ՀԱՒԱԽԽՈՒՆՋՆԵՐՈՒՆ ՀԱՆՔԱՆԻՒԹԻ ՏԵՍԱԿՈՎ ՄԸ ԿԱԶՄՈՒԱԾ ԺԱՅՌԷ ԲԻՒՐԵՂՆԵՐՈՒ ՏԵՍՔ ՈՒՆԵՑՈՂ «ԱՉՔԵՐԸ» Ո՛Չ ՄԻԱՅՆ ԿՐՆԱՆ ԶԱՆԱԶԱՆԵԼ ԼՈՅՍԸ, ԱՅԼ ՆԱԵՒ` ՏԱՐԲԵՐ ԻՐԵՐՈՒ ՁԵՒԵՐԸ
Ապրիլի կէսերուն ամերիկացի խումբ մը մասնագէտներ գտած են, թէ թուլամորթներու ընտանիքին պատկանող հաւախխունջները իրենց խեփորներուն արտաքին բաժինին վրայ կը կրեն հարիւրաւոր փոքր հատիկներու նմանող կարծր կերտուածքներ, որոնք կը կազմեն անոնց «աչքերը»: Մասնագէտները նշեալ հատիկները նկատած են հաւախխունջներուն «աչքերուն» ոսպնեակները, որոնք կը նմանին ժայռի փայլուն կտորներու: Նման կերտուածքներ Տեն յայտնուած թուլամորթներուն եւ կամ այլ անասուններու մօտ:
Նորագոյն ուսումնասիրութիւնը գլխաւորող ամերիկացի ծովային կենսաբան Տեն Սփայսըր ըսած է, թէ նախապէս մասնագէտներ յայտնած են, թէ հաւախխունջները աչքերու նմանող կերտուածքներ կը կրեն իրենց խեփորներուն վրայ, սակայն անոնց համար յստակ չէ եղած, թէ արդեօք հաւախխունջները կը տեսնե՞ն այդ կերտուածքներով, թէ՞ անոնք պարզապէս կրնան զգալ լոյսի տարողութեան մէջ յառաջացած փոփոխութիւնները:
Մասնագէտ Սփայսըր ըսած է, թէ նշեալ կերտուածքները մասնագէտներու կողմէ յայտնաբերուած են աւելի քան հարիւր տարի առաջ, սակայն նախապէս ոչ ոք քննարկած է, թէ այդ փայլուն ոսպնեակները ինչպիսի՛ տեսողութեամբ օժտած են հաւախխունջները:
Այսուհանդերձ, նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները գտած են, թէ իբրեւ աչք ծառայող այդ կերտուածքները կազմուած են արագոնաքար (արակոնայթ) կոչուած հանքանիւթով: Նշեալ հանքանիւթով կազմուած են նաեւ հաւախխունջներուն խեփորները:
Մասնագէտները հաւանական նկատած են, որ հաւախխունջներուն ժայռէ բիւրեղներու տեսք ունեցող «աչքերը» ունենան որոշ յատկութիւններ, որոնք գոյութիւն չունին սովորական կերտուածքով աչքեր ունեցող անասուններուն մօտ:
ԱՄՈՒՐ ԿԱՌՉԱԾ` ՋՈՒՐԵՐՈՒՆ ՅԱՏԱԿԻՆ…
Մասնագէտ Սփայսըր ու անոր ընկերակցող մասնագէտներու խմբակը մեծ թիւով հաւախխունջներ հաւաքած են Քարիպեան կղզիներէն եւ տարրալուծարանին մէջ պատրաստուած ծովային յատուկ միջավայրի մը մէջ տեղադրելով զանոնք` երկար ատեն հետեւած են անոնց տարբեր շարժուձեւերուն ու ապրելակերպին:
Հաւախխունջները սովորաբար վեր կը բարձրացնեն իրենց հաւկթաձեւ մարմինէն մաս մը, որպէսզի շնչեն: Սակայն, երբ որեւէ վտանգ կը սպառնայ անոնց, անոնք ջուրին յատակը սուզուելով` շատ ամուր կը կառչին յատակին` պաշտպանելու համար իրենց խեփորին տակ գտնուող կակուղ փորը:
Փորձարկումներէն մէկուն մէջ մասնագէտները տափակ քարերու վրայ տեղադրած են հաւախխունջները, որոնց վրայ ճերմակ լոյս շողացուցած են: Նման պայմաններու մէջ հաւախխունջները հանգիստ զգացած են իրենք զիրենք: Ապա մասնագէտները մթնցուցած են միջավայրը եւ կամ շողացող ճերմակ լոյսը վերածած են մոխրագոյնի:
Մութ միջավայրը յանկարծակիօրէն յայտնուող գիշատիչի մը ներկայութիւնը զգացնել տուած է հաւախխունջներուն, իսկ մոխրագոյն լոյսը բնութեան մէջ յառաջացած տարբեր փոփոխութիւններու պատճառով (օրինակ` արեւուն առջեւէն անցնող ամպի մը պատճառով) արեւու լոյսին նօսրացումը զգացնել տուած է անոնց: Այսուհանդերձ, մութ միջավայրը մղած է, որպէսզի հաւախխունջները անմիջապէս իրենք զիրենք ամուր կերպով կառչեցնեն տափակ քարերուն եւ այսպէս անշարժ մնան մինջեւ միջավայրին լուսաւորուիլը: Իսկ մոխրագոյն լոյսը հանգիստ վիճակի մէջ պահած է հաւախխունջները:
Նշեալ փորձարկումը ցոյց տուած է, թէ հաւախխունջներուն արագոնաքարով կազմուած «կարծր աչքերը» կարողութիւնը ունին զատորոշելու իրենց շուրջ գտնուող իրերուն եւ կամ ապրող էակներուն ձեւերը, ինչ որ տեսողութեան գործընթացին անհրաժեշտ եղող տուեալներէն մէկը կը հանդիսանայ:
ԱԼԵԿՈԾ ՄԻՋԱՎԱՅՐԵՐՈՒՆ ՄԷՋ ԱՊՐՈՂ ԱՆԱՍՈՒՆՆԵՐՈՒՆ
ՀԱՄԱՐ ՅԱՐՄԱՐԱԳՈՅՆ ՆԿԱՏՈՒԱԾ ԱՉՔԵՐԸ…
Մասնագէտները յայտնած են, թէ հաւախխունջներուն «աչքերը» առիթ կու տան, որպէսզի անոնք կարենան տեսնել իրենց անմիջական միջավայրը, թէեւ ո՛չ այնքան մանրամասնութեամբ, ինչպէս նաեւ` կարենան զանազանել իրենց մօտեցող էակները, իրերն ու լոյսերու տարբեր տարողութիւնները:
Մասնագէտ Սփայսըրին համաձայն, հաւախխունջներուն տեսողութիւնը շատ աւելի նուազ զարգացած է մարդկային տեսողութենէն, ինչպէս նաեւ ան հաւանական գտած է, թէ անոնք կրնան միայն սեւ ու ճերմակ գոյներով տեսնել իրենց միջավայրը:
Մասնագէտ Սփայսըր աւելցուցած է նաեւ, թէ հաւախխունջներուն տեսողութիւնը շատ աւելի տկար է նոյնիսկ համեմատաբար նուազ զարգացած տեսողութիւն ունեցող անասուններէն:
Մասնագէտները գտած են, թէ հաւախխունջներուն «աչքերը» ունին կարգ մը առանձնայատկութիւններ: Այսպէս, օրինակ, այդ աչքերը կազմող արագոնաքար հանքանիւթը չափազանց առաձգական է, ինչ որ կը նպաստէ, շարունակ ալեկոծ միջավայրերու մէջ ապրող հաւախխունջներուն աչքերը չի վնասուին ալիքներուն հարուածներէն:
Մասնագէտները բացատրած են, որ եթէ հաւախխունջներուն աչքերը կազմուած ըլլային բնասպիտէ, ինչպէս որ է պարագան մարդոց ու անասուններուն մեծ մասին, ապա անոնք շուտով պիտի մաշէին:
Փորձարկումները ցոյց տուած են նաեւ, թէ արագոնաքար հանքանիւթը կը նպաստէ, որպէսզի հաւախխունջները կարենան տեսնել թէ՛ ջուրին մէջ եղած ատեն եւ թէ՛ տեղատուութեան պատճառով ցամաքի վրայ եղած ատեն:
Մասնագէտները հաւանական գտած են, թէ արագոնաքարը կրնայ ունենալ երկու բեկբեկման ցուցանիշներ, որոնցմէ մէկը հաւախխունջին աչքին վրայ պատկերներ կը ստեղծէ անոր ջուրին մէջ եղած ատեն, իսկ երկրորդը` անոր ցամաքի վրայ եղած ատեն:
Մասնագէտները հետամուտ են գտնելու, թէ ինչպէ՛ս հաւախխունջներուն խեփորներն ու ժայռէ բիւրեղներու տեսք ունեցող աչքերուն ոսպնեակները կը կազմուին միեւնոյն նիւթէն (արագոնաքարէն), եւ թէ` ինչպէ՛ս այդ ոսպնեակները կը ստանան իրենց ճշգրիտ չափն ու ձեւը եւ կիսաթափանց կ՛ըլլան:
Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ