Ազգային Եղիշէ Մանուկեան Քոլեճի Աւանդական Տօնավաճառի Բացում
Երեքշաբթի, 11 դեկտեմբերի առաւօտեան ժամը 10:00-ին, «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճի Տիկնանց յանձնախումբին կազմակերպած աւանդական տօնավաճառի բացման պաշտօնական հանդիսութիւնը` նախագահութեամբ Նայիրի Մանուկեանի:
Տօնավաճառի բացման ժապաւէնը կտրուելէ ետք, խօսք առաւ քոլեճի Տիկնանց յանձնախումբի ատենապետ Սոնա Ասատուրեանը: Ան նախ բարի գալուստ մաղթեց ներկաներուն ու իր խօսքին մէջ ըսաւ, թէ Տիկնանց յանձնախումբը յենելով դպրոցի ծնողներուն ու բարեկամներուն բարի կամքին ու աջակցութեան վրայ, փորձած է աւանդական տօնավաճառին ընդմէջէն այս տարի եւս, տօնական ուրախ ու աշխուժ մթնոլորտ ստեղծել դպրոցին մէջ:
Ան շնորհակալութիւն յայտնեց տօնավաճառի նախագահ Նայիրի Մանուկեանին` նշելով, որ ան եղած է Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճի շրջանաւարտներէն, իր կապը ամուր պահած է քոլեճին հետ եւ այժմ նաեւ ծնող է դպրոցին մէջ:
Ատենապետուհին վեր առաւ նաեւ Մանուկեան ընտանիքին դրական ներդրումը քոլեճի շինարարական աշխատանքներուն մէջ` շեշտելով, թէ Տէյվիտ, Քրիստիան ու Կի Մանուկեանները, իրենք եւս ըլլալով ա՛յս քոլէճի շրջանաւարտները` զայն կը նկատեն իրենց հարազատ տունը:
Ապա ան հրաւիրեց քոլեճի տնօրէն` Զոհրապ Ղազարեանը, Աստղիկ եւ Նայիրի Մանուկեանները` միասնաբար հատելու քոլեճի նշանակը կրող կարկանդակը:
Տեղի ունեցաւ հիւրասիրութիւն, որմէ ետք ներկաները առիթը ունեցան այցելելու տօնավաճառի սեղանները, ուր ճաշակաւոր կերպով տեղադրուած էին հայկական զարդանմուշներով աղօթքներ ու մաղթանքներ, Կաղանդի յատուկ կողովներ, ձեռագործներ, հայկական գինի, չոր մրգեղէն, խաղալիքներ ու այլազան նուէրի յարմար իրեր:
Յատուկ ուշադրութեան արժանացաւ, Հայաստանէն ներածուած իւրայատուկ զարդեղէններու ու ճաշասեղանի սպասներու յատկացուած սեղանը:

