Լիբանանեան Պասքեթպոլ. Վաղը` ՀՄԸՄ Պէյրութ – Այնթուրա
Լիբանանի պասքեթպոլի Գ. դասակարգի ախոյեանութեան 3-րդ հանգրուանի մրցումներուն ծիրին մէջ, վաղը` ուրբաթ, ՀՄԸՄ Պէյրութի տղոց խումբը «Աղբալեան-ՀՄԸՄ» մարզամշակութային համալիրի «Ատոմ եւ Սելլա Թնճուկեան» մարզադաշտին վրայ կը հիւրընկալէ Այնթուրան: Մրցումը պիտի սկսի ժամը 18:30-ին:
Նշենք, որ ցարդ իր կատարած երկու մրցումներուն ՀՄԸՄ արձանագրած է երկու յաղթանակ. առաջինը` նոյն այս դաշտին վրայ, իսկ երկրորդը` Էմիլ Լահուտի անուան մարզահամալիրին մէջ:
Ամուր կառչած մնալու համար պարագլուխի դիրքին` յաղթանակներու շարքը պէտք չէ կասեցնել:
CATEGORIES Մարզական

