ՀԱՅՐԵՆԻ ԿԵԱՆՔ

«ԾԱՂԿԱՀԱՒԱՔ» ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ
ՅՈՒՇԱՀԱՄԱԼԻՐԻՆ ՄԷՋ

27 ապրիլին Վայրի բնութեան եւ մշակութային արժէքներու պահպանման հիմնադրամը: «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» ընկերութիւնը եւ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրին մէջ ծաղիկները հաւաքեցին ու վերամշակեցին:

Նախորդ տարի հիմնադրամը առաջին անգամ ըլլալով առաջարկած էր ապրիլ 24-ին Հայոց ցեղասպանութեան նահատակներու յիշատակին Ծիծեռնակաբերդի անմար կրակին շուրջ զետեղուած ծաղիկները հաւաքել եւ գործածել աւելի օգտակար, խորհրդանշական ու բնապահպանական ձեւով:

Այս տարի եւս իրականացաւ այդ ծրագիրը, ծաղիկներուն ցօղունները անջատուեցան թերթիկներէն. ցօղուններէն պարարտանիւթ պատրաստուեցաւ` յուշահամալիրի այգիներու մշակման համար, իսկ ծաղիկներուն թերթիկները չորցուեցան, որպէսզի տարուան ընթացքին օգտագործուին հիմնադրամի «Արեւորդի» կենսոլորտի ակումբի սաներուն կողմէ` թուղթի վերամշակման եւ ձեռքով պատրաստուած բացիկներու ձեւաւորման համար: Այդ թուղթը կ՛օգտագործուի Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի յուշագիրներ, շնորհակալագիրներ եւ հրաւիրատոմսեր պատրաստելու համար:

Ծաղկահաւաքին մասնակցեցան անհատ կամաւորներ եւ տարբեր կազմակերպութիւններ ներկայացնող կամաւորներու խումբեր: Աշխատանքին աշխուժօրէն մասնակցեցան յատկապէս «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.» ընկերութեան աշխատակազմէն, Երեւանի պետական համալսարանէն, Հայաստանի մէջ ամերիկեան համալսարանէն Սայաթ Նովայի անուան երաժշտանոցէն, «Մակադամեան» հայ-քանատական ընկերութենէն, «Հազարամեակի մարտահրաւէրներ Հայաստան» կազմակերպութենէն շուրջ 300 անդամներ:

Ծաղկահաւաքը սկսաւ առաւօտեան ժամը 9:00-ին եւ շարունակուեցաւ մինչեւ երեկոյեան ժամը 8:00:

420 ԾԱՌԵՐ ՏՆԿՈՒԵՑԱՆ
ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ

Երկրագունդի օրուան եւ անտառներու միջազգային տարուան առիթով կառավարութեան պաշտօնատարներ, դեսպաններ եւ միջազգային հասարակական ներկայացուցիչներ Երեւանի մէջ տնկած են 420 ծառ: Այս նախաձեռնութիւնը կազմակերպուած էր ՄԱԿ-ի հանրային տեղեկութեանց բաժինի, Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարութեան, Երեւանի Աւան վարչական մարզի եւ Հայաստան ծառատնկման ծրագիրին կողմէն:

Ձեռնարկին նպատակն էր թիկունք կանգնիլ Հայաստանին, որպէսզի կարենայ անտառներուն աճը, ծաւալումը զօրացնել եւ պահպանել այն, ինչ որ օգտակար եւ կարեւոր է ներկայ եւ յաջորդ սերունդներուն:

ՄԱԿ-ի պետական գործակալ Տաֆինա Կերչեւա իր խօսքին մէջ նշեց, որ իւրաքանչիւր քաղաքացիի իրաւունքն է առողջ միջավայրի մէջ ապրիլ, իսկ իւրաքանչիւրին ալ պարտականութիւնն է հոգ տանիլ այդ միջավայրին:

«Բնական նիւթերու պահպանումն ու անոնց շարունակութիւնը ապահովելու ՄԱԿ-ի ծրագիրներուն հիմնական նպատակներէն մէկն է, որ կ՛իրականանայ այս գործին Հայաստանի մէջ տեղական հասարակութեան մասնակցութեամբ», նշեց ան:

ՄԱԿ-ը 2011 թուականը յայտարարեց անտառներու միջազգային տարի` բնապահպանման արեւելումը զարգացնելու նպատակով:

Հայաստանի ծառատնկման ծրագիրի գործակից տնօրէն Արեգ Մաղաքեան ըսաւ. «Մեր նպատակն է օգնել հայերուն` բարելաւելու ծառերուն հետ իրենց գործելակերպը, որպէսզի բարելաւուի իրենց կենցաղը եւ կարենան պաշտպանել բնութիւնը: Ծառատնկման մեր աշխատանքը չէ դադրած, ուրախ կը զգանք, որ մեզի կ՛աջակցին ՄԱԿ-ը,  Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը եւ Աւան վարչական մարզը, որպէսզի Երեւանի մէջ բազմապատկուին կանաչապատ տեսարանները:

ԾԱՌԱՏՆԿՈՒՄ ԵՌԱԲԼՈՒՐԻ ՄԷՋ

«Երկրի օր»ուան նուիրուած ձեռնարկներու ծիրին մէջ «Վիվասել-Էմ. Թի. Էս.»ի աշխատակիցները 16 ապրիլին մասնակցեցան Եռաբլուր պանթէոնի յարակից տարածքներուն մէջ կազմակերպուող ծառատնկումի նախապատրաստական աշխատանքներուն: Կամաւորները քարերը հեռացուցին, փխրեցին հողը, որպէսզի հոն կարելի ըլլայ տունկերը դնել:

23 ապրիլին կամաւորները կրկին հաւաքուած էին այս անգամ պատրաստուած հողին մէջ ծառատնկում կատարելու: Այս աշխատանքներուն նպատակն է դրական մթնոլորտ եւ բարենպաստ միջավայր ստեղծել Հայաստանի մէջ:

«ՀԱՅՈՑ ՑԵՂԱՍՊԱՆՈՒԹԻՒՆԸ ԵՒ ՍԿԱՆՏԻՆԱՒԵԱՆ
ԱՐՁԱԳԱՆԳԸ» ՆԻՒԹՈՎ ՄԻՋԱԶԳԱՅԻՆ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ
ԵՒ ԾԱՌԱՏՆԿՈՒՄ ԾԻԾԵՌՆԱԿԱԲԵՐԴԻ ՊՈՒՐԱԿԻՆ ՄԷՋ

20-21 ապրիլին Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկը կազմակերպած է «Հայոց ցեղասպանութիւնը եւ Սկանտինաւեան արձագանգը» նիւթով միջազգային գիտաժողով մը` նուիրուած Ֆ. Նանսենի ծննդեան 150-ամեակին: Գիտաժողովին զեկուցումներով հանդէս եկած են պատմաբան-հետազօտողներ` Հայաստանէն, Շուէտէն, Դանիայէն եւ Նորվեկիայէն: Նշենք, որ Հայոց ցեղասպանութեան միջազգային արձագանգումէն զերծ չեն մնացած նաեւ սկանտինաւեան երկիրները` Շուէտի, Նորվեկիոյ, Դանիոյ կառավարութիւնները եւ անհատ քաղաքացիներ, որոնք զանազան ձեւերով արձագանգած են Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած կոտորածներուն:

Սկանտինաւեան միսիոնարներուն ջանքերը յատկապէս ուղղուած են Օսմանեան կայսրութեան տարածքին կոտորածներէն տուժած հայութեան օգնութեան եւ անոնց մէջ կրօնական քարոզչութիւն իրագործելով: Այս բոլորը կ՛իրականացուէր դանիական, նորվեկիական եւ շուէտական  «Կիներու առաքելութեան աշխատողներ» կազմակերպութեան միջոցով:

20-րդ դարու սկիզբը նշանաւոր սկանտինաւիայի կին միսիոնարներ` Մարիա Ճաքոպսըն, Ալմա Եոհանսըն, Քարեն Եփփէ, Պոտիլ Կատարինէ Պէօրն եւ ուրիշներ ստանձնած են դժուարին առաքելութիւն մը` անգնահատելի օգնութիւն ցուցաբերելով բազմաթիւ կարիքաւոր հայերու` փրկելով հազարաւոր կեանքեր:

Մեծ եղեռնի հետեւանքներու վերացման ուղղուած նախաձեռնութիւններուն շարքին մէջ մեծ եղած են նորվեկիացի բեւեռախոյզ, գիտնական եւ դիւանագէտ Ֆ. Նանսենի ջանքերը: Ֆ. Նանսեն, հանդիսանալով լիկայի փախստականներու հարցերով գերագոյն յանձնակատարը, արդիւնաւէտ քայլերու ձեռնարկեց Ցեղասպանութենէն ետք անօթեւան մնացած հայերը հայրենիք վերադարձնելու եւ անոնց քաղաքացիութիւն տալու գործին մէջ:

Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին կողմէ միջազգային այս գիտաժողովին իրագործումը կը նպատակադրէ վերականգնել սկանտինաւեան-Հայաստան յարաբերութիւններու պատմական այս կարեւոր, սակայն մոռցուած եւ անտեսուած դրուագները` քննարկելով զանոնք ընդհանուր պատմութեան եւ յիշողութեան ծիրին մէջ:

Յայտնենք, որ 21 ապրիլին, Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկին նախաձեռնութեամբ, Ծիծեռնակաբերդի յուշահամալիրի յուշապատին մէջ տեղի ունեցած է սկանտինաւիացի նշանաւոր միսիոնարուհիներ Մարիա Ճաքոպսընի եւ Ալմա Եոհանսընի գերեզմաններէն բերուած հողի ամփոփման եւ յուշատախտակներուն տեղադրման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

Ըստ Հայոց ցեղասպանութեան թանգարան-հիմնարկի տեղեկութիւններուն, այս արարողութեան մասնակցելու համար Հայաստան եկած են սկանտինաւեան երկիրներէ քաղաքացիներ, ինչպէս նաեւ` Շուէտի խորհրդարանէն երեսփոխաններ: Միսիոնարուհիներուն գերեզմաններէն բերուած հողին ամփոփման ուղեկցած է հոգեհանգիստի արարողութիւն` հայերէնով եւ շուէտերէնով:

Հանդիսաւոր արարողութեան աւարտին, սկանտինաւեան երկիրներէն եկած հիւրերը Ծիծեռնակաբերդի Յիշողութեան պուրակին մէջ տնկած են սկանտինաւեան ծառ` ի յիշատակ սկանտինաւիացի հայասէրներուն:

«ՑԱՒԻ, ՅԻՇՈՂՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ՊԱՅՔԱՐԻ ԿՈԹՈՂՆԵՐ»
ՊԱՏԿԵՐԱԳԻՐՔԻՆ ՇՆՈՐՀԱՀԱՆԴԷՍԸ

21 ապրիլին կայացած է Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան կողմէ հրատարակուած «Ցաւի, յիշողութեան եւ պայքարի կոթողներ», պատկերագիրքին շնորհահանդէսը, որուն ներկայ գտնուած են Հայաստանի Ազգային ժողովի երեսփոխաններ, Հայաստանի մէջ հաւատարմագրուած դիւանագիտական ներկայացուցիչներ, անուանի գիտնականներ, դասախօսներ, մշակութային եւ հասարակական կազմակերպութիւններու ղեկավարներ:

Հայաստանի սփիւռքի նախարար Հրանուշ Յակոբեան բացման խօսքին մէջ նշած է, թէ հանրութեան դատին յանձնուած ձեռնարկը սփիւռքի աւելի քան հարիւր հայկական համայնքներու հետ աշխատանքի արդիւնքն է: Ըստ նախարարին, պատկերագիրքին ստեղծումը ապացոյց է, որ Հայ դատի եւ պահանջատիրութեան համար պայքարը կը շարունակուի: Անիկա իւրօրինակ ապտակ կը համարուի պատմութեան կեղծարարներուն համար, եւ` բոլոր անոնց, որոնք կը փորձեն ժխտել Հայոց ցեղասպանութեան փաստը:

Այնուհետեւ Հայաստանի սփիւռքի նախարարութեան աշխատակազմի հայրենադարձութեան եւ հետազօտութիւններու վարչութեան  նախագահ Ա. Եղիազարեան համառօտ կերպով ներկայացուցած է պատկերագիրքը,- որ կ՛ընդգրկէ Հայոց ցեղասպանութեան զոհերու յիշատակին նուիրուած յուշակոթողներու  լուսանկարներ եւ անոնց վերաբերող տեղեկութիւններ:

Հայոց ցեղասպանութեան 95-ամեակին նախաձեռնուած էր այս պատկերագիրքին ստեղծումը` Հայաստանի սփիւռքի նախարարութիւնը նպատակադրած է մէկ գիրքի մէջ ամփոփել Հայաստանի, Արցախի եւ սփիւռքի մէջ գտնուող յուշակոթողները` իբրեւ ապացոյց չխամրող յիշողութեան, ցաւի եւ ողբերգութեան, պետութիւններու կողմէ Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման եւ նոր ցեղասպանութիւններու կանխարգիլման անհրաժեշտութեան: Շնորհակալութիւն յայտնելով Հայաստանի սփիւռքի  նախարարութեան կարեւորագոյն այս նախաձեռնութեան համար, այս պատկերագիրքին հրատարակութեան անհրաժեշտութեան մասին իրենց տեսակէտները արտայայտած են Ազգային ժողովի երեսփոխաններ Հրայր Կարապետեան եւ Շիրակ Թորոսեան, Գիտութիւններու Ազգային ակադեմիայի պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան, Մ. Աբեղեանի անուանի գրականութեան հիմնարկի տնօրէն Աւետիք Իսահակեան, Հայաստանի գրողներու միութեան նախագահ Լեւոն Անանեան, Երեւանի պետական համալսարանի պատմութեան բաժանմունքի տնօրէն Էդիկ Մինասեան, պատմութեան ամպիոնի վարիչ Բաբգէն Յարութիւնեան եւ ուրիշներ:

ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԱԶԳԱՅԻՆ ԱՐԽԻՒԻ
ՓԱՍՏԱԹՈՒՂԹԵՐԸ ՏՐԱՄԱԴՐԵԼԻ ԵՆ

Վերջերս տեղի ունեցած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Հայաստանի ազգային արխիւի տնօրէն Ամատունի Վիրաբեան յայտարարած է, թէ Ազգային արխիւին մէջ կը պահուին Հայոց ցեղասպանութեան մասին վկայող հաւաստի փաստաթուղթեր, որոնք 1915-ին հրաշքով կենդանի մնացած հայերու վկայութիւններ են, որոնցմով ներկայացուած են Օսմանեան կայսրութեան մէջ տեղի ունեցած արիւնալի իրադարձութիւններու տասը հազար ականատեսներու վկայութիւններ:

Ա. Վիրաբեան տեղեկացուցած է, թէ Ազգային արխիւը մտադիր է 2015-ին հրատարակել այդ վկայութիւններուն հիման վրայ կազմուած եռահատոր գիրք մը. հատորներէն իւրաքանչիւրը պիտի ներկայացնէ` Վանի, Պիթլիսի եւ Էրզրումի վիլայէթներու բնակիչներուն ճակատագիրը: Եռահատորեակը լոյս պիտի տեսնէ հայերէնով, անգլերէնով, գերմաներէնով, ֆրանսերէնով եւ ռուսերէնով:

Նշենք, որ վերջին շրջանին երկու թուրք մասնագէտներ այցելած եւ ուսումնասիրած էին  հայ-թրքական յարաբերութիւններուն աւելի կանուխ շրջանին վերաբերող արխիւային փաստաթուղթերը:

Ա. Վիրաբեան յայտնած է, թէ վերջերս Հայաստանի ազգային արխիւին մէջ Ճանտան Պաթեմ անունով թուրք մասնագէտ մը կ՛ուսումնասիրէ Կարսի պատմութիւնը: Ան հաղորդած է նաեւ, որ ինք միջազգային գիտաժողովներու ժամանակ պարբերաբար կը հանդիպի իր թուրք պաշտօնակիցին հետ եւ Թուրքիոյ արխիւ այցելելու հրաւէր կը ստանայ, բայց այդ հրաւէրը կ՛ընդունի քմծիծաղով. «Իրենք գիտեն, որ մենք չունինք օսմանագէտներ, իսկ իրենց արխիւներուն մէջ ամէն ինչ օսմաներէնով է, որ թրքերէն չէ,  արաբերէնի, պարսկերէնի եւ թրքերէնի խառնուրդ է», նշած է Ա. Վիրաբեան:

Ըստ Ա. Վիրաբեանի, հայ գիտնականներէն միայն քանի մը հոգի ուսումնասիրութիւններ կատարած են Թուրքիոյ ազգային արխիւի թրքերէնով ֆոնտերուն մէջ: Անոնցմէ մէկը գտած է որոշ փաստեր, որոնք կը վկայեն, թէ 1915-ին տեղի ունեցած է հայերու տեղահանում Արեւմտեան Հայաստանէն, հիմնուելով այն փաստին վրայ, որ ռուս-թրքական պատերազմին ընթացքին հայերը պաշտպանած են ռուսական կողմը:

Այժմ Հայաստանի ազգային արխիւին մէջ կայ պատմական տարբեր ժամանակաշրջաններու վերաբերող 350 միլիոն փաստաթուղթ: Ա. Վիրաբեան տեղեկացուցած է, որ մինչեւ 2015 թուականը արխիւին մէջ գտնուած ֆոնտերը պիտի տեղադրուին համացանցի վրայ:

ԼՈՅՍ ՏԵՍԱԾ Է ՌՈՒԲԷՆ ՀԱԽՎԵՐԴԵԱՆԻ
ՆՈՒԻՐՈՒԱԾ ԳԻՐՔ

Հայաստանի մէջ հրատարակուած է «Ռուբէն Հախվերդեան» գիրքը, որ կը բովանդակէ երգիչին կեանքին 60-ամեայ ուղին: Գիրքը հեղինակած է Շուշան Արզաքանեանը, որ ականաւոր մեկնաբանին երգարուեստին մասին զրուցած եւ գրած է վաթսունչորս ժամանակակիցի հետ, որոնց մեծամասնութիւնը մեր հանրութեան քաջածանօթ եւ տարբեր բնագաւառներու մէջ վաստակ ունեցող մարդիկ են:

Նշենք, որ գիրքը բաղկացած է երկու հիմնական բաժիններէ` «Ժամանակակիցները Ռուբէնի մասին» եւ «Պատասխանում է Ռուբէն Հախվերդեանը»` յօդուածներ եւ հարցազրոյցներ, ինչպէս նաեւ ներդրուած է անոր կենսագրութիւնը, հրատարակուած աշխատանքներուն` ձայներիզներուն, գիրքերուն ամբողջական ցանկը:

26 ապրիլին «Պիւրոքրաթ գրախանութին մէջ շնորհահանդէսին ներկայ գտնուած է Ռուբէն Հախվերդեանը իր կիթառով եւ մակագրած է գիրքերը:

ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԻՒԼԷԱԿԱՆ ԿԱՅԱՆԻ ԱՆՎՏԱՆԳ
ՇԱՀԱԳՈՐԾՄԱՆ ՀԱՄԱՐ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ Է
120 ՄԻԼԻՈՆ ՏՈԼԱՐ

Հայաստանի կառավարութեան կից Միջուկային անվտանգութեան կարգաւորման պետական կոմիտէի նախագահ Աշոտ Մարտիրոսեան վերջերս մամլոյ ասուլիսով մը յայտարարած է, թէ 1993-էն ի վեր հայկական հիւլէական կայանի անվտանգ շահագործումը ապահովելու նպատակով յատկացուած է 120 միլիոն տոլար: Ըստ անոր, նաեւ 20 միլիոն տոլար պիտի ծախսուի մինչեւ 2016` ապահովելու համար բոլոր նախատեսուած միջոցները, որոնք ուղղուած են անվտանգութեան մակարդակի բարձրացման:

Յիշեցնենք, որ հայկական հիւլէական կայանը կը գտնուի Մեծամօրի մէջ: Անիկա շահագործման յանձնուած է 1980-ին եւ կանգնեցուած` 1989-ի Սպիտակի երկրաշարժէն ետք: Այնուհետեւ կրկին շահագործման յանձնուած է 1995 նոյեմբերին: Վերջերս կ՛աշխատի հիւլէական կայանին միայն երկրորդ հատուածը` 407,5 մեկաուաթ հզօրութեամբ, որ կը կազմէ Հայաստանի մէջ արտադրուող ելեկտրական հոսանքին 40-50 առ հարիւրը: Ըստ փորձագէտներու, կայանը տակաւին կրնայ գործել մինչեւ 2016:

Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES