«Հայրենիք»ի Խմբագրական. Մինչեւ Փետրուար 18…

Զարմանալի՛ զուգադիպութիւն…

Պաշտօնապէս որոշումը տրուեցաւ եւ փետրուարեան համաժողովրդային ապստամբութեան նշման օրն իսկ` փետրուար 18, 2013-ին պիտի կատարուին Հայաստանի Նախագահական ընտրութիւնները:

Հաւանաբար շատերու համար յստակ է, թէ ի՛նչ պիտի ըլլայ արդիւնքը եւ, ի վերջոյ, ո՞վ պիտի ստանձնէ երկրին ղեկը: Հակառակ այս կացութեան` տկարութեան եւ անկարողութեան նշան է անտարբեր մնալն ու կրաւորական դիրքորոշում որդեգրելը:

Գէթ, նոյնիսկ ընտրութեան գործընթացը առիթ եւ մթնոլորտ կը ստեղծէ իշխանափոխութեան մը կարելիութեան:

Յստակ է, թէ Հայաստանի յառաջիկայ հնգամեայ ապագան կախեալ է այս ընտրութենէն, եւ այսուամենայնիւ, թէ՛ ժողովուրդը եւ թէ՛ անոր ընտրած վարչակազմին ապագայ ղեկավարը կարեւոր եւ առաջնահերթ պիտի նկատէ (… կամ պէտք է որ նկատէ) այս մարտահրաւէրները եւ պիտի ստանձնէ զանոնք յաղթահարելու յանձնառութիւնը:

Հոս տեղին է նշելն ու շեշտելը, թէ ՀՅ Դաշնակցութեան որոշումը ոեւէ անձի, կամ որեւէ կազմակերպութեան դիրքորոշումով պայմանաւորուած չի կրնար ըլլալ:

Միշտ ալ խումբն ու խմբային որոշումը գերադասելով անհատէն` Հ.Յ.Դաշնակցութիւնը իր որոշումներն ու գործընթացը կը կատարէ ժողովներով:

Նաեւ, բոլորն ալ քաջատեղեակ են, թէ ՀՅ Դաշնակցութեան ընթացքը շատ յստակ է, եւ հետեւաբար, կուսակցութիւնը ոեւէ մէկուն դիրքորոշումով եւ անձնական քմահաճոյքով չի պայմանաւորեր իր որոշումը:

Այս պատճառով եւ հասարակութեան լայն շերտերը համախմբելու մտահոգութեամբ, ՀՅԴ նախաձեռնեց «Միասնական օրակարգով դէպի նախագահական ընտրութիւններ» կարգախօսը: Ի վերջոյ, տեղին է ունենալ ազատութիւն եւ ժողովրդավարութիւն, որպէսզի յանուն ներազգային համերաշխութեան` բոլորին տրուին հաւասար կարելիութիւններ, եւ բոլորը օգտուին ստեղծուած բարիքներէն:

Աւելի քան իննսուն տարի առաջ, փետրուար 18, 1921-ին համատարած վայրագութեան եւ ամբողջական բռնատիրութեան ճամբով համայնավարութիւնը անշնչելի եւ սահմռկեցուցիչ դարձուցած էր կացութիւնը Հայաստանէն ներս, ուր մուտք գործած էր ներքին ինքնավստահութեան խոստումով եւ բռնօրէն որեւէ քայլ չառնելու ապահովութիւնը տալէ ետք: Տեղին է վերլուծել համաժողովրդային այս ապստամբութեան ներքին, ենթակայական եւ հոգեբանական պատճառները:

Կլասնոսթէն, փերեսթրոյքայէն եւ ապա վերանկախացումէն ետք, փետրուար 18, 2013-ին… ի՞նչ պայմաններու տակ հայորդին պիտի ուղղուի քուէատուփ:

12/12/2012

Share this Article
CATEGORIES