Նկարիչ Յարութիւն Թորոսեան Կ՛արժանանայ «Պիաֆ»-ի Մրցանակին

27 նոյեմբեր 2012-ի գիշերը մեծարանքի երեկոյ մը, տեղի ունեցաւ Պէյրութի «Պիէլ» կեդրոնի «Փաւիյոն Ռուայեալ» ընդարձակ եւ գեղեցիկ սրահին մէջ, աւելի քան հազար հրաւիրեալներու ներկայութեան, կազմակերպութեամբ «Պէյրութ էնթերնասիոնալ մեծարանքի փառատօն»-ին (Biaf), մասնակցութեամբ Լիբանանի Կրթութեան եւ գեղարուեստի նախարարութեան:

Նոյն առիթով ներկաներուն մատուցուեցաւ տոհմիկ ընթրիք:

Մեծարուողները թիւով` 15 հոգի, գիտութեան եւ արուեստներու մէջ հեղինակութիւն ունեցող անձնաւորութիւններ էին: Յարութիւն Թորոսեան միակ հայն էր եւ միակ նկարիչը:

Իւրաքանչիւր մեծարուող անձ կը հրաւիրուէր բեմ` ստանալու համար յաղթանակը խորհրդանշող արձանիկը (Trophée կամ պարգեւ) Murex d’or) եւ կ՛ըսէր սրտի խօսքը:

Երբ Յարութիւն Թորոսեան հրաւիրուեցաւ բեմ` ստանալու համար իր մրցանակը, բարձրախօսին առջեւ, ֆրանսերէն լեզուով ըսաւ հետեւեալը. «Բարի իրիկուն յարգելի՛ տիկիններ եւ պարոններ, թոյլ տուէք նախ շնորհակալութիւն յայտնել «Պիաֆ»-ի նախագահ տոքթ. Միշէլ Տահերին, որ զիս եւս նկատի ունեցած է այլոց շարքին, մեծարման այս փառատօնին: Ինչ կը վերաբերի նկարիչներուն, նման պարագաներու, առհասարակ անոնք իրենց ներուժը կը պահեն նկարելու` փոխանակ խօսելու: Յամենայն դէպս կ՛ուզեմ քանի մը խօսք ըսել նկարչութեան մասին: Եթէ գիտութիւնը իր խօսքը կ՛ուղղէ մարդու մտքին, արուեստը, իր հերթին, ըլլալով մտաւոր աշխատանքի մը արդիւնքը, կը պեղէ մարդ էակի զգացական աշխարհը: Եւ վստահաբար նոյնն է պարագան արուեստի միւս մարզերուն համար: Խօսքս վերջացնելէ առաջ կ՛ուզեմ կրկին շնորհակալութիւն յայտնել «Պիաֆ»-ի յարգարժան նախագահին եւ այս գեղեցիկ երեկոն կազմակերպողներուն:

Շնորհակալութիւն»:

* * *

Յաջորդ օրը` 28 նոյեմբեր 2012-ի ժամը 11:30-ին, մեծարուողները ընդունուեցան Լիբանանի նախագահ Միշել Սլէյմանի կողմէ, նախագահական պալատին մէջ: Նախագահը ծանօթացաւ իւրաքանչիւր անձի եւ շնորհաւորեց զանոնք:

Ապա դիմելով ներկաներուն` նախագահը շեշտեց կարեւորութիւնը գիտնականներու եւ արուեստագէտներու, նաեւ` անոնց մատուցած ծառայութիւնը լիբանանեան հայրենիքին:

«Լիբանան եղած է մշակոյթի եւ քաղաքակրթութեան երկիր մը եւ այսօր եւս ան կը հաւատայ այդ արժէքներուն եւ կը նկատէ զանոնք ժողովուրդներու փոխըմբռնման եւ բարեկամութեան խորհրդանիշ: Լիբանան հպարտ է իր զաւակներու կարողութիւններով: Մեր հայրենիքը իւրայատուկ տեղ ունի ազգերու պատմութեան մէջ, մարդկային քաղաքակրթութեան բերած իր նպաստով, սկսած` գիրերու գիւտէն, որ անցնելով Յունաստանէն` լուսաւորած է լատինական եւ եւրոպական աշխարհը:

«Կը շնորհաւորեմ ձեզ ու շնորհակալ եմ Լիբանանին մատուցած ձեր ծառայութիւններուն համար»:

Հուսկ տեղի ունեցաւ խմբական լուսանկար` նախագահին հետ, նաեւ` առանձին-առանձին:

Յ.Գ. «Սաժես» համալսարանի «Հըքմէ» պարբերականը իր հոկտեմբեր 2012-ի թիւին մէջ 5 էջերէ բաղկացած եւ Յարութիւն Թորոսեանին նկարչութեան նուիրուած յօդուած մը հրատարակած է:

Զոյգ առիթներով կը շնորհաւորենք մեր հայրենակիցը:

Share this Article
CATEGORIES