50 Տարի Առաջ (19 Դեկտեմբեր 1962)

Հայ Քահանայ Մը Ատանայի
Եւ Սիսի Մէջ

Սսեցի Մեծահարուստ Թուրք Մը Կը Հիւրասիրէ Քահանան
Եւ Երախտագիտութեամբ Կը Յիշէ Միսաք Ազիրեանի Անունը

Պոլսոյ «Ժամանակ» թերթին մէջ Շաւարշ Պալըմեան երկար յօդուածաշարքով մը կը գրէ իր Պոլսէն Ատանա եւ Ատանայէն Սիս ճամբորդութիւնը` Անաւարզայի բերդաքաղաքը տեսնելու համար:

Հայ քահանան կը նկարագրէ նախ Ատանան, որ, կ՛ըսէ, Անատոլուի գեղեցիկ քաղաքներէն մէկն է: Նոր Ատանայի մասին Պալըմեան քահանան կը գրէ.

«Լայն ճամբայ մը քաղաքը երկուքի կը բաժնէ: Նոր Ատանան իսկապէս շատ գեղեցիկ է: Բարձր ու լայնանիստ շէնքեր սիրուն պարտէզներու մէջ կառուցուած են: Այս թաղամասին տուները գրեթէ առհասարակ պարտէզներու մէջ շինուած են: Բոլորն ալ ճաշակաւոր ու ներդաշնակ են»:

Խօսելով Ատանայի ժողովուրդին հագուելակերպին մասին, հետեւեալ պատկերը կու տայ.

«Ժողովուրդին հագուելակերպն ալ նոյն տեսարանը կը պարզէ: Ոմանք արդիական տարազ կը կրեն, ոմանք ալ սեւ ու լայն անդրավարտիքներ կը հագնին: Ոտքերնին եմէնի ըսուած տրեխի տեսակի կօշիկներ ունին, մէջքերնին գունաւոր ու լայն գօտիներ կը փաթթեն»:

«Գիւղացի կիները գրեթէ ամբողջութեամբ նոյնպէս այրերու նման լայն անդրավարտիքներ կը հագուին, գլուխնին կը փաթթեն մետաքսեայ շալեր, որոնց ծայրերը մանր ոսկիներով եւ կամ ուլունքներով զարդարուած են:

«Մաքուր ու արդիական ճաշարաններ կան, սակայն Ատանայի աւանդական քէօֆթէները ի պատուի են: Կարմիր պղպեղով, սոխով ու համեմներով պատրաստուած քէօֆթէները լաւաշ հացերու վրայ, պնակներու մէջ կը դրուին, կարմիր բողկով կանանչ բանջարներով պնակին եզերքը կը զարդարեն»:

Հայ քահանան Ատանայէն օթոպիւս կը նստի` երթալու համար Սիս, որ 100 քիլոմեթր հեռու է: Ճամբան, կ՛ըսէ ան, ծուռ ու մուռ է, դարձդարձիկ եւ յոգնեցուցիչ: 60 քիլոմեթր մնացած Սիսի բերդը կը տեսնուի:

Սիսի մէջ հետաքրքրական երեւոյթի մը առջեւ կը գտնուի քահանան: Ճաշարան մը կը մտնէ, կը ճաշէ եւ երբ կ՛ուզէ դրամ տալ,  ճաշարանատէրը «վճարուած է» կ՛ըսէ: Քահանան կը զարմանայ, շնորհակալութիւն կը յայտնէ եւ դուրս կ՛ելլէ: Վայելուչ հագուած տարիքոտ մարդ մը թեւը կը բռնէ եւ կը հրաւիրէ խանութը` «դուք իմ հիւրս էք» ըսելով:

Եւ կը սկսի խօսակցութիւնը: «Պաքի Չամուրտան է իմ անունս,- կ՛ըսէ հիւրասիրող թուրքը եւ երախտագիտութեամբ կը յիշէ իր բարերարին` Միսաք էֆենտի Ազիրեանին անունը ու կ՛ըսէ քահանային. «Ես երախտապարտ եմ Սիսաք Ազիրեանին. իմ այսօրուան դիրքս` հարստութիւնս ու կեանքս անոր կը պարտիմ. հետեւաբար դուք իմ հիւրս պիտի ըլլաք»:

Պաքի էֆենտին ոչ միայն Սիսի մէջ կը հիւրասիրէ հայ քահանան, այլ ճիփ մը վարձելով զայն կը ղրկէ Անաւարզայի աւերակները:

 

Կիպրահայ Կեանք

(Սեփական Թղթակցութիւն «Ազդակ»-ի)

Տեղւոյս Համազգային մշակութային ընկերակցութեան նախաձեռնութեամբ, յիշատակի երեկոյթ մը տեղի ունեցաւ` նուիրուած Լեւոն Շանթի, անոր մահուան 11-րդ տարեդարձին առիթով, նոյեմբեր 29-ի գիշերը ՀԵՄ-ի սրահին մէջ:

Երեւոյթը բացաւ Հայրապետ Կէօքճեան: Ան սեղմ գիծերով տուաւ կեանքը Լեւոն Շանթի` ծանրանալով մասնաւորաբար անոր բերած նպաստին` մեր գրականութեան եւ թատրերգութեան:

Օրուան բանախօս Բեգլար Նաւասարդեան շատ գեղեցիկ կերպով տուաւ ուրուագիծը գրագէտ, դաստիարակ եւ թատերագիր Մեծ Հայուն:

Հանդէսը ունէր նաեւ գեղարուեստական բաժին: Լ. Դաւիթեան իր երգերով եւ Է. Քէօքճեան ուղերձով հանդէսի յաջողութեան մեծապէս նպաստեցին:

* * *

Տեղւոյս Հայ երիտասարդաց միութիւնը եւ Համազգայինի մշակութային ընկերութիւնը բացումը կատարեցին նոր շրջանի մշակութային գործունէութեան, դասախօսութեամբ մը, որ տեղի ունեցաւ երկուշաբթի, դեկտեմբեր 3-ին:

Օրուան բանախօսն էր Բեգլար Նաւասարդեան, որ իբրեւ նիւթ ընտրած էր «Հայ դատը»: Ան իւրայատուկ պերճախօսութեամբ անդրադարձաւ մեր Դատի զանազան փուլերուն` 1890-ական թուականներէն մինչեւ մեր օրերը:

Կ՛իմանանք, թէ ամէն երկուշաբթի կանոնաւորաբար դասախօսութիւններ պիտի կազմակերպուին շահեկան եւ դաստիարակիչ նիւթերու շուրջ:

Այս առթիւ հրաւիրուած են խօսելու` Սարգիս Աւետիսեան, Անանիա Մահտեսեան, Վարդգէս Սինանեան, Հայկ Բարոյեան եւ Հայրապետ Կէօքճեան:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus ( )