Կիպրոս Կրնայ Սնանկանալ, Եթէ Անյապաղ Երեք Հարիւր Միլիոն Եւրօ Չապահովէ

Խրիսթոս Փացալիտես

«ՌԻԱ Նովոսթի» լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ Կիպրոսի ելեւմուտքի նախարարութեան մնայուն քարտուղար Խրիսթոս Փացալիտես յայտարարած է, թէ Կիպրոս սնանկացման վտանգը կը դիմագրաւէ, եթէ մօտիկ ապագային չկարենայ իր ծախսերուն ֆինանսաւորում ապահովել:

«Մենք «Եռեակ»-ին (Եւրոպական Միութիւն, Եւրոպական կեդրոնական դրամատուն եւ Միջազգային դրամական ֆոնտ) հետ քննարկեցինք դրամատուներուն 7.8 միլիառ եւրօ աջակցութեան, ինչպէս նաեւ պետութեան ընթացիկ ծախսերուն համար շուրջ 200-300 միլիոն եւրօ տրամադրելու հարցը: Մենք համաձայնեցանք, որ որոշ միջոցներ պիտի ստացուին կիսապետական ընկերութիւններէն», ըսած է Փացալիտես:

Կառավարութիւնը «Սիթա» հեռահաղորդակցութեան ընկերութենէն 100 միլիոն եւրօ վարկ պահանջած է երկրի ելեկտրականութեան մատակարարման մենաշնորհին եւ նաւահանգիստներու կառավարման համար: Մինչեւ հիմա ամբողջ ծաւալով վարկ տրամադրելու համաձայնութիւն տուած միայն «Սիթա»-ն:

Ըստ Փացալիտեսի, հարցը այն է, որ կառավարութիւնը «Բ. ծրագիր» չունի, եւ եթէ պետական բաժնետոմսերով ընկերութիւնները պիւտճէն ֆինանսաւորելու համաձայն չըլլան, ապա Կիպրոսին թեքնիք սնանկացում կը սպառնայ:

 

Share this Article
CATEGORIES