6 Օրուան Վրայ Երկարող Ճատրակի 2012-Ի Մրցաշարք` Նախկին Խորհրդային Միութեան Շրջանաւարտներու Ճատրակի Ակումբին Մէջ

Կազմակերպութեամբ նախկին Խորհրդային Միութեան շրջանաւարտներու ճատրակի ակումբին տեղի պիտի ունենայ վեց օրուան վրայ երկարող ճատրակի 2012-ի մրցաշարք մը, որուն կրնան մասնակցիլ բոլոր անոնք, որոնք կը փափաքին:

Անիկա տեղի պիտի ունենայ խառն ձեւով: Այսինքն, որեւէ տարիքի մասնակից իր դէմ կրնայ ունենալ որեւէ անձ: Մրցումներուն յայտագիրը պիտի ճշդուի առանց տարիքներուն նայելու. օրինակի համար 14 տարեկան մասնակցող մը իր դէմ կրնայ ունենալ 50 տարեկան մասնակից մը:

Մրցաշարքի առաջին հանգրուանը տեղի պիտի ունենայ 22-23 դեկտեմբերին, իսկ երկրորդը` 27-30 դեկտեմբերին: Մրցումները պիտի սկսին ժամը ճիշդ 18:00-ին:

Արձանագրութեան համար վերջին պայմանաժամ ճշդուած է 21 դեկտեմբերի երեկոյեան ժամը 18:00-ը:

Յաւելեալ մանրամասնութեանց համար կարելի է կապ հաստատել կազմակերպիչ ակումբի պատասխանատու եւ Լիբանանի ճատրակի ֆետերասիոնի անդամ Հիւսէյն Համմուտի հետ` հեռաձայնելով 03-771795 թիւին:

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )