Ատենամարզանք` Նուիրուած Կոմիտաս Վարդապետին

Երաժշտահան, երաժշտագէտ, երաժիշտ-բանահաւաք, երգիչ, խմբավար, մանկավարժ Կոմիտասը հայ ազգային երաժշտական դպրոցի հիմնադիրն է: Անոր գործունէութիւնը նկատելի ազդեցութիւն ունեցած է նաեւ արեւելեան այլ ժողովուրդներու երաժշտութեան զարգացման վրայ:

Հայ մշակոյթի մեծ արժէքներէն եւ թանկագին գանձերէն մէկուն` Կոմիտասին նուիրուած ատենամարզանքով վարժարանի աշակերտութիւնը հանդիսութեամբ մը պատուեց երաժշտութեան անզուգական մեծ վարպետը, որուն ի պատիւ տեղի ունեցած հանդիսութիւններու, ձեռնարկները միշտ պարտական կը մնան անոր բազմաբեղուն գործունէութեան ու վաստակին դիմաց:

«Այսօր մենք կը յիշենք սուրբ մը, որ ունեցաւ տեսիլք եւ խոր իմացութիւն` երաժշտական գիտութեան: Այսօր մենք հանդիսութեամբ մը կը պատուենք հայ երաժշտութեան Մաշտոցը, որ հայացուց ազգը եւ անոր տուաւ ինքնուրոյն դիմագիծ: Ան իր աստուածատուր շնորհքով հիացուց նոյնիսկ օտար արուեստագէտները», իր բացման խօսքին մէջ ըսաւ վարժարանի հայոց լեզուի ուսուցչուհի Մարգրիտ Ազատեան եւ մաղթեց, որ վերակենդանացնենք անմահ յիշատակը ամենայն հայոց խմբավարին:

Կենդանի պատկերով ներկայացուեցաւ Կոմիտասի երաժշտական հանճարը, որմէ ետք տեսերիզի ցուցադրութեան ընկերակցեցաւ վարժարանիս մեծ աղջիկներու պարախումբին հեզաճկուն պարը, որուն ընթացքին կը հնչէին մեծ հայուն, մեծ մարդուն եւ մեծ արուեստագէտին յօրինած երաժշտութիւնները:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ օրուան հիւրը` Պուրճ Համուտի քաղաքապետարանի խորհուրդի անդամ եւ Համազգայինի «Բարսեղ Կանաչեան» երաժշտանոցի դաշնակի դասատու Հուրի Միքայէլեան, որ գնահատեց Կոմիտաս վարդապետին նուիրուած հանդիսութիւն կատարելու ընտրութիւնը եւ մանուկներուն համար շատ հաղորդական ու տպաւորիչ ձեւով ներկայացուց Սողոմոն Սողոմոնեանի կեանքը` որբացած մանկութենէն մինչեւ վանական դաստիարակութիւն, ուսանողութեան տարիներ, բեղմնաւոր գործունէութիւն, երաժշտութիւններու պեղումներու աննախընթաց աշխատանք, եւ ի վերջոյ, անոր տագնապահար մահը` ի տես հայ ժողովուրդին կրած անմարդկային չարչարանքներուն:

Կոմիտասի երաժշտութեան ունկնդրութեան եւ անոր եղանակներուն տակ ներկայացուած պարին յաջորդեց տնօրէն Ռիթա Պոյաճեանի փակման խօսքը, որուն մէջ ան շնորհակալութիւն յայտնեց այս աշակերտական ատենամարզանքը պատրաստող Մարգրիտ Ազատեանին եւ. Յովիկ Յակոբեանին, ու նշեց, որ` «Կոմիտասը գանձ մըն է, որուն առաքելութիւնը անաւարտ մնացած է թուրք դահիճին պատճառով: Ան դրած է հայ երաժշտութեան հիմը եւ տակաւին շա՜տ մեծ հարստութիւններ պիտի թողուր, որոնք այսօր անիմանալի են մեզի համար»:

Հայկական անարատ երաժշտութեան մեծ վարպետին` վարդապետին վաստակը արժեւորող ու գնահատող այս ձեռնարկը հիմնական նպատակ կը հետապնդէր հայ աշակերտները ծանօթացնել հանճարեղ երաժշտահանին ու փիլիսոփայ հոգեւորականին եւ մղել զանոնք` կառչած մնալու հայկական բիւրեղեայ երգին ու երաժշտութեան, հեռու մնալ տարօրինակէն կամ անմակարդակէն, որոնք կը կլանեն մերօրեայ երիտասարդ սերունդը: Այս պատգամով ու յորդորով Ռ. Պոյաճեան աւարտեց իր խօսքը:

ԼՐԱՏՈՒԱԿԱՆ ՄԱՐՄԻՆ
ՀԱՅ ԿԱԹՈՂԻԿԷ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԻ
Գ. ՀԱՐՊՈՅԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )