Մուսթաքպալ Պլոք. «Վարչապետ Միքաթիի Յայտարարութիւնը Քաղաքական Գայթակղութիւն Է»

Մուսթաքպալ պլոքը երէկ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Կեդրոնական Պէյրութի բնակարանին մէջ գումարեց նիստ մը` նախագահութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի:

Նիստին ընթացքին պլոքը խստիւ դատապարտեց վարչապետ Նեժիպ Միքաթիի կատարած այն յայտարարութիւնը, թէ Թրիփոլիի մէջ լիբանանեան բանակին տեղակայումը կատարուեցաւ` առանց հոն իսլամական էմիրութիւն մը ստեղծելու:

Պլոքի նիստէն բխած հաղորդագրութիւնը, որ կարդացուեցաւ երեսփոխան Ամմար Հուրիի կողմէ, նկատել տուաւ, որ Միքաթիի կատարած այս յայտարարութիւնը քաղաքական գայթակղութիւն է, որ կը ծառայէ սուրիական վարչակարգին շահերուն:

Պլոքը խստիւ դատապարտեց Թրիփոլիի նկատմամբ կառավարութեան ցուցաբերած անտեսումը, ինչպէս նաեւ նկատել տուաւ, որ Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլայի կատարած յայտարարութիւնները կը հաստատեն, որ Հըզպալլա վերածուած է քաղաքականայնպիսի ուժի մը, որ իշխանութիւն կը հետապնդէ եւ անոր մարմաջով կ՛ապրի:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )