«Ազդակ»` Ութսունհինգ Տարիներու Ծառայութեան Ընդմէջէն. Նոր Սիսի Հիմնադրութիւնը Եւ Սուրբ Սարգիս Եկեղեցւոյ Կառուցումը

ԱՍՊԵՏ ՄԱՆՃԻԿԵԱՆ

Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ հիմնօրհնէքը

Կիլիկիոյ պարպումէն ետք Լիբանան ապաստան գտած սիսեցիները Պէյրութի նաւահանգիստին դիմացը տարածուող մեծ քէմփին թիթեղաշէն ու փայտաշէն հիւղակներուն մէջ պատսպարուած էին: Սիսեցիք 1922-ին հայրենակցական միութիւն մը կազմեցին նախաձեռնութեամբ Խադ ծայրագոյն վարդապետ Աջապահեանին, չքաւոր ընտանիքներուն օժանդակելու եւ կարիքաւոր աշակերտներուն կրթաթոշակ տրամադրելու համար: Սակայն միութիւնը երկար չգոյատեւեց եւ լուծուեցաւ 1929-ին:

Մեծ վրանաքաղաքը այրեցաւ 1930 յունուարին: Գլխաւոր տուժողներէն եղան նաեւ սիսեցիները: Վերապրելու, վերակազմակերպուելու, պապենական օճախը վերաշինելու եւ համախումբ ապրելու կամքով սիսեցիք զօրաշարժի ենթարկեցին իրենց բոլոր ուժերը: Անոնք Եղիշէ եպիսկոպոս Կարոյեանի նախագահութեամբ տեղաւորման յանձնախումբ մը կազմեցին,  հողամաս մը գնելու եւ սիսեցիները հոն տեղաւորելու նպատակով:

Պէյրութի արեւելեան կողմը, Պէյրութ գետէն շուրջ մէկուկէս քիլոմեթր հեռու, Պուրճ Համուտի հարաւը կը տարածուէր Սամման ընտանիքի թթաստաններուն մէկ մասը: Սամմաններ հոն շերամ կը բուծանէին: Շրջակայքը կային ընդարձակ բանջարանոցներ եւ զարգացած էր յատկապէս կուտատուկի (պամիա) մշակութիւնը: Հողերը կ՛ոռոգուէին Իւչ Կէօզի (ներկայիս` Նապաա) ջուրերով: Սամմաններու կալուածէն քիչ մը անդին, ներկայ Արագած թաղի մուտքին եղէգնուտներով շրջապատուած ճախճախուտն էր, մժեղներու եւ գորտերու բոյն մը: Թթաստանները կը տարածուէին մինչեւ ներկայ Կիլիկիա թաղը, որ Թութլուխ կը կոչուէր:

Սիսեցիներու տեղաւորման յանձնախումբը, Եղիշէ եպիսկոպոս Կարոյեանի գլխաւորութեամբ, Սամման ընտանիքէն 1500 օսմանեան ոսկիի գնեց 57 հազար քառակուսի կանգուն հողամաս մը, ուր 1931-ին հիմը դրուեցաւ Նոր Սիս թաղամասին:

Սիսեցիք հաւաքական աշխատանքով եւ իրերօգնութեան զգացումով հողը մաքրեցին, ծառերը հատեցին եւ բնակարաններ կառուցեցին: Նոյն տարուան աշնան սիսեցիք ձեռնարկեցին փայտաշէն եւ թիթեղածածկ եկեղեցիի կառուցման. այր ու կին, մեծ ու փոքր իրենց մասնակցութիւնը բերին. ոմանք փայտի գերաններ նուիրեցին, ուրիշներ` թիթեղեայ կտորներ, եւ 1932-ին Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ շինարարական աշխատանքները աւարտին հասցուցին: Եկեղեցին միաժամանակ գործածուեցաւ իբրեւ վարժարան, եւ այսպիսով հիմնուեցաւ Լուսինեան վարժարանը: Առաջին տարին դպրոցը ունեցաւ 92 աշակերտ: Հետագային, 1933-1934-ին կառուցուեցաւ քարաշէն Լուսինեան ազգային վարժարանը:

Փայտաշէն Սուրբ Սարգիս եկեղեցին 1949 յունիս 20-ին քակուեցաւ եւ վեց օր ետք, յունիս 26-ին հիմը դրուեցաւ քարաշէն եկեղեցւոյ:

                      ***

«Ազդակ» 2 յուլիս 1949-ի թիւով եւ «Հիմնօրհնէք Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ» խորագիրով տեղեկատուութեամբ կը գրէր.

Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ կառուցումը

«Նոր Սիսի թաղականութիւնը, Շինութեան յանձնախումբն ու կարգ մը նուիրեալ ազգայիններ, ամիսներ շարունակ կորովի աշխատանք տանելով, վերջապէս յաջողեցան հիմնօրհնէքի արարողութիւնը հանդիսաւորապէս կատարել, անցեալ կիրակի, 26 յունիս 1949 առաւօտեան ժամը 9:00-ին:

Հրաւիրուած էին ոչ միայն շրջանի պատասխանատու ազգայինները, այլ նաեւ Կաթ. փոխանորդ Խադ սրբազանը եւ այլ յայտնի անձնաւորութիւններ: Ժամը 9:00-ին, Խադ սրբազան` ընկերակցութեամբ Թորգոմ աբղ. Փոսթաճեանի եւ երկու քահանաներու` Թիրօ թաղի Տէր Գրիգոր քհնյ. Սարգիսեանի եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ հոգեւոր հովիւ տէր Յովհ. քհնյ. Պօղոսեանի, կատարեց հիմնօրհնէքի հանդիսաւոր արարողութիւնը: Շրջանի ՀՄԸՄ-ի արիներն ու գայլիկները կը հսկէին կարգապահութեան: Ներկայ էին` բացի թաղի բոլոր սսեցի հայրենակիցներէն, Նոր Մարաշի թաղականութեան ներկայացուցիչները, Իշխան կոմիտէութեան բոլոր կազմը, Նոր Սիսի թաղականութիւնն ու հոգաբարձութիւնը, ՀՄԸՄ-ի վարչութիւնը, տիար Միսաք Ազիրեանը եւ բազմաթիւ ուրիշներ:

Տասն եւ վեց կնքահայրեր, իրենց ձեռին ունենալով մէկական հիմնաքարեր, ներկայացան սրբազան հօր եւ կնքել տուին զանոնք:

Խադ սրբազան աւարտելէ յետոյ արարողութիւնը, յաւուր պատշաճի քարոզ մը խօսեցաւ եւ բացատրեց, թէ այդ 16 քարերը կը ներկայացնեն 12 առաքեալներն ու 4 աւետարանիչները: Յետոյ կոչ ուղղեց ներկայ ժողովուրդին, որ իրենց սրբազան պարտականութիւնը կատարեն լայնօրէն բանալով իրենց քսակները, որպէս հոգեկան մխիթարութիւն, սուրբ նպատակի ծառայող եկեղեցիի մը կառուցման իբր հիմնարկէք: Ներկայ հասարակութիւնը անխտիր մասնակցեցաւ սոյն հանգանակութեան, որմէ գոյացաւ տեղւոյն վրայ 4544 լ. ոսկիի պատկառելի գումար մը: Բացի այս դրամէն, Ամերիկայէն տոքթ. Գ. Գ. Կէօքճեան 150 տոլար ղրկած էր, ինչպէս նաեւ Յակոբ Աջապահեան` 100 տոլար: Այստեղի ընդհ. գումարը կ՛ընէ` 749,55 լ. ոսկի, որով ընդհ. գումարը հասաւ 5293 լ. ո. եւ 55 լ. դ.ի:

Այս առթիւ տիկին Աննա Պէպէքեան նուիրեց զոյգ մը ոսկի օղ: Անդրէաս Պապաօղլանեան խոստացաւ առանց վարձքի 15 օր գմբէթի շինութեան համար աշխատիլ եւ նուիրել նաեւ եկեղեցիի մուտքի դուռը: Միշէլ Տիրացուեան խոստացաւ երկու շաբաթ առանց վարձքի աշխատիլ, իսկ Գալուստ Գոճապաշեան` մէկ շաբաթ: Տիկին Եւգինէ Գուլաեան պատրաստակամութիւն յայտնեց 3 օր աշխատիլ, իսկ հետեւեալ պարոնները` Մանուկ Գասպարեան եւ Պետրոս Նշանեան` երկուքական օր: Այս վերջինը երկու օր աշխատեցաւ տախտակաշէն եկեղեցին քակելու, առանց որեւէ ակնկալութեան:

Բոլոր Պէյրութի արուարձաններուն մէջ, միակ տախտակաշէն եկեղեցին – Թիրօ թաղի եկեղեցիէն վերջ, կը մնար Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցին: Տարիներ շարունակ ժողովուրդը իր պաշտամունքը հոն կը կատարէր, հոգեկան մխիթարութիւն ստանալու համար: Ձմեռուան յորդառատ անձրեւներն ու ամառուան անտանելի տօթը, շատ մը անպատեհութիւններ կը գոյացնէին եւ պատճառ կ՛ըլլային, որ շատեր ակամայ զրկուին յաճախ, գէթ շաբաթը մէկ անգամ, հոգեկան վայելք շնորհող այդ պատեհութենէն: Նման այլազան արգելքներու առաջքը առնելու համար ահա, պատ. թաղականութիւնը կը նշանակէ շինութեան յանձնախումբ մը, որ մեղուաջան աշխատանքի կը լծուի եւ սփիւռքի հայաշատ կեդրոններու կոչ կ՛ուղղէ, հարիւրաւոր նամակներու առընթեր, որ իրենց նիւթական ու բարոյական աջակցութիւնը բերեն հոյակապ եկեղեցիի մը կառուցման, որ միայն պատիւ կրնայ բերել հայ ժողովուրդին: Արդէն իսկ Ամերիկայէն երկու ազգայիններ փութացած են ընդառաջել իրենց եղած դիմումին եւ յղած որոշ գումար մը, խոստանալով մեծաքանակ հանգանակութեան մը ձեռնարկել յաջողցնելու համար այս սրբազան գործը:

Ո՛չ մէկ տարակոյս, թէ միւս շրջաններն ալ իրենց կարելին ընելով, որոշ չափով պիտի նպաստեն սուրբ նպատակի ծառայող այս եկեղեցիին շինութեան գործին: Պիտի կառուցուի այս եկեղեցին, եւ պէ՛տք է կառուցուի, աւելի՛ փառաւոր, քան ի՛նչ որ ծրագրած են ընել Շինութեան յանձնախումբն ու պատ. թաղականութիւնը: Հայ ժողովուրդը սփիւռքի տարածքին վրայ, իբր ազգապահպանման զօրաւոր կռուան ունի, իր ազգային կազմակերպութիւններէն անմիջապէս վերջ իր դպրոցն ու եկեղեցին: Եւ այդ եկեղեցին ու դպրոցը ո՛րքան ամուր հիմերու վրայ դրուած ըլլան, ա՛յնքան աւելի կը նպաստեն մեր գոյատեւման պայքարին: Մենք կարիքը ունինք պայքարը յաւերժացնող ազդակներու, անաղարտ պահելու համար հայու ազգ. ոգին ու դիմագիծը:

Այսու կոչ կ՛ընենք գաղթաշխարհի մեր հայրենակիցներուն, որ իբր ազգային վսեմ պարտականութիւն, կատարեն հարկ եղած աջակցութիւնը, սկսուած գործը լաւագոյնս յաջողցնելու համար: Ազգային բարերարներն ե՛ւս իրենց սրտին ու խղճին պարտքը կատարելու համար պէտք է բանան լայնօրէն իրենց քսակները եւ իրենց սրտաբուխ նուէրները ղրկեն Շինութեան յանձնախումբին:

Չկայ աւելի նուիրական պարտականութիւն, քան եկեղեցի ու դպրոց (հիմնելու) ձեռնարկին յաջողութեան նպաստելու պարտականութիւնը:

Բոլոր պատուոյ հիւրերը եւ թաղի պատասխանատու անձերը կէսօրին հիւրասիրուեցան Արշակունի Ռաֆայէլեանին տունը, եւ ջերմ մթնոլորտի մէջ ճաշեցին հոն: Շինութեան յանձնախումբը ոչխար մը մորթեց, որուն արիւնով մուտքի դրան վրայ խաչ մը գծուեցաւ եւ մնացած արիւնը սրսկուեցաւ հիմերու պատերուն բոլորտիքը»:

* * *

Լուսինեան վարժարանին անդրադառնալով «Ազդակ» 7 յուլիս 1949-ի տեղեկատուութեամբ եւ «Ազգային կեանքը Անդր Նահրի մէջ»  խորագիրով տեղեկատուութեամբ կը գրէր.

«Լուսինեան Մանկապարտէզի Ամավերջի հանդէսը.-

Լուսինեան վարժարանի մանկապարտէզի բաժինը իր ամավերջի հանդէսը սարքեց 19 յունիս 1949, կիրակի երեկոյեան ժամը 8:00-ին Ազիրեան բացօթեայ սրահին մէջ: Խուռն բազմութիւն մը լարուած հետաքրքրութեամբ կը հետեւէր օրուան հանդէսին:

Յայտագրի Ա. մասին մէջ եղան արտասանութիւններ` Յակոբիկ Ունանեանի (բարի եկաք), ծիլերու Ռօզին Մահսերէճեանի եւ Կարպիս Բամպուքեանի կողմէ: Կոկոն եւ բողբոջ դասարաններ փոխասացութեան ձեւով` փոխն ի փոխ երգեցին ու արտասանեցին հիացում պատճառելով ներկայ հասարակութեան: Եւրոպական պարը յաջողութեամբ խաղացին բողբոջ դասարանի սան սանուհիները, իսկ հայկական պարը` անթերի էր ու ներդաշնակ. արդիւնք` մեծ ճիգերու եւ յարատեւ աշխատանքի: Ծաղիկ դասարանը կատարեց թափերով մարզանք մը, ծափեր խլելով:

Յայտագրի Բ. մասի գործադրութիւնը աւելի հետաքրքրութիւն արթնցուց: Եղան հայկական եւ եւրոպական պարեր, զինուորական համաչափ մարզանք եւ թռչուններու օբերէթ մը: Շնորհակալութեան ուղերձ մը արտասանեց Ալիս Խոսրոֆեան, իսկ Կարապետ Թորոսեան, Սօսի Գայայեանի արտասանութենէն վերջ, ապրումով արտասանեց «հրաժեշտ»ի վերջին արտասանութիւնը:

Ապա եղաւ վկայականաց բաշխումը. 57 սան սանուհիներ, բեմի վրայ շարուած էին, խորհրդաւոր ու տպաւորիչ տեսարան մը պարզելով հանդիսականներու առջեւ: Վկայականաց բաշխումէն յետոյ, վկայեալ դասարանը երգեց «հրաժեշտի երգը»: Հանդէսը փակուեցաւ ժամը 10:30-ին:

Լուսինեան Ազգային երկսեռ վարժարանի ամավերջի հանդէսը.

Նոր Սիսի Լուսինեան Ազգային երկսեռ վարժարանի ամավերջի հանդէսը տեղի ունեցաւ 23 յունիս 1949, հինգշաբթի երեկոյեան ժամը 8:00-ին, Ազիրեան բացօթեայ սրահին մէջ: Սրահը ծայրէ ծայր լեցուած էր կոկիկ բազմութեամբ մը: Հանդէսը բացուեցաւ երգչախումբի կողմէ Լիբանանի Ազգային քայլերգով եւ Լուսինեան վարժարանի քայլերգով, զոր կը վարէր Յակոբ Սարգիսեան:

Դպրոցի տնօրէն Շաւարշ Մակարեան անցաւ յայտագրի գործադրութեան: Եղան չորս լեզուներով արտասանութիւններ, առաւելաբար աւարտական դասարանի սան-սանուհիներու կողմէ:

Հայերէն արտասանեցին Լուսին Գալայճեան` «Հայ լեզուն տունն է հայուն», Հռիփսիմէ Սարգիսեան` «Հայ մամիկին աղօթքը», Աւագ Յովհաննէսեան` «Հայոց լեռներում», Մաքրուհի Գույումճեան` «Կարմիր հողը», Հայկուհի Մթրըպեան` «Հայ լեզուին», Մարիժան Զուլամեան` «Անհարազատ ափերէն»:

Արաբերէն արտասանեցին` Լուսին Քէշիշեան եւ Սիրվարդ Կիցցինեան:

Ֆրանսերէն արտասանեցին` Գրիգոր Սէմէրճեան, Ասատուր Դշխունեան եւ Լուսին Քէլէշեան: Անգլերէն արտասանութիւններ եղան Զուարթ Մկրտիչեանի, Գոհարիկ Կիւլիւզեանի եւ Ճպրան Ճպրանեանի կողմէ:

Եղան մեներգներ` Լուսին Յակոբեանի, Սոնա Կիւլիւզեանի եւ Սիրվարդ Կիցցինեանի կողմէ:

Դպրոցի երգչախումբը, ղեկավարութեամբ իրենց երաժիշտ ուսուցիչին երկու խմբերգներ` «Խաղաղ գիշեր» եւ «Սիրուն պատկեր»-ը երգեց: Եղան երկու հայկական պարեր` «Քելէ Քելէ» եւ  «Եար նանի բալա»:

Տնօրէնի տեղեկատուութենէն վերջ յայտագրի վերջաւորութեան աւարտական դասարանի 15 աշակերտ-աշակերտուհիներ ներկայացան բեմ, իրենց վեցամեայ աշխատանքին իբր արդիւնք ստանալու համար իրենց վկայականները. աւարտական կարգի կողմէ Սրբուհի Մսըրլեանի կարդացած ուղերձէն յետոյ, կատարուեցաւ տնօրէնի ձեռքով վկայականներու բաշխման հանդիսաւոր արարողութիւնը:

* * *

Քարաշէն Սուրբ Սարգիս եկեղեցւոյ կառուցման մասնակցեցաւ ամբողջ ժողովուրդը, իւրաքանչիւրը իր կարողութեան սահմաններուն մէջ ձրիաբար աշխատելով  մէկէն մինչեւ տասնհինգ օր: Շինարարական աշխատանքները աւարտեցան 1950-ին:

«Ազդակ» 9 մայիս 1950-ի թիւով եւ «Նոր Սիսի նորակերտ Սուրբ Սարգիս եկեղեցիին օծումը» խորագիրով տեղեկատուութեամբ կը գրէ.

Եկեղեցւոյ օծման եւ անուանակոչութեան օրը

«Անցած կիրակի, 30 ապրիլ 1950, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, Նոր Սիսի Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ թաղական խորհուրդի եւ շինութեան յանձնախումբի նախաձեռնութեամբ, նորակերտ եկեղեցիի օծման հանդիսաւոր արարողութիւնը կատարուեցաւ: Օրուան պատարագիչն էր Կաթ. փոխանորդ գեր. Տ. Խադ արք. Աջապահեան: Ս. արարողութեան իր մասնակցութիւնը բերած էր նաեւ Դրան եպիս.` Խորէն սրբազան Բարոյեան եւ երկու տիրացուներ:

Կանուխէն եկեղեցին ու յարակից պատշգամն ու վերնատունը բարեպաշտ խուռն բազմութեամբ մը լեցուած էր: Հետզհետէ շրջաններէն հետաքրքիր բազմութիւններ կը փութային դէպի նորակերտ եկեղեցին, օրուան հանդիսաւոր արարողութեան միջոցին հոգեկան սփոփանք ստանալու եւ ոգեւորուելու հայու ձեռներէց ոգիով կառուցուած փառաշուք եկեղեցիին ի տես:

Ներկայ էին շրջանի հոգեւոր հովիւները, Նոր Մարաշի թաղական խորհուրդը իր ամբողջ կազմով, հայ բողոքական համայնքի պատուելին եւ հոգաբարձական մարմինը իր կազմով, երեք կոմիտէութեանց ներկայացուցիչները եւ բոլոր ազգային մարմիններու ներկայացուցիչները: Յատկապէս հրաւիրուած էին` Լիբանանի ազգային քաղ. ժողովի ատենապետ Մ. Ազիրեան ու բազմաթիւ պատասխանատու ազգայիններ, մեծահարուստներ եւայլն:

Հանդիսաւոր թափօրն ու օծումը կատարուեցաւ ժամը 9:00-ին, մեծ տպաւորութիւն ձգելով ներկաներու վրայ: Շատեր, տեղի չգոյութեան պատճառաւ, եկեղեցիի բակին մէջ կեցած կը հետեւէին սուրբ արարողութեան, որը կը ձայնասփռուէր, նախապէս զետեղուած բարձրախօսի մը միջոցաւ:

Ճիտապուրի պատրաստութեան գիշերը

Օծման մեծաշուք արարողութենէն վերջ, բանին կենաց քարոզեց գեր. Խադ սրբազանը, մեծապէս դրուատելով հայու առատաձեռնութիւնն ու սրբավայրերու համար ունեցած ակնածանքի զգացումը, որու հետեւանքով ահա կարճ ժամանակամիջոցի ընթացքին կառուցուեցաւ հոյակապ սրբավայր մը: Սրբազանը դարձեալ կոչ ըրաւ ներկայ բազմութեան, որ մասնակցի նաեւ նոր նուիրատուութեան մը, նորակերտ եկեղեցին օժտելու արդիական կազմածներով եւ շքեղ պիտոյքներով, միանգամընդմիշտ ձերբազատուելու մտահոգութիւն առթող կարգ մը անպատեհութիւններէ, որոնք անդոհանքի պիտի մատնէին ներկայ բարեպաշտ հասարակութիւնը, եթէ այսքան զոհողութիւններէ ետք եկեղեցին մնար թերաւարտ վիճակի մէջ:

Բարեբախտաբար սակայն, տրուած քառորդ ժամ պայմանաժամի ընթացքին, հինին բարդուելով նաեւ նոր ու վերանորոգ զոհողութիւններով գոյացաւ լիաբուռն նուիրողներու փաղանգէն երկու հազար երկու հարիւր (2200) լ. ո. եւս, նորանոր խոստումներէ, եւ նուիրելու պատրաստակամութիւն ցուցնողներէ զատ:

Յաւարտ պատարագի, Ս. պատարագիչը, Նոր Մարաշի եւ Ս. Սարգիս եկեղեցւոյ դպրապետներուն եւ դպրաց դասերուն առաջնորդութեամբ, իջաւ եկեղեցիին բակը եւ օրհնեց նաեւ հոն ներկայ եղող բազմութիւնը:

Բոլոր հիւրերը, կէսօրուան ճաշի հրաւիրուեցան Արշակունի Ռաֆայէլեան տունը, ուր մտերմիկ մթնոլորտի մէջ հիւրասիրուեցան անոր կողմէ»:

 

 

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )