«Պատկեր» Մշակութային Ժառանգութեան Պահպանման Կեդրոն. Նորութեան Ստեղծում` Իւրայատուկ Ցուցահանդէսի Միջոցով Աւանդական Մշակութային Արժէքներու Պահպանման Ընդմէջէն
Կազմակերպութեամբ «Պատկեր» մշակութային ժառանգութեան պահպանման կեդրոնին, երէկ` չորեքշաբթի, 19 դեկտեմբերի յետմիջօրէի ժամը 4:30-ին, «Պատկեր» կեդրոնին մէջ տեղի ունեցաւ ցուցահանդէսի բացում:
Ցուցահանդէսին ընթացքին ուշադրութեան հիմնական առանցք հանդիսացած էր հայկական ձեռարուեստը` ըլլալով հայ ժողովուրդի մշակոյթի պահպանման գլխաւոր միջոցներէն մէկը, ներկայացուած էին ասեղնագործութիւններ, Մարաշի, Սուազի եւ հայկական պատմական այլ գաւառներու ձեռագործներ, գորգեր, կարպետներ եւ այլն:
Արուեստը ձեռարուեստի ձեւով ներկայացուած էր բոլոր հատուածներուն մէջ: Օգտագործուած էին դերձանը, բուրդը, կտաւը:
Բաժին մը տրամադրուած էր գորգագործութեան, ներկայացուած էին անոր տեսակները, պատմականը, թէ ինչպէս ժամանակին Դուինի, Էրզրումի կամ Արցախի մէջ մարդիկ զբաղած են գորգագործութեամբ եւ այդ շրջանները եղած են կեդրոններ, ապա այդ գորգերը վաճառուած են օտար երկիրներու, ինչպէս` Չինաստան եւ այլն: Գորգերու տեսակներէն են վիշապագորգը եւ օձագորգը: Այդ գորգերուն վրայ գրութիւններ արձանագրուած են, հայերը իրենց մշակոյթի պատկերը ներկայացուցած են գորգերու միջոցով:
Պէտք է նշել նաեւ, որ ցուցահանդէսին ընթացքին ներկայացուեցաւ նաեւ կենդանի պատկեր մը` գորգի նորոգութեան վերաբերեալ: Ներկաները ականատես եղան, թէ ինչպէ՛ս կը նորոգուի գորգ մը:
Ցուցահանդէսի կողքին «Պատկեր» կեդրոնի հայ ճաշարանին մէջ հրամցուեցան հայ տիկիններու ձեռքով պատրաստուած հայկական աւանդական ճաշեր:
Այս ցուցահանդէսին նպատակն էր աւանդականէն մեկնելով նորութիւն ստեղծել, իրարու հետ գործակցիլ, արուեստները համախմբել, մէկզմէկու գիտելիքները օգտագործել, օգտուիլ իրարմէ, նորութիւն ստեղծել` միեւնոյն ժամանակ պահպանելով աւանդականը:
Յայտնենք, որ ցուցահանդէսը պիտի տեւէ մինչեւ շաբաթ, 22 դեկտեմբեր 2012:

