Ռիֆի, Էխհորեսթ Եւ Այլ Անձնաւորութիւններ Այցելեցին Ռայի Պատրիարքին

Մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքը երէկ Պքերքէի մէջ ընդունեց հազարապետ-զօրավար Աշրաֆ Ռիֆին, որուն հետ քննարկեց Լիբանանը յուզող իրադարձութիւնները, յատկապէս ապահովական զարգացումները:

Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Եւրոպական Միութեան ներկայացուցիչ Անժելինա Էխհորեսթ, որ շեշտեց, թէ ինք Ռայի պատրիարքը անձամբ ուզած է շնորհաւորել անոր կարտինալ դառնալուն առիթով` աւելցնելով, որ այդ մէկը արժանիք մըն է, որուն նպատակն է ամրապնդել լիբանանեան ազգային երկխօսութիւնն ու միջլիբանանեան միասնականութիւնը:

Էխհորեսթ նշեց, որ Ռայի պատրիարքին հետ քննարկած է լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ Սուրիոյ զարգացումները` դրուատելով Լիբանանի կողմէ սուրիացի գաղթականներուն տրամադրուած մարդասիրական օժանդակութիւններն ու անոնց նկատմամբ ցուցաբերուած մարդասիրական վերաբերումը:

Ան հաստատեց, որ Եւրոպական Միութիւնը կառչած կը մնայ Լիբանանի կայունութեան, միասնականութեան եւ գերիշխանութեան:

Ռայի պատրիարքին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըր, որ Ռայի պատրիարքը շնորհաւորեց կարտինալական աստիճան ստանալուն առիթով:

Պքերքէի այցելուներէն եղան նաեւ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ատնան Մանսուր եւ երեսփոխաններ Թամմամ Սալամ եւ Մոհամետ Քապպանի:

 

 

Share this Article
CATEGORIES