Հաղորդագրութիւն

Երկուշաբթի, 17 դեկտեմբեր 2012-ի կէսօրէ առաջ ժամը 11:00-ին, նախապէս առնուած ժամադրութեամբ մը, ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան մէկ պատուիրակութիւնը այցելութիւն տուաւ Հայաստանի Հանրապետութեան դեսպանատուն, ուր տեսակցութիւն ունեցաւ Հայաստանի Հանրապետութեան արտակարգ եւ լիազօր դեսպան Աշոտ Քոչարեանի հետ:

Հանդիպման ընթացքին Շրջանային վարչութիւնը տեղեկութիւններ տուաւ դեսպան Քոչարեանին ՀՄԸՄ-ի սկաուտական եւ մարզական  աշխատանքներուն մասին:

Դեսպան Քոչարեան գնահատեց ՀՄԸՄ-ի գործունէութիւնը եւ փափաք յայտնեց օժանդակելու ճատրակի մարզին` Հայաստանէն փորձառու եւ վարպետ մարզիչ մը ապահովելու համար, որպէսզի այս մարզը առաւել եւս զարգանայ Լիբանանի մէջ` առաւել եւս  հետաքրքրութիւն ստեղծելով հայ աշակերտութեան եւ երիտասարդութեան մօտ:

Այս ծիրին մէջ դեսպանը պատրաստակամութիւն յայտնեց հովանաւորելու ճատրակի մրցաշարք մը, որ պիտի կազմակերպուի ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութեան ճատրակի յանձնախումբին կողմէ` յառաջիկայ 20 յունուար 2013-ին:

Հանդիպման աւարտին ՀՄԸՄ-ի Լիբանանի Շրջանային վարչութիւնը շնորհաւորեց դեսպան Քոչարեանի եւ դեսպանատան անձնակազմին Նոր տարին եւ Սուրբ ծնունդը` մաղթելով յարատեւ վերելք եւ յաջողութիւն:

ՀՄԸՄ-Ի ԼԻԲԱՆԱՆԻ
ՇՐՋԱՆԱՅԻՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )