Լիբանանի Անկախութիւնը Թորոսեան Վարժարանին Մէջ. Անկախութիւն…

Բառը ինքնին արդէն մեծ իմաստ կը պարփակէ իր մէջ:

Խիստ կարեւոր է փոքրիկներու մտքին մէջ յստակացնել ու ամրապնդել անկախութեան գաղափարը եւ անոր կարեւորութիւնը: Այս կէտը ի մտի ունենալով` Թորոսեան վարժարանը, ինչպէս միշտ, այս տարի եւս  յատուկ ոճով եւ շուքով  յիշատակեց Լիբանանի անկախութեան տօնը:

Տօնակատարութիւնը եղաւ յատուկ` որովհետեւ աշակերտներու պատրաստած  յայտագրին կողքին, իրենց մասնակցութիւնը բերին նաեւ լիբանանեան բանակի մասնայատուկ ուժերու  խմբակ մը:

Յիշատակելի օրուան նախօրեակին Թորոսեան վարժարանին մէջ կը տիրէր խանդավառ եռուզեռ մը: Լիւսի Քահքեճեանի, Անի Ումուտեանի եւ  Պիսար Խալիֆէի ցուցմունքներուն հետեւելով, իւրաքանչիւր անձ գործի գլուխն անցած կ՛ուզէր իր լաւագոյնը տալ` պատշաճ ձեւով ընդունելու համար մեր հայրենիքի զինուորները:

Աշակերտները դպրոցի մուտքին լիբանանեան քայլերգով, դրօշակներով եւ վարդերով դիմաւորեցին  մեր հայրենիքի պաշտպանները: Արաբերէն լեզուի դասատու Անի Ումուտեանի բարի գալուստի խօսքէն ետք  իւրաքանչիւր  դասարան ներկայացուց իր պատրաստած հայրենասիրական  երգերը, խօսքերն ու արտասանութիւնները` նուիրուած մեր սիրելի հայրենիքին` Լիբանանին եւ անոր պաշտպան զինուորներուն:

Բանակի մասնայատուկ ուժերու խմբակին անդամները իրենց կարգին ներկայացուցին  իրենց առօրեայէն պատկերներ: Անոնք աշակերտներուն ցուցադրեցին զանազան  ձեւեր եւ միջոցներ, որոնցմով կը պաշտպանեն մեր հայրենիքը եւ մեզի կը պարգեւեն հանգիստ ու խաղաղ ապրելու վայր մը:

Հաճելի էր տեսնել աշակերտները որոնք ապշած կը դիտէին իրենց ներկայացուածը եւ վստահաբար կը մտածէին, թէ իրենք ալ ապագային պիտի ըլլան մէկական զինուորներ եւ պաշտպանեն իրենց սիրելի հայրենիքը:

Օրը անցաւ խանդավառ:

Աշակերտները առիթը ունեցան նաեւ մօտէն տեսնելու զրահապատ կառքը, բարձրանալու անոր վրայ եւ առնելու յիշատակելի պատկերներ: Այս բոլորը տեսնելով` իրենց մտքին մէջ աւելի, ամրապնդուեցաւ անկախութեան գաղափարը, եւ թէ` որքան դժուար է հայրենիքը անկախ պահել եւ ի՞նչ զոհողութիւններու կը կարօտի այս մէկը:

Այսպիսով աւարտեցաւ  մեր տօնակատարութիւնը` անշուշտ անհամբեր սպասելով յաջորդ տարուան, որպէսզի դարձեալ հանդիպինք եւ միասնաբար տօնենք մեր սիրելի հայրենիքին` Լիբանանին անկախութիւնը:

ԱՆԻ ԳԱԼԵՆՏԵՐԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )