Կաղանդի Տօնավաճառ Կերթմենեան Վարժարանին Մէջ
Կազմակերպութեամբ Հայ աւետարանական Կերթմենեան վարժարանին, երէկ, 6 դեկետմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ աւանդութիւն դարձած Կաղանդի տօնավաճառի բացում:
Տօնավաճառին ներկայացուած էին Կաղանդի զարդարանքներ, զամբիւղներ, ձեռագործներ, ձեռային աշխատանքներ, զարդեղէններ, ուտելիքներ, անուշեղէններ եւ այլն: Ինչպէս ամէն տարի, այս տարի եւս 6-րդ դասարանի աշակերտները իրենց դաստիարակի հսկողութեամբ սուրճ, նեսքաֆէ, թէյ, սահլէպ, բակլայ կը հրամցնէին այցելուներուն:
CATEGORIES Գաղութային

