ՊԻԾԱԿՆԵՐԸ ԿԸ ԲՌՆԵՆ ԻՐԵՆՑ ՈՒՏԵԼԻՔԻՆ ՇՈՒՐՋ ՀԱՒԱՔՈՒԱԾ ՄՐՋԻՒՆՆԵՐԸ ԵՒ ՓՈԽԱՆԱԿ ՍՊԱՆՆԵԼՈՒ ԶԱՆՈՆՔ ԿԸ ՆԵՏԵՆ ՈՒՏԵԼԻՔԷՆ ՀԵՌՈՒ

Ապրիլի սկիզբը նորզելանտացի խումբ մը մասնագէտներու կողմէ կատարուած ուսումնասիրութիւն մը ցոյց տուած է, թէ պիծակները կը բռնեն բնասպիտով հարուստ սննդեղէններուն շուրջ հաւաքուած մրջիւնները եւ, որոշ տեղ մը թռչելէ ետք, զանոնք կը նետեն հեռաւոր վայրեր` փոխանակ սպաննելու:

Նշեալ երեւոյթը նախապէս չէր նկատուած մասնագէտներուն կողմէ: Անոնք հետաքրքրական գտած են, թէ պիծակներէն մօտաւորապէս երկու հարիւր անգամ փոքր մրջիւնները համարձակած են անոնց սննդեղէնին մօտենալ եւ անկէ ուտել անոնց ներկայութեան` առանց փախչելու անոնցմէ:

Պիծակները սովորաբար կ՛ապրին հիւսիսային Ամերիկայի մէջ, սակայն 1970-ական թուականներուն անոնք մեծ թիւով կը յայտնուին նաեւ Նոր Զելանտայի մէջ: Անոնք կը սնանին ծաղիկներուն մեղրահիւթով ու միջատներով: Պիծակները ընդհանրապէս կ՛որսան իրենց որսը եւ կամ կ՛ուտեն սատկած միջատներուն դիակները:

Նորզելանտացի կենսաբան Ճիւլիան Կրանիէ նշած է, թէ պիծակները կը մրցին մրջիւններուն հետ` բնասպիտով հարուստ ուտելիքներուն համար` նկատի ունենալով, որ անոնք կ՛ապրին գլխաւորաբար Նոր Զելանտայի փեկոնի (շատ կարծր կոճղ ունեցող ծառերու) անտառներուն մէջ, ուր նման ուտելիքներ հազուադէպօրէն կարելի կ՛ըլլայ գտնել:

«ՀԱՄԱՐՁԱԿ» ՄՐՋԻՒՆՆԵՐԸ

Նորագոյն ուսումնասիրութեան մէջ մասնագէտները որթձուկին բնասպիտով հարուստ միսէն կտորներ տեղադրած են փեկոնի անտառներէն մէկուն քառասունութ տարբեր մասերուն մէջ եւ տեսախցիկներու միջոցով հետեւած են միսի կտորներուն շուրջ հաւաքուող մրջիւններուն եւ պիծակներուն շարժումներուն եւ իրարու հետ անոնց ունեցած վարուելակերպին: Այսուհանդերձ, անոնք ընդհանրապէս անտեսած են զիրար եւ կամ խուսափած են իրարու հանդիպելէ:

Միւս կողմէ, սակայն, տեսախցիկները արձանագրած են երեք հարիւր քառասունմէկ միջադէպեր, որոնց ընթացքին մրջիւնները յարձակած են պիծակներուն վրայ, ինչպէս նաեւ խածած են զանոնք եւ կամ իրենց բնական պաշտպանութեան մաս կազմող մրջնական թթու սրսկած են անոնց վրայ:

Մասնագէտները տեսած են նաեւ իննսուն միջադէպեր, որոնց մէջ պիծակները եղած են նախայարձակները եւ մրջիւնները բռնելով` թռչած են որոշ տարածութիւն մը ու ապա զանոնք գետինը ձգելով` վերադարձած են իրենց ուտելիքին: Իւրաքանչիւր անգամ պիծակները կրցած են միաժամանակ մէկ մրջիւն միայն հեռացնել բնասպիտով հարուստ ուտելիքէն եւ շարունակած են այդպէս ընել, մինչեւ որ իրենցմէ հեռացուցած են իրենց ուտելու գործընթացը խանգարող մրջիւններուն մեծ մասը:

ՊԻԾԱԿՆԵՐԸ ՍԱՐՍԱՓԵՑՆՈՂ ՄՐՋՆԱԿԱՆ ԹԹՈՒՆ.-

Մասնագէտները բացատրած են, թէ մրջիւններուն սրսկած մրջնական թթուն պատճառ դարձած է, որպէսզի պիծակները չսպաննեն զանոնք, այլ պարզապէս կարելի եղած չափով արագօրէն հեռացնեն զանոնք իրենցմէ` նկատի ունենալով, որ պիծակները կը փորձեն խուսափիլ մրջնական թթուին ունեցած վնասակար ազդեցութենէն:

Պիծակները չեն համարձակիր տեղւոյն վրայ ճզմել մրջիւնները, քանի որ կը վախնան մրջնական թթուին հետ շփման մէջ մտնելէ եւ, հետեւաբար մրջիւնները իրենցմէ արագօրէն հեռացնելով` կը փորձեն իրենք զիրենք պաշտպանել անոնց սրսկած մրջնական թթուին վնասակար ազդեցութենէն:

Մասնագէտները յայտնած են նաեւ, թէ պիծակները հեռացուցած են նաեւ ա՛յն մրջիւնները, որոնք իրենց ուտելիքէն քիչ մը անդին գտնուած են: Կարգ մը մրջիւններ յանկարծ իրենք զիրենք օդին մէջ գտած են` նոյնիսկ նախքան մրջնական թթու սրսկելու սկսիլը:

Պատրաստեց՝ ՍԻՐՈՒՆ ՅՈՎՍԷՓԵԱՆ

Share this Article
CATEGORIES
TAGS