Սահակաշվիլի «Վրացական Երազանք»-ը «Կործանողներու Ջոկատ» Կոչած Է Եւ Թալեպաններու Հետ Համեմատած
«Ինթըրփրես Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Վրաստանի նախագահ Միխայիլ Սահակաշվիլի խորհրդարանական ընտրութիւններէն յաղթական դուրս եկած Պիծինա Իվանիշվիլիի «Վրացական երազանք» համաձայնական պլոքը «կործանողներու ջոկատ» կոչած է:
«Ընտրութիւններէն առաջ ես յայտարարեցի, որ դժբախտաբար, կործանողներու ջոկատ մը գալու վտանգը գոյութիւն ունի», ըսած է ան լրագրողներուն` մեկնաբանելով երկրի վարչապետ Պիծինա Իվանիշվիլիի վերջին յայտարարութիւնը, թէ չարդարացուած շինութիւններու շինարարութիւնը պիտի դադրեցուի:
«Երէկ Վրաստանի կառավարութիւնը, դժբախտաբար, անգամ մը եւս յայտարարած է կործանման շատ մեծ ծրագիրի մասին: Ժամանակակից դարաշրջանին մէջ քաղաքական դրդապատճառներով կործանումներու միակ օրինակ կրնան ծառայել Աֆղանիստանի մէջ թալեպաններուն կողմէ կատարուած աւերումները: Ես չեմ կարծեր, որ 21-րդ դարուն Վրաստանը պէտք է ամբողջ աշխարհի մէջ յայտնի դառնայ թալեպանացումով եւ ժամանակակից շինութիւններու աւերումով», յայտարարած է Սահակաշվիլին:
Վարչապետ Իվանիշվիլի իր կարգին նախագահի այդ յայտարարութիւնները «անամօթ» որակած է: «Նախագահի այդ խօսքերը ոչինչ կը փոխեն, Վրաստանի ժողովուրդը հրաշալի կերպով կը տարբերակէ սեւն ու սպիտակը: Ոչ մէկ երկրի մէջ այդքան միջոցներ ծախսուած են նախագահի համար նստավայրեր ու ամարանոցներ կառուցելու վրայ, որքան ատիկա տեղի ունեցած է Վրաստանի մէջ` Սահակաշվիլիի ժամանակ», ըսած է երկրին վարչապետը:
«Նովոսթի Կրուզիա» կը հաղորդէ, որ Իվանիշվիլի մէկ օր առաջ «ահաւոր» որակած էր Թիֆլիսի Ռիքէի այգիի տարածքին մէջ կատարուած շինարարութիւնը եւ խորհուրդ տուած էր դադրեցնել աշխատանքներն ու վերատեսութեան ենթարկել այդ նախագիծը: Իվանիշվիլի յայտարարած էր, որ Թիֆլիսի քաղաքապետարանը իրաւունք չունի գումարներ ծախսելու նմանատիպ նախագիծերու վրայ, երբ քաղաքին մէջ բազմաթիւ կիսաւեր շէնքեր կան:


