարձր դիրք վայելող Սինկափուրի պարագային` կարելիութիւնները կը հասնին առաւելագոյն մակարդակի: Բրիտանիա եւս կը գրաւէ բարձր դիրք` տարբեր դպրոցներ ընտրելու կարելիութիւններ ընձեռելու մէջ:

Յատկանշական Տուեալներ

Կրթական բարձր դիրքեր գրաւող համակարգերու բնորոշ յատկանիշ մըն է դպրոցներու ինքնիշխանութեան բարձր մակարդակը: Այս առումով` բարձրագոյն դիրք կը գրաւէ Չինաստանը, անոր կը յաջորդեն` Հոլանտա, Բրիտանիա եւ Հոնկ Քոնկ, որուն դպրոցները կրթական նման դասաւորումներու մէջ կը նկատուին բոլորովին անջատ համակարգ մը:

Սակայն Ֆինլանտայի մէջ դպրոցները համեմատաբար նուազ ինքնիշխան են:

Մայքըլ Պարպըրի համաձայն, նման տեղեկութիւններու մէկտեղումը «սկիզբն է յատկանշական բանի մը» եւ գործնական աղբիւր մը կ՛ընձեռէ կրթական քաղաքականութիւն մշակողներուն, որոնք  կը փափաքին բան մը սորվիլ այլ երկիրներու փորձառութենէն:

Ինչ կը վերաբերի Բրիտանիոյ կրթական պատկերին, ուսումնասիրութեան արդիւնքները կը համապատասխանեն այն կարծիքին, թէ մակարդակը բարձրացած է 1990-ական տարիներու վերջերէն 2000-ական տարիներու սկիզբը, ապա պահած է կայուն վիճակ մը, ինչպէս կ՛ըսէ Պարպըր:

Աշխատաւորական կուսակցութեան կրթութեան բանբեր Սթիֆըն Թուիկ կ՛ըսէ, թէ յայտնաբերումները կ՛արտացոլեն նախորդ կառավարութեան իրագործումները:

«Այս տեղեկագիրը ցոյց կու տայ, թէ աշխատաւորական կուսակցութեան իշխանութեան 13 տարիներու բարեկարգչական ծրագիրներուն եւ շահարկումներուն իբրեւ արդիւնք` Բրիտանիոյ դպրոցները կը դասուին աշխարհի լաւագոյններուն շարքին:

Ան կ՛ըսէ, թէ յայտնաբերումերը ոչ մէկ ապացոյց կը պարունակեն ներկայ կառավարութեան ձրի դպրոցներու զօրակցութեան քաղաքականութեան վերաբերեալ:

«Ասիկա կը նշանակէ, թէ դպրոցներու աշխատելաձեւը շատ աւելի վճռորոշ դեր ունի, քան` անոնց կառոյցը», կ՛աւելցնէ Թուիկ:

Բրիտանիոյ կրթութեան նախարարութեան մէկ բանբերը կ՛ըսէ. «Կրթական մակարդակը կը բարձրացնենք` ուսուցչական պաշտօնի ընդունելով լաւագոյն արդիւնք արձանագրած համալսարանաւարտները, մշակելով գերազանց կրթական ծրագիր մը եւ կարգ ու կանոնը վերահաստատելով մեր դասարաններուն մէջ»:

«Կը բարելաւենք ակադեմական մակարդակի մեր կառոյցներն ու ձրի դպրոցներու ծրագիրները: Այժմ մեր երկրորդական վարժարաններուն աւելի քան կէսը կը վայելէ ակադեմական մակարդակ»:

«Հաստատած ենք անգլիական պաքալորէան, որպէսզի շատ աւելի մեծ թիւով աշակերտներ հետեւին համալսարաններու մէջ դասաւանդուող ակադեմական նիւթերուն եւ աշխատանքի ասպարէզներու մէջ պահանջուած մասնագիտութիւններուն: Յառաջիկային պիտի որդեգրենք նոր եւ շատ աւելի խիստ քննութիւններու համակարգ մը»:

Առաջնակարգ 20 Երկիրները

Ֆինլանտա
Հարաւային Քորէա
Հոնկ Քոնկ
Ճափոն
Սինկափուր
Բրիտանիա
Հոլանտա
Նոր Զելանտա
Զուիցերիա
Քանատա
Իրլանտա
Դանիա
Աւստրալիա
Լեհաստան
Գերմանիա
Պելճիքա
Միացեալ Նահանգներ
Հունգարիա
Սլովաքիա
Ռուսիա

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )