Կրթական Նիւթեր. Այսօրուան Պարտականութիւնը
Պատրաստեց՝ Լ. ԿԻՒԼՈՅԵԱՆ – ՍՐԱՊԵԱՆ
ԿՐԹԱԿԱՆ ՀԱՄԱԿԱՐԳԵՐՈՒ ՀԱՄԱՇԽԱՐՀԱՅԻՆ ԴԱՍԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ՖՐԱՆՍԱ ԿԸ ԳՐԱՒԷ 24-ՐԴ ԴԻՐՔ, ՍԱԿԱՅՆ ԵՐԿՐԻՆ ՆԱԽԱԳԱՀԸ ԿԸ ՅԱՅՏԱՐԱՐԷ, ԹԷ ԿԸ ՄԻՏԻ ՋՆՋԵԼ ՏԱՆ ՊԱՐՏԱԿԱՆՈՒԹԻՒՆԸ: «ՏԸ ՆԻՒ ԵՈՐՔԸՐ» ԹԵՐԹԻՆ ՄԷՋ ՀԵՏԱՔՐՔՐԱԿԱՆ ՅՕԴՈՒԱԾ ՄԸ ՇԱՏ ԼՈՒՐՋ ԵՒ ԻՒՐԱՅԱՏՈՒԿ ԴԻՏԱՆԿԻՒՆՈՎ ԿԸ ԲԱՑԱՏՐԷ, ԹԷ Ո՛ՒՐ ՊԷՏՔ Է ՓՆՏՌԵԼ ԿՐԹԱԿԱՆ ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՅԱՋՈՂՈՒԹԵԱՆ ԲԱՆԱԼԻՆ: ՅԱՅՏՆԱՊԷՍ ԳԱՂՏՆԻՔԸ ԿԸ ԳՏՆՈՒԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐՈՒ ՄՇԱԿՈՅԹԻՆ ԵՒ ԿԱՄԵՑՈՂՈՒԹԵԱՆ ՄԷՋ ԵՒ ՈՉ` ՄՕՏԵՑՈՒՄՆԵՐՈՒ ՏԱՐԲԵՐՈՒԹԵԱՆ:
Թերեւս այս մէկը չէիք գիտեր Ֆրանսայի մասին. երկրին նախագահը լիազօրութիւնը ունի ջնջելու տան պարտականութիւնը: Վերջերս Սորպոն համալսարանին մէջ Ֆրանսուա Հոլանտ յայտարարեց իր մտադրութիւնը` տան պարտականութիւնը ջնջելու նախակրթարանի եւ միջնակարգի բոլոր աշակերտներուն համար: Ան կը փափաքի նաեւ այլ ձեւերով բարեկարգել Ֆրանսայի կրթական համակարգը. օրինակ` կարճցնել դպրոցական օրը եւ յաւելեալ աղբիւրներ տրամադրել երկրին նուազ բարգաւաճ շրջաններու դպրոցներուն: «Էքոնոմիսթ Ինթելիճընս Եունիթ» հաստատութիւնը, որ կը պատկանի «Տի Էքոնոմիսթ» թերթը հրատարակող ընկերութեան, վերջերս կատարած է աշխարհի կրթական համակարգերուն մէկ նոր արժեւորումը, որուն համաձայն, Ֆրանսա կը գրաւէ 25-րդ դիրքը: Գաղափար մը տալու համար ձեզի, թէ որքա՛ն տկար մակարդակ մըն է այս, բաւարար է նշել, թէ Միացեալ Նահանգներ, ուր քաղաքացիներ վարժուած են լսելու, թէ որքա՛ն ցած է իրենց կրթական մակարդակը, կը գրաւեն տասնեօթներորդ դիրքը:
Տան պարտականութիւններու լուծէն ձերբազատելու Ֆրանսայի նախագահին այս յայտարարութիւնը կ՛ոգեւորէ ոչ միայն Ֆրանսայի զաւակները, այլ նաեւ` Միացեալ Նահանգներու մէջ տան պարտականութիւններու բազմաթիւ թշնամիները. ծնողներ եւ յառաջապահ կրթական մշակներ, որոնք երկար ատենէ ի վեր շեշտած են, թէ դպրոցի ժամերէն ետք մանուկները քառանկիւն զուգահեռներ գծելու, անկանոն բայեր խոնարհելու եւ իրենց դասագիրքերուն մէջ ամբողջ գլուխներ ուրուագծելու ստիպողութեան տակ դնելը անմիտ է` տարբեր պատճառներով, ոչ մէկ կապ ունի կրթական նուաճումներու հետ, ընդհակառակը` ժխտական ներգործութիւն ունի անոնց վրայ եւ գլխաւոր դերակատար է արդի ժամանակներու մեծագոյն չարիքին` հոգեկան լարուածութեան մէջ: Սակայն նախագահ Հոլանտ յառաջապահ կրթական մշակ մը չէ: Ան ընկերվարական մըն է: Այս մարզին մէջ իր ուժը բանեցնելու անոր մղումը արդիւնք է անհաւասարութեան մը դէմ պայքարելու անոր տրամադրութեան: Ան կը մտածէ, թէ տան պարտականութիւնը առաւելութիւն մը կու տայ այն մանուկներուն, որոնց ծնողները ուսեալ են եւ բարեկեցիկ, հետեւաբար կարողութիւնը ունին օգնելու իրենց զաւակներուն աշխատանքին, մինչդեռ այն մանուկները, որոնց ծնողները զարգացած չեն, զրկուած են այս առաւելութենէն: Նախագահը կը փափաքի իւրաքանչիւրին շնորհել հաւասար առիթներ:
Տան պարտականութիւնը հաստատուած սովորութիւն մըն է, որմէ կը խորշին բոլոր անոնք, որոնք կը կիրարկեն զայն: Մանուկներ կ՛ատեն զայն` առողջ եւ բացայայտ պատճառներով: Ծնողներ կ՛ատեն զայն, որովհետեւ անիկա կը դժբախտացնէ իրենց զաւակները, սակայն, Աստուած չընէ՛, որ անոնք ցած նիշ մը ստանան կամ` ոչ կատարեալ նիշ մը: Իսկ ուսուցիչներ կ՛ատեն զայն, որովհետեւ ստիպուած են նիշ տալ: Տան պարտականութիւնները սրբագրելը ուսուցիչներուն անվերջանալի տան պարտականութիւնն է: Սիզիփոսը բախտաւոր էր` անոնց բաղդատած:
Արդեօք ասիկա կը նշանակէ, թէ աւելի լա՞ւ կեանք մը պիտի ապրինք, եթէ ձերբազատինք տան պարտականութենէն: Յայտնապէս անոր դէմ հաստատուած երկու վիճարկութիւններ ոտքի չեն կանգնիր: Առաջինը կ՛ըսէ, թէ տան պարտականութիւնը դատարկ աշխատանք է եւ ոչ մէկ դեր ունի կրթական նուաճումներու մէջ: Այս մարզին ամէնէն հեղինակաւոր մասնագէտներէն` Տիուք համալսարանի դասախօս Հերիս Քուփըրի համաձայն, տան պարտականութիւնը կը նպաստէ դպրոցին մէջ յաջողութիւն արձանագրելու, թէեւ անոր ներգործութիւնը այնքան ալ հզօր չէ: Քուփըր կ՛ըսէ, թէ տան պարտականութեան դերը աւելի դրական է միջնակարգի եւ երկրորդականի մէջ, քան` նախակրթարանի, որովհետեւ փոքր մանուկները շատ աւելի պատրաստ են ցրուելու: Ան նաեւ կը մտածէ, թէ տան պարտականութիւնները երբեմն կը ծանրաբեռնեն մանուկը, եւ կը յանձնարարէ տասը վայրկեանէն աւելի տան պարտականութիւն չտալ` որեւէ դասանիւթի մէջ: Սակայն Քուփըրի եզրայանգումը, թէ` տան պարտականութիւնը կարեւոր է, հիմնուած է 40 տարի շարունակ կատարուած ուսումնասիրութիւններու արդիւնքներու վրայ:
Իսկ տան պարտականութիւններու վերաբերող ցարդ անհիմն դժգոհութիւնը այն է, թէ անոնք հետզհետէ կ՛աւելնան: 2003-ին ՌԷՆՏ ուսումնասիրութեան հիմնարկէն Պրայըն Կիլ եւ Քառնըկի Մելըն համալսարանէն Սթիվըն Սքլոսման ապացուցեցին, թէ ամերիկացի աշակերտներուն տան պարտականութեան տրամադրած ժամանակը որեւէ փոփոխութիւն չէ կրած 1940-ական տարիներէն ի վեր: Տան պարտականութիւններու յաւելեալ ժամեր տրամադրուած են միայն 1960-ական տարիներու սկիզբը` խորհրդային «Սփութնիք» արբանեակին դէպի ծիր արձակումին յաջորդած տարիներուն, եւ չնչին այլ յաւելում մը 1980-ական տարիներու կէսերուն` Միացեալ Նահանգներու կրթութեան նախարարութեան կողմէ «Է նէյշըն էթ ռիսք» (երկիր մը` վտանգուած) տեղեկագիրին հրապարակումէն ետք: Միացեալ Նահանգներու տարածքին տան պարտականութեան տրամադրուած ժամանակը շատ չէ: Աշակերտներուն մեծամասնութիւնը, նոյնիսկ երկրորդականի վերջին տարիներու աշակերտները օրական հազիւ մէկ ժամ կը յատկացնեն տան պարտականութիւններու` դպրոցական շաբթուան 5 օրերուն ընթացքին: Վերջերս հաւաքուած տուեալներ կը հաստատեն, թէ այս պատկերը տակաւին նոյնն է: Մանուկներուն մեծ մասը դպրոցէն ետք տան պարտականութեան չի յատկացներ իր ժամերը:
Ինչպէս կրթական մարզին մէջ բազմաթիւ այլ վէճեր, Քուփըրի բառերով` «տան պարտականութեան համար մղուող ճակատամարտը» իրականութեան մէջ կապ չունի դպրոցներուն մակարդակը բարելաւելու հետ: Այլ անիկա կ՛առնչուի դպրոցներու դերին նկատմամբ մեր ակնկալութիւններուն: «Էքոնոմիսթ»-ի ուսումնասիրութեան համաձայն, Ֆինլանտա ունի աշխարհի ամէնէն յաջող կրթական մակարդակը: Հոն աշակերտներ ոչ մէկ տան պարտականութիւն կը կատարեն: Անոնք դպրոց չեն յաճախեր 7 տարեկանէն առաջ, իսկ դպրոցական օրը կարճ է: Հաշուարկումներու համաձայն, իտալացի մանուկները ֆինլանտացի մանուկներէն երեք տարի աւելի դպրոց կը յաճախեն (իսկ Իտալիան «Էքոնոմիսթ»-ի կրթական մակարդակի արժեւորումներուն մէջ կը գրաւէ 24-րդ դիրքը):
Միւս կողմէ` աշխարհի ամէնէն յաջող կրթական մակարդակը ունեցող երկրորդ երկիրը Հարաւային Քորէան է, որուն դպրոցները տխրահռչակ են` իրենց ծանրաբեռնող խստութեամբ: Հարաւային Քորէայի նախակրթարանի աշակերտներուն 90 առ հարիւրը դպրոցէն ետք դասերը կը սորվի անձնական ուսուցիչի մը հետ: Իսկ այս երկրին պատանիները կը դասուին բարգաւաճ աշխարհի ամէնէն տխուր պատանիներուն շարքին: Մրցակցութիւնը այնքա՛ն ուժեղ է, որ պետութիւնը սահմանափակած է աշակերտները քննութիւններու պատրաստող սեփական վարժարաններուն գործունէութիւնը` ապօրինի հռչակելով գիշերուան ժամը 10:00-էն ետք դռները բաց պահելը (թէեւ կարգ մը նման վարժարաններ կը փորձեն շրջանցել օրէնքը` գրանցուելով իբրեւ գրադարան):
Այսուհանդերձ, կրթական երկու համակարգերն ալ յաջող են, եւ պատճառը այն է, թէ Ֆինլանտայի դպրոցները կը գործեն այնպէս, ինչպէս ֆինլանտացիք կը փափաքին, այսինքն կը ձգտին իւրաքանչիւր աշակերտ հասցնել նոյն մակարդակին եւ սերմանել հաւասարութեան յանձնառութիւն մը, իսկ Հարաւքորէայի դպրոցները կը գործեն այնպէս, ինչպէս հարաւային Քորէացիք կը փափաքին, այսինքն կը ձգտին պատրաստել ապագայ ժրաջան աշխատաւորները: Երբ նախագահ Հոլանտ կը խոստանայ վերջ դնել տան պարտականութեան, կարճցնել դպրոցական օրը եւ յաւելեալ ուսուցիչներ տրամադրել ոչ բարեկեցիկ շրջաններու, ան ըսել կ՛ուզէ, թէ Ֆրանսա կը փափաքի աւելի Ֆինլանտայի նմանիլ: Անոր բարեկարգումները արդիւնք կրնան տալ միայն այն պարագային, եթէ իրապէ՛ս կ՛արտայայտեն ֆրանսացիներուն փափաքը:
Իսկ ի՞նչ կը փափաքին ամերիկացիները: Անոնք պիտի չուզեն նմանիլ Ֆինլանտայի: Ամերիկացիք ունին հաւասարապաշտ մօտեցում` անհաւասարութեան նկատմամբ: Անոնք կը փափաքին, որ իւրաքանչիւր անձ հաւասար առիթը ունենայ բոլորէն աւելի լաւ ըլլալու: Ընդհանրապէս բոլորը դպրոցը կը նկատեն այս մէկը իրագործելու ճամբան: Այսուհանդերձ, նախագահ Հոլանտի նպատակը որոշ չափով հասկնալի է. կրթական բարեկարգումներու թաքուն գաղտնիքը այն է, թէ կրթական յաջողութեան մեծագոյն բանալին ծնողներու եկամուտն է: Նոյնիսկ համալսարան մուտքի քննութիւններ, ինչպէս` Էս. Էյ. Թի., խորքին մէջ ծնողներու եկամուտներուն հայելին են: Բարեկեցիկ ընտանիքներու զաւակներ աւելի բարձր նիշեր կ՛արձանագրեն այս քննութիւններուն մէջ: Կը թուի, թէ կրթական համակարգը առիթներ ստեղծող եւ ընկերային դիրքեր վերահաստատող միջոց մըն է, սակայն ձեւով մը կը գործէ տիրող իրավիճակը յաւիտենականացնելու նպատակով:
Արդեօք տան պարտականութիւնը վա՞տ բան մըն է: Անոր ջատագովները կ՛ըսեն, թէ անիկա միջոց մըն է` ծնողները դերակատար դարձնելու իրենց զաւակներուն կրթութեան մէջ, դպրոցը բերելով տուն, ինչ որ վատ բան մը չէ: Սակայն նաեւ հաւանական է (ի տարբերութիւն` նախագահ Հոլանտի ենթադրութեան), թէ տան պարտականութեան ամէնէն բուռն թշնամիները նոյնինքն բարեկեցիկ ծնողներն են, որոնք կը փափաքին դպրոցէն ետք ջութակի դասերու տանիլ իրենց զաւակները կամ` թայ քուան տոյի. զբաղումներ, որոնք շատ աւելի կը հարստացնեն անձը եւ շատ աւելի հաճելի են, քան` անկանոն բայեր խոնարհելը: Նուազ բարեկեցիկ ծնողներ հաւանական է, որ նախընտրեն տան պարտականութիւնը` իբրեւ իրենց զաւակները փողոցներէն հեռու պահելու միջոց: Եթէ կարենանք դպրոցէն ետք երաժշտութեան դասեր, դէպի թանգարան այցելութիւններ, մարզական հետաքրքրական ծրագիրներ ապահովել աղքատ մանուկներուն, ապա կրնանք մէկ վայրկեանի մէջ ջնջել տան պարտականութիւնները: Ոչ ոք պիտի կարօտնայ զանոնք:

