Ժոմպլաթ – Ֆապիւս Հանդիպում

Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ, որ կը գտնուի Փարիզ, երէկ հանդիպում մը ունեցաւ Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Լորան Ֆապիւսի հետ:

Հանդիպումին ընթացքին Ֆապիւս յայտնեց, որ Փարիզ կը գիտակցի Լիբանան հասած սուրիացի գաղթականներուն լիբանանցիներուն վրայ պարտադրած ծանր բեռին` նկատի ունենալով, որ անոնց թիւը կրնայ հասնիլ 150 հազարի:

Ժոմպլաթ յայտնեց, որ Ֆապիւս ընդգծած է, թէ ֆրանսական իշխանութիւնները ամէն ջանք ի գործ պիտի դնեն` օժանդակելու լիբանանեան պետութեան եւ անոր հաստատութիւններուն:

Ան աւելցուց, որ Ֆապիւսի հետ համաձայն գտնուած է այն տեսակէտին, որ Լիբանանի քաղաքական բոլոր ուժերը պէտք է շարունակեն երկխօսութիւնը, որպէսզի կարենան Լիբանանը Սուրիոյ տագնապէն հեռու պահել:

 

Share this Article
CATEGORIES