Շուշան Արթինեան, Լորի Այնթապլեան Եւ Էլիոնոր Շուլց Եռեակի Միացեալ Համերգ
Երէկ` երեքշաբթի, 18 դեկտեմբեր 2012-ին, երեկոյեան ժամը 7:30-ին, Պէյրութի Ազգային աւետարանական եկեղեցւոյ մէջ տեղի ունեցաւ երաժշտական երեկոյ, որուն ընթացքին ելոյթ ունեցան Շուշան Արթինեան (թաւջութակ), Լորի Այնթապլեան (դաշնակ) եւ Էլիոնոր Շուլց (ջութակ)` ներկայութեամբ հայ թէ օտար երաժշտասէր հասարակութեան:
Համերգի բարի գալուստի խօսքը արտասանեց պատուելի Հապիպ Պատըր, որ մեծապէս գնահատեց երաժշտական երեկոյին մասնակիցներուն նուիրական աշխատանքը: Պատուելի Պատըր շնորհակալութիւն յայտնեց երիտասարդ երեք երաժիշտներուն եւ բոլոր անոնց, որոնք իրենց մասնակցութիւնը բերին այս նախաձեռնութեան յաջողութեան:
Ապա եռեակը նուագեց Կոմիտասի, Արամ Խաչատուրեանի, Ժոզեֆ Հայտընի, Լուտվիկ Վան Պեթհովենի եւ Ռոպերթ Շումանի ստեղծագործութիւններէն: Շուշան Արթինեան, Լորի Այնթապլեան եւ Էլիոնոր Շուլց ներդաշնակութեամբ եւ բարձրորակ կատարումով ներկաներուն պարգեւեցին բարձր մակարդակի արուեստ:
Յայտնենք, որ Շուլց գերմանացի է, որ երիտասարդ արուեստագէտներու մրցումներուն բազմաթիւ մրցանակներ ձեռք ձգած է եւ բազմաթիւ խումբերու հետ նուագած: Արթինեան լիբանանահայ է, որ Լիբանանի պետական երաժշտանոցը աւարտելէ ետք ներկայիս կը դասաւանդէ Համազգայինի «Բ. Կանաչեան» երաժշտական քոլեճին մէջ: Իսկ Այնթապլեան, որ աւարտած է Լիբանանի պետական երաժշտանոցը, տուած է մենահամերգներ եւ ընկերակցած է Այնճարի «Նայիրի» երգչախումբին:
Երաժշտական համերգը փակուեցաւ Խաչատուրեանի «Գայեանէ» պալէէն հատուածի մը ներկայացումով: