ՔՐՏԱԿԱՆ ԱԶԳԱԳՐԱԿԱՆ ԽՄԲԱՒՈՐՈՒՄՆԵՐԷՆ. ԹԱԼԱՊԱՆԻՆԵՐԸ` ՀԶՕՐ ՑԵՂԱԽՈՒՄԲ ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ԱՌԱՋՆՈՐԴՆԵՐ

Շէյխ Ապտէլ Գատէր Կիլանիի մզկիթը Պաղտատի մէջ

Քիւրտ ժողովուրդին առաջնորդող գլխաւոր եւ ամէնէն ազդեցիկ ուժերէն են Թալապանիները, որոնք իրենց ցեղապետական ուժին կողքին կը մարմնաւորեն հոգեւոր շէյխութեան ուժը եւ իրենց անջնջելի կնիքը դրած ն քիւրտ ժողովուրդի մտածողութեան եւ աշխարհահայեացքին մէջ:

 

ԹԱԼԱՊԱՆԻՆԵՐՈՒՆ ՆԱԽԱՀԱՅՐԸ` ՄՈԼԼԱ ՄԱՀՄՈՒՏ

Թալապանիները ծագումով Ատրպատականի Պուքան քաղաքի շրջանէն եւ Քաքա-Սուրի ընտանիքէն են: Աւանդութիւն մըն ալ կ՛ըսէ որ անոնք Զանկանա հին ցեղախումբէն սերած են: Անոնց պատմութիւնը, իբրեւ առանձին ցեղախումբ, կը սկսի ԺԸ. դարուն:

Տոհմական տարեգրութեանց համաձայն հին Զանկանաները մեծ մասամբ ցրուած են եւ ներկայ Զանկանաներն ու Թալապանիները անոնց գլխաւոր սերունդներն են:

Թալապանիներուն նախահայրը մոլլլա Մահմուտն է, Եուսուֆի թոռը եւ Ռուսթամի զաւակը: Ծնած` ԺԸ. դարուն սկիզբը, երիտասարդութեան Պուքանէն հեռացաւ եւ գնաց ու Քերքուքի շրջանին մէջ բնակութիւն հաստատեց: Ան ամուսնացաւ Զանկանա ցեղախումբէն միր Իսմայիլի աղջկան կամ թոռան հետ: Միր Իսմայիլ յետոյ Զանկանաներուն ցեղապետը եղաւ: Այդ ժամանակ անոնք Գայթուլ գիւղին  մէջ կը բնակէին: Մոլլա Մահմուտ յետոյ Գերխ գիւղին մէջ բնակութիւն հաստատեց:

Մոլլա Մահմուտ իսլամական գատիրի դաւանանքի առաջնորդ եւ երկար տարիներէ ի վեր Սուրտաշթ հաստատուած հնդիկ շէյխ Ահմէտ Լահորիի հետեւորդ եղաւ: Շէյխ Ահմէտ Լահորի յաճախ Գերխ կ՛այցելէր եւ մոլլա Մահմուտի հիւրը կ՛ըլլար, եւ առիթով մըն ալ զայն խալիֆա հռչակեց եւ կրօնական լայն իրաւասութիւններ փոխանցեց անոր:

Գատիրիները իսլամական խորհրդապաշտ եղբայրակցութիւն են, հիմնուած` շէյխ Ապտէլ Գատէր Կիլանիի (1077-1166) կողմէ եւ շարք մը ճիւղաւորումներու բաժնուած` տարածուած են իսլամական աշխարհի չորս ծագերուն: Կը քարոզեն մարդասիրութիւն, բարեսիրութիւն, խոնարհութիւն, առաքինութիւն եւ չափաւորութիւն: Ունին իրենց աղօթատեղիները` թաքիաները, ուր կը հաւաքուին եղբայր տերվիշները (աղքատները) եւ կրօնաւոր շէյխին առաջնորդութեամբ, թմբուկով ու երգեցողութեամբ կրօնական արարողութիւն կը կատարեն:

Մոլլա Մահմուտ հռչակաւոր դարձաւ իբրեւ հոգեւոր առաջնորդ. սկիզբը ան Քերքուքի մէջ գատիրիներու թաքիա մը հաստատեց եւ երկրորդ մըն ալ` Գերխի մէջ, եւ գատիրիներու համայնք մը կազմակերպեց: Ան մահացաւ 1801-ին:

ՇԷՅԽ ԱՀՄԷՏ ԹԱԼԱՊԱՆԻ

Մոլլա Մահմուտի զաւակը` շէյխ Ահմէտ Հնդկաստան գնաց, ուսումնասիրեց խորհրդապաշտ ուսմունքը, գատիրի դաւանանքին մէջ հմտացաւ եւ վեց ամսուան ճամբորդութենէ ետք, հաւանօրէն ԺԸ. դարու վերջին տարիներուն վերադարձաւ հայրենիք եւ Պասիրա գետի ափին, Գերխի հանդիպակաց կողմը գտնուող Թալապան գիւղը հաստատուեցաւ: Թալապան գիւղի անունէն անոնք Թալապանի անունով ճանչցուեցան: Կ՛ենթադրուի, որ Թալապան «թթու բլուր» կը նշանակէ, իսկ այլ կարծիքի մը համաձայն` տերեւի կամ ծառի իմաստ ունի: Նշենք նաեւ, որ խուրիական Արաֆա թագաւորութեան (ներկայ Քերքուքի շրջան) տարերգութիւններուն մէջ յիշուած է Թելլա տոհմանունը, որմէ կարելի է հետեւցնել` Թելլա-ուանտ (ուանտ կը նշանակէ շառաւիղ, ճիւղ, սերունդ), Թալաուան եւ Թալապան:

ԹԱԼԱՊԱՆԻՆԵՐՈՒՆ ՏԱՐԱԾՈՒՄԸ
ԵՒ ՀՈԳԵՒՈՐ ՇԷՅԽՈՒԹԻՒՆԸ

Գատիրիներու կրօնական արարողութիւն

Շէյխ Ահմէտ ինը մանչ զաւակ ունեցաւ, որոնցմէ նշանաւոր դարձան Ազիզ, Մուհամմատ Արիֆ, Ապտիւր Ռահման, Ղաֆուր եւ Ապտիւր Քերիմ: Անոնցմէ Ղաֆուր գնաց Խոյ շրջանը հաստատուեցաւ: Մուհամմատ Արիֆ գնաց Պարսկաստանի սահմանամերձ Զուհապ շրջանը հաստատուեցաւ եւ հռչակաւոր դարձաւ իբրեւ հրաշագործ սուրբ, մանաւանդ երբ թուրք- պարսկական պատերազմի մը ժամանակ ան հրաշքով մը յաղթական դարձուց թրքական պարտուած բանակը եւ իբրեւ երախտագիտութիւն` Պաղտատի փաշան քանի մը գիւղ նուիրեց անոր Խանագինէն հիւսիս` Պինգուտրա շրջանին մէջ, ուր բազմացաւ անոր սերունդը: Իսկ Ապտիւր Ռահման, ծանօթ` Խալիս (զուտ, մաքուր) անունով, Սիւլէյմանիէ գնաց եւ շէյխ Մաարուֆ Նոտէի աշակերտեց, շէյխութեան կոչում ստացաւ եւ Քերքուքի մէջ բնակութիւն հաստատելով ընտանեկան թաքիային առաջնորդը դարձաւ, բարեկարգեց գատիրիներու ուսմունքը, պարսկերէն, օսմաներէն եւ քրտական կորանի լեզուներով բանաստեղծութիւններ գրեց եւ եղբայրակցութեան առանձին ճիւղի մը` խալիսիայի հիմնադիրը եղաւ: Ան մահացաւ 1858-ին: Մահէն ետք բանաստեղծութիւնները հրատարակուեցան Իսթանպուլի մէջ:

 

Գատիրի-խալիսի եղբայրակցութեան շէյխութիւնը Թալապանիներու տան սեփականութիւնը դարձաւ: Միաբանութիւնը ծիսական-արարողական ուրոյն կարգ ու կանոններ նուիրագործեց: Աւանդական հոգեւոր երգերը, աղօթքները, ինչպէս նաեւ շէյխ Ապտիւր Ռահմանի բանաստեղծութիւնները, թմբուկի, սազի եւ երաժշտական այլ գործիքներու ընկերակցութեամբ, յուզական եւ խորհրդապաշտական մթնոլորտի մէջ` հոգեկան ցնցում յառաջ բերելով հաւատացեալին մօտ, երանութեան եւ Աստուծոյ հետ հաղորդակցութեան կ՛առաջնորդեն զայն: Եղբայրակցութիւնը նաեւ նուիրագործեց գատիրիներու կարգի հիմնադիր շէյխ Ապտէլ Գատէր Կիլանիի Պաղտատի դամբարան-մզկիթին տարեկան ուխտագնացութիւնը:

Թալապանիներու շէյխութեան համբաւը տարածուեցաւ իսլամական աշխարհի չորս ծագերուն եւ Իրպիլի, Պահտինանի, խոշնաոյի, Զահաուի, Ճուանրոյի, Հաուրամանի, Մարիուանի, Սանանտաճի,  Պուքանի, Սաուճ Պուլագի (Մահապատ), Ուրֆայի, եւ մինչեւ Սամարղանտի, Մետինէի, Եգիպտոսի եւ Սուրիոյ մէջ գատիրի-խալիսի եղբայրակցութեան թաքիաներ բացուեցան:

ԹԱԼԱՊԱՆԻՆԵՐԸ` ԱԶԴԵՑԻԿ ԱՇԻՐԷԹ
ԵՒ ԿՐՕՆԱՊԵՏՆԵՐ

Քերքուք

Շէյխ Ահմէտի զաւակները, այսպիսով, տարբեր շրջաններու մէջ տարածուելով` գատիրի- խալիսի եղբայրակցութեան շէյխեր դարձան, տարբեր գիւղերու եւ քաղաքներու մէջ թաքիաներ կառուցեցին եւ ամէնուրեք հեղինակաւոր դէմքեր դարձան: Բազմածին ըլլալով` անոնք արագօրէն բազմացան. շէյխ Ահմէտի երկրորդ սերունդը արդէն բաւական ստուարացաւ, իսկ յաջորդ սերունդը, այսինքն` անոր թոռներուն թիւը քանի մը հարիւրի հասաւ:

 

Այս ժամանակաշրջանին, ԺԹ. դարու կէսէն ետք, շէյխ Ահմէտի անդրանիկ զաւկին` Ազիզի զաւակը` շէյխ Համիտ, Թալապանի ընտանիքին գլխաւոր ղեկավարը դարձաւ.  խորագէտ, խելացի եւ հեղինակաւոր մարդ` ան ընդարձակ կալուածներ գնեց Պասիրայէն մինչեւ Աու-ա Սփի տարածուուղ շրջաններուն մէջ, նաեւ Խանագինէն հիւսիս` Պինգուտրա շրջանին մէջ, եւ Տիալա գետի ափին գտնուող Կորաշալա գիւղը բնակութիւն հաստատելով` կազմակերպեց տոհմը` իբրեւ մեծ, հարուստ, ազդեցիկ եւ հեղինակաւոր աշիրէթ:

Շէյխ Համիտի ցեղապետութեան կողքին, գատիրի-խալիսի եղբայրակցութեան հոգեւոր առաջնորդը եղաւ շէյխ Ապտիւր Ռահմանի անդրանիկ զաւակը` շէյխ Ալի: Անոր ղեկավարութեան տակ եղբայրակցութեան հետեւորդներուն թիւը հասաւ մօտաւորապէս յիսուն հազարը: Քերքուքի թաքիան վերակառուցուեցաւ եւ նոր թաքիաներ կառուցուեցան, որոնց գլխաւորը եղաւ Քոյ Սանճագի թաքիան:

Թալապանիներուն գլխաւոր մրցակիցները Պարզինճաներն էին, որոնք սերունդէ սերունդ կրօնական առաջնորդներ էին եւ իրենք զիրենք Թալապանիներէն գերակայ կը նկատէին:

Մրցակցութիւնները սաստկացան եւ Քերքուքի գաւառին մէջ երկու տոհմերուն միջեւ պայքարը յատկապէս 1886-ին սուր կերպարանք ստացաւ: Շէյխ Հիւսէյն Պարզինճա 1887-ին սպաննեց Թալապանիներու ցեղապետ շէյխ Համիտի եղբայրը` Ապտէլ Սամատը: Քանի մը ամիս ետք շէյխ Համիտ սպաննեց շէյխ Հիւսէյնը: Ի վերջոյ Թալապանիներու կրօնապետ շէյխ Ալի եւ Պարզինճաներէն շէյխ Հաֆիտ եւ շէյխ Հասան հասկացողութեան եկան եւ երկու ընտանիքներուն միջեւ թշնամութիւնը լուծուած հռչակուեցաւ: Թալապանիներուն մրցակից էին նաեւ Ճաֆերը, Ժապպարիները, Տաուտաները եւ Քաքայիները, եւ ցեղախմբային կռիւները անպակաս էին հակամարտ կողմերուն միջեւ:

ՇԷՅԽ ՌԸԶԱ ԹԱԼԱՊԱՆԻ

Շէյխ Ռըզա Թալապանի

Շէյխ Ապտիւր Ռահման Խալիսի զաւակը եւ շէյխ Ալիի կրտսեր եղբայրը` շէյխ Ռըզա Թալապանի ծնած է 1835-ին, Քերքուք: Ան մշակութային բեղուն գործունէութիւն ունեցաւ եւ քիւրտ ժողովուրդին մեծագոյն բանաստեղծներէն մէկը դարձաւ` սորանի քրտերէն, օսմաներէն, պարսկերէն եւ արաբերէն լեզուներով ստեղծագործող:

 

Շէյխ Ռըզա երիտասարդութեան շրջագայեցաւ Օսմանեան կայսրութեան շատ մը շրջաններ, յետոյ ութ տարի Պոլիս մնաց, ուր գործեց Քամիլ փաշայի հովանաւորութեան տակ: Պոլիսէն գնաց եւ Եգիպտոսի ղեկավար խտիւներու զաւակներուն պարսկերէնի ուսուցիչ եղաւ, այնուհետեւ, վերադարձաւ Պոլիս, յետոյ Մեքքէ ուխտագնացութեան գնաց, ուրկէ վերադառնալէ ետք Քերքուք հաստատուեցաւ: Այնուհետեւ ան գնաց Պաղտատ հաստատուեցաւ, ուր մահացաւ 1910-ին եւ թաղուեցաւ հոն, շէյխ Ապտէլ Գատէր Կիլանիի դամբարան-մզկիթի շրջափակին մէջ:

Շէյխ Ռըզայի բանաստեղծութիւնները արժէքաւոր աղբիւր են իր ժամանակի մտածողութեան, պատմութեան եւ ցեղախումբերու փոխյարաբերութեան իմաստով. բանաստեղծութիւններէն ոմանք նուիրուած են Թալապանիներուն մղած ցեղախմբային կռիւներուն` իրենց թշնամի Ժապպարի, Տաուտա եւ Քաքայի ցեղախումբերուն դէմ: 1879-ին, երբ օսմանեան պետութիւնը Շահրիզուրի վիլայէթը Մուսուլի վիլայէթին կցեց, շէյխ Ռըզա օսմաներէն բանաստեղծութեամբ մը իր տրտմութիւնը արտայայտեց, ուր կ՛ըսէ, որ Մուսուլ այժմ մայրաքաղաք եղաւ իր վիլայէթին: Շէյխ Ռըզա Թալապանիի բանաստեղծութիւնները հրատարակուած են եօթը անգամ:

ՇԷՅԽ ՄԱՀՄՈՒՏ ԱԼԻ ԵՒ ՄԵՐՁԱՒՈՐՆԵՐԸ

Շէյխ Ալի Թալապանիի անդրանիկ զաւակը` շէյխ Մուհամմատ Ալի Քերքուքի մէջ բնակութիւն հաստատեց եւ քաղաքին Թալապանիներու ընտանեկան թաքիային կրօնական ղեկավարը դարձաւ: Եղբայրը` շէյխ Հապիպ, Խալէտ Պազիանի գիւղը հաստատուեցաւ եւ հեղինակաւոր մարդ դարձաւ. ազդեցիկ դէմք դարձաւ նաեւ անոնց կրտսեր եղբայրը` Հասիպ:

Այդ ժամանակ Թալապանի աշիրէթի ազդեցիկ դէմքերէն էին նաեւ շէյխ Ալիի կրտսեր եղբօր` Գատիրի զաւակները` շէյխ Ֆէյզոլլա եւ Իզէտտին, որոնք Թաուգի շրջանը հաստատուեցան եւ եօթը գիւղերու տէր դարձան:

Շէյխ Ալի Թալապանի մահացաւ 1912-ին եւ Մուհամմատ Ալի յաջորդեց հօրը իբրեւ կրօնական առաջնորդ: Իր հաճելի եւ շաղակրատ բնաւորութեան պատճառով ան ժողովրդական սիրուած դէմք էր. անոր կերպարը` Քերքուքի փողոցներուն մէջ, իր լայն շրջազգեստով, գլխու փաթթոցով, հովանոցով եւ իր պահրէյնական ճերմակ էշուն վրան հեծած, ժողովրդական առածի եւ աւանդութեան կարգ անցաւ:

ԻՐԱՔԻ ՊԵՏՈՒԹԵԱՆ ԿԱԶՄԷՆ ՆԵՐՍ

Առաջին աշխարհամարտի վերջաւորութեան, 1918 մայիսին բրիտանական ուժեր հարաւային կողմէն յառաջանալով հասան քրտաբնակ շրջաններ` ազատագրելով Միջագետքը եւ հարաւային Քիւրտիստանը:

Ծերունազարդ ցեղապետ շէյխ Համիտ Թալապանի, որ ոխերիմ թշնամի էր թուրքերուն, իր ամբողջ ուժով բրիտանացիներուն կողքին կանգնեցաւ, որուն համար ալ բրիտանացիք արտօնութիւն տուին անոր ինքնիշխան կերպով ղեկավարելու Թալապանի գիւղերը` առանց ոստիկանութեան ենթարկուելու, եւ իրաւունք տուին անոր շահագործելու իր շրջաններուն մէջ գտնուող քարիւղի հորերը:

Այս ժամանակ Թալապանիները եւ անոնց կապուած ու ցեղային կազմին մէջ մտած գիւղացիները երեք ճիւղերու բաժնուած էին: Շէյխ Համիտի ճիւղը 700 տուն կը հաշուէր եւ 300 ձիաւոր ու 400 հետեւակ կռուող ունէր: Շէյխ Ռաուֆի ճիւղը 300 տուն կը հաշուէր եւ 500 ձիաւոր կռուող անձեր: Իսկ շէյխ Թահիրի ճիւղը 150 տուն կը հաշուէր եւ 60 ձիաւոր կռուող ունէր:

Շէյխ Համիտի զաւակները` Ճալալ, Ուահապ, Ղալէպ, Մուսթաֆա, Թալէպ եւ Ռեշիտ, բոլորն ալ գեղադէմ, վայելուչ, հեղինակաւոր եւ ազդեցիկ մարդիկ, սերտ յարաբերութիւնները պահեցին բրիտանացիներուն եւ տեղական իշխանութիւններուն հետ. անոնցմէ Ճալալ Ֆարհատ Պէկ գիւղը բնակութիւն հաստատեց. Ուահապ, որ Տիալա գետի ափին` Գարա Պուլաթ գիւղը հաստատուած էր, եղբօր` Մուսթաֆայի հետ Պինգուտրայի շրջանի Թալապանիներուն ղեկավարը դարձաւ. Թալէպ, որ Պահրամ Պէկ գիւղը հաստատուած էր, հօրը կտակին համաձայն, Թալապանի աշիրէթին պետ դարձաւ, իսկ կրտսեր եղբայրը` Ռեշիտ անոր աջակիցը դարձաւ:

Հոգեւոր առաջնորդ շէյխ Մուհամմատ Ալի արդէն զառամեալ տարիքի մէջ էր: Եղբայրը` շէյխ Հապիպ Քերքուքէն արեւելք գտնուող Գարա Հասան գաւառին մէջ, Թալապանիներու ազդեցութեան գօտիին մէջ գտնուող շրջանին միւտիր նշանակուեցաւ: Թաուգի շրջանին մէջ Թալապանիներու գլխաւոր ուժերը կը մնային շէյխ Ֆէյզոլլա եւ Իզէտտին Թալապանիները:

Շէյխ Մուհամմատ Ալի մահացաւ 1933-ին եւ իբրեւ հոգեւոր առաջնորդ անոր յաջորդեց զաւակը` շէյխ Մուհամմատ Ճամիլ: Շէյխ Հապիպ, որ Գարա Հասանի միւտիրն էր, առանց ընտրութեան Քերքուքի քաղաքապետ նշանակուեցաւ. պաշտօն մը, զոր վարեց տասնամեակ մը շարունակ: Աւելի ուշ Ֆազըլ Թալապանի Քերքուքի քաղաքապետ եղաւ: Իսկ շէյխ Հապիպի եղբօր` Հասիպի զաւակը` Հուսամէտտին Քոյ Սանճագի մէջ բնակութիւն հաստատելով շրջանին հոգեւոր առաջնորդը դարձաւ:

Բրիտանական հոգատարութեան շրջանին շէյխ Մահմուտ Պարզինճայի եւ անկէ ետք, 1932-ին եւ 1943-էն 1945 տարիներուն, Պարզանիներուն գլխաւորութեամբ բարձրացած ապստամբութիւններուն Թալապանիները մասնակցութիւն չբերին. այդ ժամանակ անոնց ղեկավարները լաւ յարաբերութիւն ունէին արքունիքին հետ:

1958-Ի ՅԵՂԱՓՈԽՈՒԹԵՆԷՆ ԵՏՔ

Զօրավար Ապտէլ Քերիմ Քասէմի գլխաւորութեամբ 1958 յուլիս 14-ին կատարուած պետական հարուածէն եւ թագաւորութեան անկումէն ետք մոլլա Մուսթաֆա Պարզանի Խորհրդային Միութիւն աքսորէն Իրաք վերադարձաւ եւ պետութեան խնամակալներէն մէկը դարձաւ:

Մոլլա Մուսթաֆա Պարզանիի եւ համայնավարներու գործակցութիւնը եւ Քասէմի անխնայ միջոցառումները` հողատէրերուն դէմ, ծանր մտահոգութեան մատնեց Թալապանիները, ինչպէս նաեւ` այլ ցեղախումբեր, եւ 1959-ի գարնան վերջաւորութեան մօտաւորապէս քսան հազար քիւրտեր Իրաքէն անցան Իրան եւ չորս հազար ալ` Թուրքիա: Անոնց մէջ էին Թալապանիներէն ընտանիքներ, որոնք շէյխ Նաժմէտտին Թալապանիի գլխաւորութեամբ անցան Իրան եւ Քերմանշահի շրջանը հաստատուեցան: Յետոյ, ատեն մը ետք, երբ կացութիւնը հանդարտեցաւ, գաղթականները վերադարձան իրենց տուները:

Զօրավար Քասէմի դահլիճին մէջ, 1959-ին, Հասան Թալապանի, շէյխ Ռըզա Թալապանիի թոռը, հաղորդակցութեան նախարար եղաւ: Պաշտօն մը, զոր վարեց մինչեւ Քասէմի անկումը` 1963 փետրուար:

Հոգեւոր առաջնորդ շէյխ Մուհամմատ Ճամիլ մահացաւ 1961-ին եւ անոր յաջորդեց զաւակը` շէյխ Ալի Թալապանի:

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

 

Share this Article
CATEGORIES