Լիբանանեան Պասքեթպոլ. ՀՄԸՄ Պէյրութ Արձանագրեց Իր Երկրորդ Յաղթանակը` 75-56 Արդիւնքով Պարտութեան Մատնելով Լիբանանեան Բանակի Հաւաքականը
Երէկ` երեքշաբթի, 18 դեկտեմբերին, Լիբանանի տղոց պասքեթպոլի Բ. դասակարգի ախոյեանութեան 2-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, լիբանանեան բանակի հաւաքականը Էմիլ Լահուտ մարզահամալիրին մէջ (Ռաուտա-Մար Ռուքոզ) հիւրընկալեց ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց խումբը:
ՀՄԸՄ Պէյրութի տղաքը, որոնք իրենց կատարած առաջին մրցումին 71-61 արդիւնքով յաղթած էին «Էօ. Էն. Պէ.»-ին, երէկ գիշեր արձանագրեցին իրենց երկրորդ յաղթանակը` 75-56 արդիւնքով:
Մրցումին չորս քորթըրները ընթացան հետեւեալ ձեւով. 8-17, 17-17, 12-15 եւ 19-26:
ՀՄԸՄ-էն ամէնէն աւելի կէտ նշանակեց Ռուտի Ֆարրաժ (32 կէտ), մինչ Ճօ Ղաթթաս եւ Մարիօ Ապպուտ նշանակեցին 14-ական կէտ: Մնացեալ կէտերը նշանակեցին Հայկ Խաչերեան (6), Ռամզի Ամարէտտին (4), Ռալֆ Աքըլ (3) եւ Ռոպեր Պու Տաղեր (2):
ՀՄԸՄ Պէյրութ իր յաջորդ մրցումը պիտի կատարէ շաբաթ, 22 դեկտեմբերին, երեկոյեան ժամը 18:30-ին «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ հիւրընկալելով Այնթուրան:

