Ֆայեզ Ղոսըն Ընդունեց Զասպիքինը
Պաշտպանութեան նախարար Ֆայեզ Ղոսըն երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Ռուսիոյ դեսպան Ալեքսանտր Զասպիքինը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները` հաստատելով, որ տօնական օրերուն ընթացքին լիբանանեան բանակը ներկայութիւն պիտի ըլլայ, որպէսզի լիբանանցիները խաղաղութիւն եւ ապահովութիւն ունենան:
Ղոսըն Զասպիքինի յայտնեց, որ բանակը զգաստ է եւ գիտակից իր պարտականութիւններուն` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է լիբանանեան բանակին ամէն իմաստով օժանդակել:
Ան ընդգծեց, որ բանակը կը ծառայէ ամբողջ Լիբանանի տարածքին` առանց շրջաններուն միջեւ խտրութիւն դնելու, եւ ճիգ չի խնայեր պահպանելու երկրին ապահովական կայունութիւնը:
CATEGORIES Լիբանանեան

