Բրիտանիա Կ՛ուզէ Փոխան Թղթադրամի Կերպընկալէ Դրամներ Օգտագործել

Բրիտանական «Տէյլի Մէյլ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ Բրիտանիոյ մէջ թղթադրամները կրնան շուտով փոխարինուիլ կերպընկալէ դրամներով, որոնք աւելի դիմացկուն կը նկատուին, չեն թրջուիր եւ զանոնք կեղծելը դժուար է:

Կը նախատեսուի, որ այդ դրամներուն օգտագործման ժամկէտը երեք տարի ըլլայ, մինչդեռ թղթադրամները ընդամէնը վեց ամիս կը ծառայեն: Անգլիոյ դրամատունը արդէն 2015-էն սկսեալ կերպընկալէ դրամներ տպելու համար մէկ միլիառ սթերլինկ արժողութեամբ մրցանք յայտարարած է:

Կերպընկալէ դրամները, վերոնշեալ առաւելութիւններէն բացի, իրենց վրայ կը հաւաքեն աւելի քիչ թիւով մակաբոյծներ: Բացի ատկէ, զանոնք պատռելը աւելի դժուար է, ինչ որ կը դիւրացնէ դրամատնային մեքենաներու հետ անոնց աշխատանքը:

Նոր տեսակի դրամները բնապահպանական գետնի վրայ աւելի մաքուր պիտի ըլլան, որովհետեւ անոնք աւելի քիչ պիտի ըլլան,  քան թղթադրամները, ինչպէս նաեւ ենթակայ վերամշակման:

Սակայն կերպընկալէ դրամներու արտադրութիւնը բաւական աւելի սուղ է, քան թղթադրամներունը: Անգլիոյ դրամատան մամլոյ քարտուղարը յայտարարած է, որ վերջնական որոշում տակաւին չէ տրուած, եւ բազմաթիւ այլ տարբերակներ կը քննարկուին:

Յատկանշական է, որ կերպընկալէ դրամներ առաջին անգամ օգտագործուած են 1988-ին Աւստրալիոյ մէջ` կեղծ թղթադրամներու դէմ պայքարելու համար: Կերպընկալէ դրամներ կ՛օգտագործուին Նոր Զելանտայի, Ռումանիոյ, Փափուա Նոր Կինէի, Մեքսիքայի եւ Վիեթնամի մէջ:

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )