Պատուելով Լիբանանցի Մարզական Լրագրողները` Ժան Համմամ Յայտարարեց, Որ Թեկնածու Է Լիբանանի Ողիմպիական Կոմիտէի Նախագահի Պաշտօնին
Ընթրիքի յատուկ երեկոյի մը ընթացքին եւ տարիներու իր սովորութեան համաձայն, Լիբանանի վոլիպոլի ֆետերասիոնի նախագահ Ժան Համմամ, որ միեւնոյն ժամանակ ալ Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի անդամ է, Մհաննա ճաշարանին մէջ (Անթիլիաս) պատուեց լիբանանցի մարզական բոլոր լրագրողները:
Ներկաներուն իր ուղղած խօսքին մէջ եւ միեւնոյն ժամանակ ալ բոլորին Նոր տարին շնորհաւորելով, Ժան Համմամ յայտարարեց, որ 2013-ը պիտի ըլլայ վոլիպոլի մրցաշարքերով լեցուն տարի մը` նկատի ունենալով, որ տեղի պիտի ունենայ մանաւանդ Արաբական ակումբներու 31-րդ ախոյեանութիւնը` վերջին չորս տարիներուն երրորդ անգամ ըլլալով:
Ապա ան պաշտօնապէս յայտարարեց, որ իր թեկնածութիւնը առաջադրած է Լիբանանի ողիմպիական կոմիտէի նախագահի պաշտօնին համար:
Ան ըսաւ, որ այս ընտրութիւններուն կ՛ուզէ մասնակցիլ, որովհետեւ Լիբանանի մարզական կեանքին մէջ իր ունեցած մեծ ներդրումէն կ՛ուզէ յատուկ մարզ մըն ալ աւելիով յատկացնել ողիմպիականին` բնականաբար իրեն նեցուկ ունենալով լիբանանցի մարզական լրագրողները:


