50 Տարի Առաջ (20 Դեկտեմբեր 1962)

Ըսողը Մենք Չենք

 «Գետնախնձորը
Թափեցին
Աղբանոց»

«Փրաւտա»-ի նոյեմբեր 26-ի թիւին մէջ թերթին Հայաստանի թղթակիցը Գ. Առաքելեան կը գրէ. «Ատեն մը Հայաստանի առեւտուրի նախարարութիւնը եւ Երեւանի «պտղաբանջար»-ը գետնախնձոր բերել տուած էին Մոլտաւիայէն, Պաշկիրէն, Տամպովէն, Լիպեցկէն: Այս գետնախնձորները այնքան ալ հաճելի տեսք չունէին: Բնականաբար քաղաքին բնակիչները չգնեցին բերուած գետնախնձորը: Իսկ գետնախնձորով լեցուն բեռնատար շոգեկառքերը կը շարունակէին գալ, հակառակ անոր որ պահելու համար պահեստներ չկային: Վերջ ի վերջոյ, անփոյթ տնտեսավարները փտեցուցին արժէքաւոր մթերքը, իսկ ետքը տարին ու թափեցին աղբանոց:

Ուրիշ անգամ մը «Պտուղբանջարառ»-ին հասցէով  ստացուեցաւ 120 վակոն գետնախնձոր: Ճամբան երկար ժամանակ մնալուն պատճառով անոր մէկ մասը փտած էր: Եւ ահա որոշեցին ամբողջ 120 վակոն գետնախնձորը թափել Աւանի ձորը: Չտեսնուած, չլսուած դէպք: Այդ գործով զբաղեցաւ Հայաստանի Համայնավար կուսակցութեան Կեդրոնական կոմիտէն: Մեղաւորները պատժուեցան: «Պտուղբանջարառ»-ի ղեկավարութիւնը փոխուեցաւ: «Պտուղբանջարառ»-ի նոր տնօրէնը` Գ. Աղէկեան նորէն կնքեց ուրիշ շրջաններէ ութ հազար թոն գետնախնձոր գնելու պայմանագիր մը: Բարեբախտաբար մատակարարները ղրկած էին միայն 5500 թոն: Ասոր աւելի քան երկու հազար թոնը կարճ ատենէն փճացաւ եւ ան ալ տարին ու թափեցին Աւանի ձորը:

Չորս տարուան ընթացքին ընդամէնը փճացած եւ թափուած է մօտաւորապէս 11,000 թոն գետնախնձոր:

Այս տարի «Պտուղբանջարառ»-ին մէջ աղբանոց թափուած ոչ մէկ կրամ գետնախնձոր չկայ: Արդարեւ, «Պտուղբանջարառ»-ին տնօրէնն է Գ. Վարդանեան, որ ամբողջ խնդիրը լուծած է մէկ հարուածով: Բայց ի՞նչպէս:

Քանի մը խանութներ այցելեցինք, խօսեցանք գնորդներուն հետ: Բոլորն ալ դժգոհ են, բանջարեղէն, պտուղ քիչ կը ծախուի:

Պարզուեցաւ, որ «Պտուղբանջարառ»-ի ղեկավարները խանութներուն կը ստիպեն առնել բանջարեղէն եւ պտուղ` առանց հաշուի առնելու անոնց որակը, իսկ փճացածը, առաջուան պէս կը թափուի, բայց վնասները որոշած են գանձել… ծախողներէն:

Իսկ ծախողները ուրկէ՞ կ՛առնեն դրամը:

– Կշիռքին վրայ կը գողնան, դրամին մանրուքը ետ չեն տար,- կը գանգատին գնորդները:

Այդ այլանդակութիւններու մասին «Պտուղբանջարառ»-ի ղեկավարները եւ հանրապետութեան առեւտուրի նախարար Գ. Վարդանեան չեն կրնար անգիտանալ»:

 

«Կոմիտաս» Երգչախումբը
Թրիփոլիի
Մէջ

Քաղաքիս Օգնութեան խաչի մասնաճիւղի նախաձեռնութեամբ, կիրակի 9 դեկտեմբեր 1962, երեկոյեան ժամը 8:30-ին, Ազգային վարժարանի սրահին մէջ տեղի ունեցաւ քառաձայն համերգ` կատարմամբ «Կոմիտաս» երգչախումբին, հովանաւորութեամբ շրջանի յարգուած բժշկապետ Ուահիպ Նինիին:

Հակառակ սաստիկ ցուրտին եւ տեղատարափ անձրեւին` ժողովուրդը խուռներամ փութացած էր հաղորդակից դառնալու հայ երգին գեղեցկութեան:

Ատենապետ Ալիս Նալպանտեան իր հակիրճ եւ կոկիկ բացման խօսքերով անդրադարձաւ Օգնութեան խաչի կոչումին եւ հայ իրականութեան մէջ անոր ունեցած դերին. ներկայացուց յարգելի բժշկապետը, ապա` «Կոմիտաս» երգչախումբն ու խմբավարը, կարեւորութեամբ շեշտելով անոնց բերած նպաստը, հայ երգի ճամբով, ազգապահպանման գործին:

Գրեթէ նոյնիմաստ բառերով, արաբերէնով արտայայտուեցաւ Նորայր Մելքիսեթեան:

Երգչախումբը, զոր ունկնդրեցինք երկու ժամ շարունակ, ղեկավարութեամբ փորձառու խմբավար Գէորգ Գանտահարեանի, կազմուած` հայ երգը սիրող երիտասարդ-երիտասարդուհիներէ, ի յիշատակ եւ ի մեծարումն անմահ Կոմիտասին, եզակի վայելք մը բերաւ մեզի: Հայ երգին ձայնական նրբերանգները արտայայտուեցան հարազատօրէն եւ ապրումով, ահա թէ ինչո՛ւ շատ մը երգեր կրկնութեան արժանացան:

Բոլորս ալ զգացինք, թէ որքա՛ն ճիգ, որքա՛ն հետեւողական աշխատանք պէտք է տարուած ըլլար նման յաջողութիւն մը կարենալ ապահովելու համար:

Այդ ցուրտ օդին, ժամադրուած հայ երգին հետ, առօրեայ հաշիւներով կլանուած մեր հոգիները ջերմացան:

Համերգի վերջաւորութեան գեղեցիկ ծաղկեփունջ մը նուիրուեցաւ Գ. Գանտահարեանին, իսկ ատենապետ Ալիս Նալպանտեան վարչութեան անունով խորին շնորհակալութիւն յայտնեց խումբին եւ անոր ղեկավարին` իրենց կատարած մեծ զոհողութեան համար, բժշկապետ Ուահիպ Նինիին, որ իր հովանաւորութեամբ ձեռնարկին փայլը աւելցուց, նաեւ` բոլոր անոնց, որոնք օգնեցին բեմի գեղեցկօրէն զարդարման եւ, վերջապէս, ներկաներուն, որոնք քաջալերելով Օգնութեան խաչը` պատուած եղան հայ երգը:

ԹՂԹԱԿԻՑ

 

Share this Article
CATEGORIES

COMMENTS

Wordpress (0)
Disqus (0 )