Լիբանանահայ Օգնութեան Խաչ. «Անքնութեան Հետեւանքները Եւ Կանխարգիլման Միջոցները» Նիւթով Դասախօսութիւն

Կազմակերպութեամբ Լիբանանահայ օգնութեան խաչի Շրջանային վարչութեան առողջապահական յանձնախումբին եւ «Արաքսի Պուլղուրճեան» ընկերաբժշկական կեդրոնի նախազգուշական բաժանմունքին, երէկ` չորեքշաբթի, 19 դեկտեմբեր 2012-ին, կեդրոնի «Թնճուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ «Անքնութեան հետեւանքները եւ կանխարգիլման միջոցները» նիւթով դասախօսութիւնը, զոր ներկայացուց ընդհանուր մարմնի բժիշկ տոքթ. Էլի Թաշճեան:

Առողջապահական յանձնախումբին անունով բացման խօսքը արտասանեց Յասմիկ Մկրեան: Ան ծանօթացնելէ ետք դասախօսը նշեց, որ գիշերային բաւարար քունը անձին Ֆիզիքական եւ մտային յոգնութիւնը կը փարատէ, կը կազդուրէ, յիշողութիւնը կը թարմացնէ, ընկճուածութիւնը կը չէզոքացնէ: Անհրաժեշտ է անքնութիւն պատճառող բոլոր ազդակներէն ու դեղորայքէն հեռու մնալ, իսկ անհրաժեշտութեան պարագային այդ պէտք է ըլլայ բժիշկի հսկողութեամբ:

Տոքթ. Էլի Թաշճեան դասախօսութեան սկսաւ բացատրելով, թէ ին՞չ է անքնութիւնը: Անիկա քունի խանգարումն է, այդ կարելի է ըլլայ քնանալէ առաջ կամ քնանալու ընթացքին, երբ քունը լիարժէք չ՛ըլլար: Անքնութիւնը որեւէ տարիքի կրնայ պատահիլ, սակայն այդ աւելի ընդհանրացած է տարեցներու մօտ: Անքնութիւնը կրնայ կարճ տեւողութեամբ չըլլալ, այլ` մինչեւ երեք շաբաթ կամ երկարատեւ:

Եթէ ուզենք անքնութիւնը դասակարգել, այդ կ՛ըլլայ հետեւեալ ձեւով.

1.- Անցողակի անքնութիւն` տեւողութիւնը մօտաւորապէս մէկ շաբաթ:
2.- Կարճատեւ անքնութիւնը` տեւողութիւնը 3-4 շաբաթ:
3.- Մնայուն (քրոնիկ) անքնութիւնը` տեւողութիւնը 4 շաբաթէն աւելի:

Տոքթ. Էլի Թաշճեան թուեց անքնութեան պատճառները` ըստ անքնութեան տեսակի:

Կարճատեւ կամ անցողակի անքնութեան պարագային`

ա.- Ճամբորդութիւնը, յատկապէս տարբեր ցամաքամասերու միջեւ ճամբորդութեան պարագային:
բ.- Աշխատանքային ժամերու փոփոխութիւնը:
գ.- Տհաճ աղմուկը:
դ.- Ննջասենեակի անյարմար պայմանները:
ե.- Ժամանակաւոր ընկճուածութիւնը:
զ.- Սուր հիւանդութեան ընկերակցող ժամանակաւոր անքնութիւնը:
է.- Ծովու մակերեսէն բարձր շրջանները յաճախ կը պատճառեն անքնութիւն:
ը.- Ալքոլի կամ աշխուժացնող տարբեր միջոցներու օգտագործումը կրնան պատճառել անքնութիւն:

Երկարատեւ անքնութեան պատճառները կրնան ըլլալ`

1.- Հոգեկան – անձկութիւնը, ընկճուածութիւնը, հոգեկան լուրջ հիւանդութիւնները:
2.- Ֆիզիքական- Քրոնիկ հիւանդութիւններու իբրեւ արդիւնք, սրտանօթային, ստամոքսի, պրոնշիթի, ազմայի, ինչպէս նաեւ փարքինսոնի պարագային երկարատեւ անքնութիւնը ակներեւ կ՛ըլլայ:

Յաջորդ բաժինով դասախօսը ներկայացուց այն անձերը կամ պարագաները, որոնք կը տառապին անքնութենէ.

1.- Յաճախակի ճամբորդողները
2.- Տարբեր ժամերու աշխատողները
3.- Տարեցները
4.- Պատանիները եւ նորահաս երիտասարդները
5.- Յղի կիները
6.- Դաշտանադադարի մէջ գտնուող կիները
7.- Թմրամոլները

Այլ պատճառներ- քաՖէինի եւ նիքոթինի բարձր քանակութեամբ գործածութիւնը կրնայ պատճառել անքնութիւն, ինչպէս նաեւ կարգ մը դեղեր` կրիփի, հարբուխի կամ գերճնշումի յատուկ:

Անքնութեան նշանները.

1.- Կեդրոնացումի դժուարութիւն
2.- Յիշողութեան աղաւաղում, խաթարում
3.- Շարժումներու անհաւասարակշռութիւն
4.- Անձը կը դառնայ դիւրագրգիռ, ջղային

Տոքթ. Էլի Թաշճեան յիշեցուց, թէ վերեւ նշուած անքնութեան պատճառները եւ նշանները երկրորդական են, իսկ առաջնակարգ պատճառները կրնան ըլլալ:

1.- Գիշերային շնչահեղձութիւնը
2.- Գիշերային յաճախակի շարժումները
3.- Կենսաբանական ժամացոյցի խանգարումը
4.- Կարծեցեալ անքնութիւնը

Ինչպէ՞ս բուժել անքնութիւնը- Անպայման պէտք է գտնել եւ երեւան հանել յաճախ թաքնուած պատճառը կամ պատճառները եւ փորձել լուծել այդ պարագաները:

Այլ միջոցներ` բուժելու անքնութիւնը.

ա.- Անհատը պէտք է իր կեանքին մէջ փոփոխութիւն մտցնէ:
բ.- Քնանալ այնքան ժամանակ, որ անքուն կը զգայ:
գ.- Օրական մարզանք:
դ.- Խուսափիլ ստիպողաբար քնանալէ:
ե.- Յարգել քնանալու եւ զարթնելու ժամերը:
զ.- Քնանալէ առաջ քաՖէին պարունակող նիւթեր չօգտագործել:
է.- Խուսափիլ ծխելէ:
ը.- Անօթի փորով անկողին չմտնել:
թ.-Ննջասենեակը խանգարող պայմանները փոխել:
ժ.- Առօրեայ մտահոգութիւնները անկողին չտանիլ:
ժԱ.- Փորձել չքնանալ ցերեկային ժամերուն:

Աւարտին տոքթ. Էլի Թաշճեան բացատրութիւններով եւ օրինակներով պատասխանեց ներկաներուն հարցումներուն` տալով բաւարար լուսաբանութիւններ:

 

Share this Article
CATEGORIES