Ճատրակ. Լիբանանի Ախոյեանութիւն. Հաւասարութիւն Մը Միայն` Եւ Խէյրալլա Պիտի Հանդիսանայ Ախոյեան

Ֆայսալ Խէյրալլա (ձախին) եւ Ահմետ Նաժժար

«Կոլտըն Թիւլիփ» պանդոկին մէջ (Ժընահ, Պէյրութ) տեղի ունեցող Լիբանանի ճատրակի ախոյեանութիւնը հասած է իր աւարտին` նկատի ունենալով, որ մնացած է միայն 11-րդ եւ վերջին հանգրուանը:

Պարագլուխի դիրքին վրայ գտնուող Ֆայսալ Խէյրալլա, որ 10-րդ հանգրուանին յաղթեց Ահմետ Նաժժարի եւ ունեցաւ 8,5 կէտ, Ժամալ Շամիէի դէմ իր կատարելիք վերջին մրցումին նոյնիսկ եթէ հաւասարութիւն մը արձանագրէ, պիտի հանդիսանայ Լիբանանի ախոյեան:

Անոր անմիջական մրցակիցը` Անթուան Քասսիս, որուն վերջին մրցակիցն է Մահմուտ Մաասարանի, ունի 7,5 կէտ:

Իսկ երրորդ դիրքին վրայ գտնուող Ամրօ Ժաուիշ ունի 7 կէտ: 12-րդ եւ վերջին դիրքին վրայ գտնուող Մոհամետ Միքաթի ցարդ ոչ մէկ կէտ ապահոված է:

Նշենք, որ այսօր նոյն վայրին մէջ տեղի պիտի ունենայ այս ախոյեանութեան մրցանակաբաշխութիւնը: Պիտի պարգեւատրուին Սլովենիոյ մէջ տեղի ունեցած աշխարհի տարիքային ախոյեանութեան մասնակցածները, ինչպէս նաեւ յատուկ վկայագիրներ պիտի տրուին, բոլոր այն իրաւարարներուն, որոնք վկայականներ ստացան:

Այլ գետնի վրայ, Սանաայի մէջ (Եմէն) տեղի ունեցող Արաբական ճատրակի տարիքային ախոյեանութեան Լիբանանէն իրենց մասնակցութիւնը կը բերեն Ռիհամ Սալեհ, Օմար Միքաթի եւ Հուսամ Միքաթի:

Լիբանանեան պատուիրակութիւնը կը գլխաւորէ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի ընդհանուր քարտուղար Շըհատէ Ապու Նըմրի:

Նշենք, որ 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն Սալեհ յաղթանակ արձանագրեց:

11 երկիրներու մասնակցութեամբ տեղի ունեցող այս ախոյեանութիւնը կ՛աւարտի յառաջիկայ 22 դեկտեմբերին:

 

 

Share this Article
CATEGORIES