Թուրքիա, Վրաստան, Ազրպէյճան Եւ Ղազախստան Եւրոպա-Կովկաս-Ասիա Փոխադրամիջոցներու Միջանցք Պիտի Ստեղծեն
«Կրուզիա օնլայն» կայքէջը կը հաղորդէ, որ մինչեւ այս շաբաթավերջ Թուրքիոյ, Վրաստանի, Ազրպէյճանի եւ Ղազախստանի մէջ ուժի մէջ պիտի մտնէ Եւրոպա-Կովկաս-Ասիա փոխադրամիջոցներու միջանցքի մասին յուշագիրը: Փաստաթուղթը կը նախատեսէ համաձայնեցնել այս երթուղիի տարանցիկային գիները, որոնք, ըստ նախատեսութեան, 10-13 առ հարիւրով աւելի աժան պիտի ըլլան, քան Ռուսիոյ մէջ:
«Քաւքազ օնլայն» կայքէջը կը հաղորդէ, որ խօսքը կը վերաբերի Ղազախստանի, Կասպից ծովու, Ազրպէյճանի, Վրաստանի եւ Թուրքիոյ (ներառեալ` Սեւ ծովուն վրայ անոնց ծովային տարածքները) միջեւ Ռուսիան շրջանցող փոխադրամիջոցներու միջանցքին: Նոյն երթուղիով նախատեսուած է կառուցել կազատար խողովակներ` Ազրպէյճանէն եւ Կեդրոնական Ասիայէն դէպի Եւրոպա:
Ղազախստան 2012-էն ի վեր իր հացահատիկի արտածումը կը կատարէ այս ուղիով: Այս փոխադրումներուն եւ ամբողջ միջանցքին համար առանցքային հատուած կը նկատուի Ղազախստանի Աքթաուի նաւահանգիստը եւ Պաքուի նաւահանգիստը իրար միացնող ծովային ճամբան:

